ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգաեանի վրայ յարձակման գործով նիւթեր կը նախապատրաստուին. ոստիկանութիւն
8199
0
Ազատութեան հրապարակին վրայ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին կալանքէ ազատելու դատարանի որոշման դէմ բողոքող ցուցարարներու և ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի միջև տեղի ունեցած միջադէպի առնչութեամբ ոստիկանութեան մօտ նիւթեր ՚կը նախապատրաստուին: Այս մասին «Երկիր»ին տեղեկացուցին ՀՀ ոստիկանութեան հանրային կապի և լրատուութեան վարչութենէն:
Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ գործիչ Հրանդ Մարգարեանը թոռներուն հետ զբօսնելու ժամանակ յարձակման ենթարկուած էր ցուցարարներու կողմէ։
Յիշեցնենք նաև, որ «Երկիր Մեդիա» հեռուստաընկերութեան հասարակական-քաղաքական հաղորդումներու պատասխանատու, ՀՅԴ անդամ Գեղամ Մանուկեանը ոստիկանութեան ներկայացուցած է Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած յարձակման բազմաթիւ տեսագրութիւններ, որոնք պիտի կցուին քննուող գործին: