ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան Պատանեկան Բանակում Հրազդանի Մէջ

Հրազդանի մէջ տեղի ունեցաւ  ՀՅԴ Հայաստանի պատանեկան եւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ երիտասարդական միութիւններու կազմակերպած բակային բանակումը: Տարեկան դրութեամբ կայացող այս նախաձեռնութեան այս տարի մասնակցեցան շուրջ 100 պատանիներ:

Սփիւռքէն եկած երիտասարդները պատանիներուն ազգային երգեր, պարեր սորվեցուցին, զուարճալի ու ուսուցողական խաղեր կազմակերպեցին եւ տարբեր հմտութիւններ փոխանցեցին: Բանակումին իրականացուեցան նաեւ շարք մը բանախօսութիւններ տարբեր նիւթերու շուրջ` Արցախէն սկսեալ մինչեւ առողջ ապրելակերպ:

Չորեքշաբթի, 10 յուլիսին բանակավայր այցելեցին Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Գառնիկ Դանիէլեանը եւ Քրիստինէ Վարդանեանը:

Comments are closed.