ՀՄԸՄ-Ի Վիեննայի մասնաճիւղի սրահը նահատակ «Մոսիկ Սեքլէմեան»ի անունով կը կոչուի
1731
0
Կիրակի, 20 Նոյեմբեր 2020-ի առաւօտեան Վիեննայի Ս. Հռիփսիմէ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին տեղի ունեցաւ Արցախեան վերջին պատերազմին նահատակուած բոլոր հերոսներուն եւ ի մասնաւորի Հալէպահայ երեք կամաւոր հերոսներու՝ Յարութ Բանոյեանի, Մովսէս (Մոսիկ) Սեքլէմեանի եւ Յակոբ Ասթարճեանի Շուշիի մէջ նահատակութեան քառասունքի հոգեհանգստեան արարողութիւնը:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, Նահատակ Մոսիկ Սեքլէմեանի ծնողքն ու հարազատները ցաւակցութիւններ ընդունեցին, ապա որպէս յարգանքի եւ մեծարանքի խորհրդանշական արտայայտութիւն տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Վիեննայի Մեկուսի Շրջանի ակումբի սրահին պաշտօնական անուանակոչման արարողութիւնը: Սրահը կոչուեցաւ՝ «Մոսիկ Սեքլէմեան»:
Նահատակին ծնողքին՝ տիկին Լուսին Տէր Արթինեան-Սեքլէմեանի, նահատակին քրոջ՝ Արմիկ Սեքլէմեան-Մելքոնեանի կողքին, սրահի անուանակոչութեան արարողութեան ներկայ էին Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի Հայրապետական պատուիրակ Գերշ. Տ. Տիրան Եպս. Պետրոսեան, Աւստրիոյ մէջ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Տիար Արման Պապիկեան, Վիեննայի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տէր Անտէրիաս Քհնյ. Իսախանեան, Դեսպանատան Խորհրդական Տիար Ստեփան Պաղտասարեան, ՀՅԴ Կեդրոնական Եւրոպայի Կոմիտէի ներկայացուցիչը, ՀՄԸՄ-ի Վիեննայի Մասնաճիւղի Վարչութիւնն ու Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչը եւ շարք մը սկաուտներ:
Բացման արարողութեան յաջորդեց մէկ վայրկեան յոտընկայս լռութիւն՝ յարգելու յիշատակը Արցախեան պատերազմի բոլոր նահատակներուն: Ապա արարողավար եղբ. Յակոբ Սահակեան յաջորդաբար հրաւիրեց եղբ. Ճորճ Իսկէնտէրեանը Համօ Սահեանի «Ինձ Բացակայ Չդնէք» բանաստեղծութիւնը ասմունքելու եւ Ատրիանա Թաշճեանը ջութակով «Ատանայի Ողբ»ն ու «Կռունկ»ը նուագելու: Ապա եղբ. Սահակեան ընթերցեց ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան յղած ցաւակցագիրը եւ բեմ հրաւիրեց Հ3Դ Կեդրոնական Եւրոպայի Ներկայացուցիչ Ընկ. Գէորգ Յակոբճեանը՝ արտասանելու օրուան դամբանականն ու ուղերձը: Ընկ. Յակոբճեան իր խօսքին սկիզբը ներկայացուց նահատակ Մոսիկ Սեքլէմեանի կենսագրական գիծերը, մանկութիւնը, պատանեկութիւնը, մասնագիտութիւնը, նկարագրային գիծերը, ինչպէս նաեւ Սուրիական պատերազմի օրերուն անոր տարած աշխատանքները եւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ իր ընկերներուն հետ ստանձնած պատասխանատու պարտականութիւններն ու նահատակութիւնը: Ան իր խօսքին մէջ երեք կէտերու անդրադարձաւ՝ ա. Սուգին, որ կը վերաբերէր հազարաւոր նահատակներուն, վիրաւորներուն, հայրենազրկումին ու կորուստներուն պատճառած ցաւին, վիշտին ու ողբերգութեան. Բ. Հպարտութեան զգացումին՝ ի դիմաց Մոսիկի, իր ընկերներուն եւ հազարաոր հերոսներու գիտակցուած զոհողութեան եւ սխրագործութիւններուն ու անոնց հերոսածին մայրերու իւրայատկութեան. Գ. Պարտաւորութիւններու, որոնք կը կեդրոնանային դասեր քաղելու Մոսիկին ու բոլո՛ր նահատակներուն սխրագործութիւններէն, յարգելու անոնց յիշատակը, չքաղաքականացնելու ու չչարաշահելու անոնց նահատակութիւնը, ինչպէս նաեւ վճռականօրէն շարունակելու իրենց կէս ձգած ճամբան՝ առանց յուսահատելու եւ ընկճուելու: Ան խօսքը սրահին մէջ գտնուող սկաուտներուն ուղղելով յորդորեց «Եւրոպայի հանգստաւէտ ու համեմատաբար խաղաղ պայմաններուն մէջ ապրելով չհեռանաք ազգային կեանքէ, չհեռանաք հայութենէ, չհեռանաք այս ակումբէն, այս շէնքէն ու այս եկեղեցիէն, տէր ու պաշտպան կանգնեցէք մեր ազգային արժէքներուն, հայ եկեղեցւոյ, մեր ազգային մշակութային ու հոգեմտաւոր ժառանգութեան եւ ամէնէն կարեւորը անշահախնդրօրէն ծառայեցէք մեր ժողովուրդին ու պետականութեան ու երբ ահազանգը անգամ մը եւս հնչէ Մոսիկին նման պատրա՛ստ եղէք ձեր գերագոյնը զոհաբերելու: Մեր պետականութեան համար տագնապալի ու ծանր այս օրերուն, իւրաքանչիւրս անխտիր գործ ունի կատարելիք՝ քաղաքական, քարոզչական, մարդասիրական ու ընկերային մակարդակներու վրայ: Ամէն անգամ որ Մոսիկին հայկական ու խրոխտ աչքերուն կը նայիք, իրմէ ստացէք քաջութիւն, անկոտրում կամք, զոհողութեան եւ ծառայասիրութեան ոգի: Ամէն անգամ որ իր աչքերուն կը նայիք, քիչ մը աւելի մարդասէր, ազգասէր ու հայրենասէր դարձէք»: Ընկ. Յակոբճեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով․ «Մոսիկն ու իր նման հարազատները մեր կողքին չեն այսօր, անոնք միացան պատմութեան ընթացքին հայութեան համար նահատակուած բոլոր հերոսներու աստղաբոյլին ու իւրաքաչիւրը այսօր որպէս մէկական փայլուն աստղ, խաւարին մէջ կը լուսաւորէ մեր հոգիներն ու մեր ճանապարհը: Իրենք վերէն, երկնային բարձրունքներէն կը գծեն ու կը լուսաւորեն արդարութեան ճիշդ ուղին, որ Շուշիի արահետներէն կ՛անցնի: Իրենց գծած ճամբայէն պիտի տողանցենք ու իրենց լոյսով ու փայլքով պիտի առաջնորդուինք խաւարէն դէպի լոյս, պարտութենէն դէպի յաղթանակ ու կայուն խաղաղութիւն»։
Խօսք առաւ նաեւ Աւստրիոյ Մէջ ՀՀ Դեսպան Արմէն Պապիկեանը, որ իր խորազգաց ցաւակցութիւնները յայտնելէ ետք, վեր առաւ նահատակի զոհողութեան ոգին, դրուատեց նահատակներու մայրերուն ունեցած դերակատարութիւնը: Ան ըսաւ որ օրուան խորհուրդը կը թելադրէ յիշել, հպարտանալ ու պատրաստուիլ, որովհետեւ պայքարը դեռ չէ աւարտած ու պէտք է բոլորս պատրաստուինք: Ան հաստատեց որ Մոսիկին ու մնացեալ հերոսներուն նահատակութիւնը ի զուր չէր, այլ կը նպատակադրէր հայ ժողովուրդի ու պետականութեան գոյերթին ու յաւերժութեան ամրագրումը: Ան շեշտեց, որ պայքարը կը շարունակուի եւ իւրաքանչիւրս գործ ունի կատարելիք յանուն հայրենիքին ու մեր ժողովուրդին:
Բացման արարողութեան աւարտին նահատակին նկարը զետեղուեցաւ սրահին ճակատը՝ ստեղծելով յուզումնախառն մթնոլորտ մը: Գերշ. Տ. Տիրան Պետրոսեան եւս ցաւակցեցաւ նահատակին մօր ու հաստատեց, որ Եռաբլուրը Հայութեան համար սրբութիւն սրբոց է եւ հպարտութիւն է, որ այսօր Եռաբլուրի մէջ կը հանգչին Մոսիկն ու իր ընկերները: Ան ըսաւ, որ Մոսիկին ու իր նմաններուն նահատակութեան սիրոյն այսօր Հայ Ժողովուրդը նոր Հերոսներ ունի:
Սրբազան հօր օրհնութեան աղօթքէն ետք, ներկաները ՀՀ Հանրապետութեան օրհներգին՝ «Մեր Հայրենիքի»ին երգեցողութեամբ փակեցին արարողութիւնը: