ՀՄԸՄ-ի Եւրոպայի Միջ-ցամաքամասային Առաջին բանակումը ընթացք առաւ

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, Շաբաթ, 13 Յուլիս 2024-ին, Շուէտի «Վեսար-Օ» կղզիին մէջ ընթացք առաւ ՀՄԸՄ-ի Եւրոպայի Միջ-Ցամաքամասային առաջին բանակումը, մասնակցութեամբ 182 տարազաւորներու՝ Արցախէն, Հայաստանէն, Շուէտի Սոտերթելիա, Օրէպրու, Սթոքհոլմ եւ Վեսթերոս շրջաններէն, Երուսաղէմէն, Լոնտոնէն, Վիեննայէն, Առնհեմէն, Թիֆլիսէն, Վալանսէն, Մարսէյէն եւ Յունաստանէն։
Բանակումին բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 14 Յուլիս 2024-ին։
Բանակումի ընդհանուր խմբապետուհին է Սոտերթելիայէն քոյր Նենսի Խաչատուրեան։ Գործադիր խմբապետական կազմի անդամներն են․- եղբ․ Յակոբ Սահակեան (Վիեննա), քոյր Ալիս Սարգիսեան (Սոտերթելիա) եւ եղբ․ Յարութ Արծիւ Երէցեան (Սոտերթելիա)։
Բանակումը կ’երկարի մինչեւ Շաբաթ, 20 Յուլիս 2024։

Comments are closed.