ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան համակարգչային գիտական խումբը համալրած է 9 նորակոչիկ զինուոր

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան համակարգչային գիտարուեստի խումբին մէջ ծառայելու համար մրցոյթի անցման շէմը աւելի քան 200 հոգիէն յաղթահարած են 9 նորակոչիկներ։ Այս մասին յայտնած է Ինքնազօր Կառավարման Համակարգերու բաժնի պետ, գնդապետ Արամ Գէորգեանը՝ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար «Հայ զինուոր» պաշտօնաթերթին։

Նշենք, որ մրցոյթը տեղի ունեցեր է Յունիս 26-ին, 27-ին։ Արդէն 4-րդ տարին է, որ տեղի կ՚ունենայ սոյն մրցոյթը, որուն այս զօրակոչին առաջին անգամ դիմեր էին 200-էն աւելի նորակոչիկ։

Զրոյցին ընթացքին յանձնաժողովի անդամ, ITSecurity LLC ընկերութեան տնօրէն Արմէն Գնունին յայտներ էր, որ իրականութեան մէջ ստորաբաժանումը համալրող զօրակոչիկներու ճշգրիտ թիւի սահմանափակում չկայ: Սակայն առհասարակ թիւը կը մօտենայ 10-15-ի՝ բոլոր մասնագիտացումները միասին:

Յանձնաժողովի անդամները նաեւ վստահեցուցած էին, որ այս տարի դիմորդներու ոչ միայն թիւն է կրկնապատկուած, այլեւ՝ որակը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.