ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը այցելած է 1-ի զօրամիաւորման զօրամասերը

Սեպտեմբեր 29-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեան շրջայց կատարած է 1-ի զօրամիաւորման զօրամասերուն մէջ։

Պաշտպանութեան նախարարը այցելած է զօրավարժարաններէն մէկը, շրջած է ռազմավարական զօրավարժութիւններ կատարող զինուած ուժերու շարքերը համալրած պահեստազօրայիններու վրանային աւանը, ուսումնական կեդրոնները եւ հետեւած է կրակային պատրաստութեան աշխատանքներուն։

Զօրամիաւորման հրամանատար, գնդապետ Ժիրայր Պօղոսեանը պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարին ներկայացուցած է պահեստազօրայիններուն հետ կատարուող աշխատանքներուն ընթացքը եւ ընդգծած է համալրուած ստորաբաժանումներուն գործողութիւններուն ներդաշնակութիւնը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.