ՀՀ Բանակի Մարտական Դիրքերու Մէջ Տեղադրուած Տեսադիտարկման Համակարգերու Թիւը Աճած է 59%

Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու մարտական դիրքերու մէջ տեղադրուած տեսադիտարկման համակարգերու թիւը 2018-ի Մայիս 8-էն ետք աճած է 59 տոկոսով: Այս մասին «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին մէջ գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Արդիւնաբերական ելեկտրական հոսանք ունեցող մարտական դիրքերու թիւը` 70 տոկոսով:

Արեւային ելեկտրականութիւն ունեցող մարտական դիրքերու թիւը` 38 տոկոսով:

Խմելու հոսող ջուր ունեցող մարտական դիրքերի թիւը` 194 տոկոսով»,- գրած է ան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.