ՀԱՍԿ հայագիտական տարեգիրքի նոր շրջան ԺԴ. տարին լոյս տեսաւ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հրամանաւ ու օրհնութեամբ լոյս տեսաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ՀԱՍԿ Հայագիտական Տարեգիրքի Նոր Շրջան ԺԴ. տարուան հատորը, խմբագրութեամբ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու մատենադարանապետ Գերաշնորհ Տէր Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեանի։

ՀԱՍԿ Հայագիտական Տարեգիրքի յիշեալ հատորը ձօնուած է Վեհափառին հայրապետական գահակալութեան 30 ամեակին: Ան կը բովանդակէ 25 ուսումնասիրական յօդուածներ, խմբուած հինգ գլուխներու ներքեւ՝ Նիկիոյ Տիեզերական Ա. Ժողովի 1700 ամեակ, Հայոց Ցեղասպանութեան 110 ամեակ, Մատենագրական, Արխիւ եւ Պատմութիւն, ի վերջոյ՝ Երաժշտական:

Ներածական իր խօսքին մէջ խմբագիր սրբազանը կ՚ընդգծէ, որ ՀԱՍԿ Հայագիտական Տարեգիրքը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մշակութային եւ մասնաւորաբար հայագիտական առաքելութեան կարեւոր մէկ արտայայտութիւնն է։ Արդարեւ, երկար ընդհատումէ ետք, անցեալ տարի վերստին լոյս սկսաւ տեսնել տարեգիրքը՝ Արամ Ա. Հայրապետին խրախուսանքով։ Այս հատորը ընծայուած է հայագիտութեան զարգացման հովանաւոր Նորին Սուրբ Օծութեան հովուապետական ծաղկեալ գաւազանին լուսաւոր 30-ամեակին՝ մաղթելով բազում տարիներու հաւատքի առաքելութեան պտղաւորում։

Ուրախութիւն է անդրադառնալ այն իրողութեան, որ մեր ժողովուրդի զաւակներուն մէջ աջակցող եւ քաջալերող բարեգործ մեկենասներ միշտ ներկայ են, որոնցմէ տէր եւ տիկին Վահէ ու Յասմիկ Յովակիմեաններ, քրոջ ու եղբօր՝ Անահիտին ու Մուշեղին յիշատակը պայծառացնելու համար, սիրայօժար ստանձնած են ՀԱՍԿի ԺԴ. տարուան հրատարակչական ծախսերը։

Հայագիտական հարուստ բովանդութեամբ եւ ծաւալուն (647 էջ) սոյն հատորը կրնաք գնել՝ այցելելով Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» գրախանութ։

Հատորին PDF տարբերակը շուտով պիտի տեղադրուի Կաթողիկոսութեանս պաշտօնական կայքէջին վրայ։