Հասարակական Բուռն Հակազդեցութեան Լոյսին Տակ. Զոյա Թադեւոսեան Ներողութիւն Կը Խնդրէ

Վերջերս Արցախի ազատագրուած տարածքներու մասին զգայացունց  յայտարարութեամբ հանդէս եկած Զոյա Թադեւոսեանը «ափսոսանք» յայտնած է կատարուածին համար: Ան այդ մասին հանդէս եկած է յայտարարութեամբ:

Յիշեցնենք, որ նախանցեալ օր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն յայտարարած էր, որ կը պատրաստուի իրաւական գործընթաց սկսիլ Զոյա Թադեւոսեանի դէմ:

Թադեւոսեանի յայտարարութիւնը` ստորեւ:

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Կը հայցեմ բոլորիդ ներողամտութիւնը կապուած «Հայելի» ակումբին մէջ  իմ կողմէս անզգուշօրէն կատարուած արտայայտութեան առնչութեամբ: Կը վստահեցնեմ, որ ես կը փորձէի ներկայացնել միայն ու միայն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահողներու պաշտօնական դիրքորոշումը, սակայն զիս կ՛ընդհատէին` խանգարելով աւարտել միտքս:

Գրաւեալ տարածք ըսած եմ, քանի որ մէջս տպաւորուած էր «Ժազիրա»-ին

տրուած Սերժ Սարգսեանի հարցազրոյցը, ուր ան կ՛ըսէ. «Աղդամը իմ հայրենիքս չէ», Օսկանեանի կողմէ ազատագրուած տարածքները «գրաւեալ» անուանելու դրուագը, ինչպէս նաեւ Քազանեան եւ Մատրիտեան փաստաթուղթերուն մէջ զետեղուած բնութագիրները:

Այս օրերուն աւելի խորութեամբ ծանօթացայ պատմական փաստերուն: Այո՛, սխալած եմ, ազատագրուած տարածքները մեր` հին հայկական, պապենական հողեր են: Այդ պարագային ինչպէ՞ս մեր երկրի` տագնապի լուծման պատասխանատու պաշտօնեաները թոյլ տուած են այդ տարողութեամբ պետական դաւաճանութիւն. հայրենիքի մէկ մասի կարգավիճակին դիմաց կը կորսնցնենք այլ մաս մը:

Անգամ մը եւս ներողութիւն կը խնդրեմ…

Բոլոր անոնք, որոնք բանակցած են մեր հայրենիքի` արիւնով ազատագրուած տարածքները բանակցութիւններու առարկայ դարձնելու շուրջ, պէտք է պատժուին օրէնքի ամբողջ խստութեամբ: Պէտք է անմիջապէս չեղեալ յայտարարել բոլոր պայմանաւորուածութիւնները, յետս կոչել յայտնի փաստաթուղթերը եւ թոյլ տալ երկու հայկական տարածքներու ղեկավարներուն ձեւաւորել նոր օրակարգ:

Կը սիրեմ բոլորդ, հայրենիքս` աւելի:

Կ՛ափսոսամ եւ ցաւ կ՛ապրիմ կատարուածին համար…

Հայաստանի Հանրապետութեան  քաղաքացի`
ԶՈՅԱ ԹԱԴԵՒՈՍԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.