Հայ Սփիւռքի Ապաւէնը Հաստատութենական Մտածողութիւնն Է (2022 – Սփիւռքի Տարի)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Հայ գիր ու գրականութեան քիչ թէ շատ մօտիկ անձ(եր) մը կրնայ(ն) առարկել` ըսելով, թէ արդեօք խորագիրը ընդգրկող նիւթը` սփիւռքի ճակատագիրը, ինքզինք չէ՞ սպառած, մաշած: Աւելի՛ն. հայ իրականութեան մէջ նման մտահոգութիւն կամ հարց որքանո՞վ պարտադրանք է այլեւս, կամ` իմաստ ունի՞ այսօր, ունեցա՞ծ է անցեալին, որ անիկա կրկին սեղանին կը դրուի, լոյսին կը բերուի, կարծես առաջին անգամ է, որ   կ՛արծարծուի մեր հաւաքական կեանքին մէջ:

Հապա՞ եթէ հարց տանք վաստակաւոր հրապարակագիրի, գրողի, խմբագիրի թէ մշակոյթի գործիչի, թէ արդեօք կրնա՞յ հաշուարկ մը մեզի պատրաստել, թէ իր ողջուց քանի՛ անգամ գրած է, հրապարակաւ խօսած, անդրադարձած, բանավիճած, բազմակողմանի ու լիարժէք, յստակ ու նպատակայարմար տեսակէտներ յայտնած է վերոնշեալ նիւթին շուրջ` պարզապէս իմաստաւորելու իր կոչումը, արդարացնելու իր ծառայութիւնը եւ շնչաւորելու իր ազգային ըմբռնումները:

Ըստ իս, վերջին հարիւր տարուան ընթացքին հայ մամուլի էջերէն կամ անհատ գրողներու գիրքերէն կարելի է լոյսին բերել անթիւ յօդուածներ, մտածումներ ու տեսակէտներ, որոնք սպիտակ թուղթին յանձնուած են, ժամանակ առ ժամանակ հրատարակուած, եւ որոնցմով կարելի է հարիւրաւոր հատորներ լեցնել:

Այդուհանդերձ, հայ իրականութիւն կոչուած երեւոյթը, որ դարերու խորք ունի եւ իր շալակին են հանգչած պատմութեան ամէնէն դաժան դասաւորումները, ահա վերստին ինքզինք կը պարտադրէ, իր գլուխը կը ցցէ այլապէս հրամայական պահանջ դառնալով եւ ամբողջ ազգը հրաւիրելով` ինքնաճանաչութեան, ինքնարժեւորման եւ ինքնասրբագրման:

Սա չի նշանակեր երբեք, որ ազգային նկատառումներէ թելադրուած եւ ամբողջ ազգի շահը նկատի ունենալով` հրապարակ իջած բազմագոյն եւ պայծառ մտքի տէր անհատներ, միութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ կուսակցութիւններ, որոնք անսակարկ ծառայութիւն եւ անձնդիր աշխատանք մատուցած են դարերու լայնքին, չէին գիտակցած պատմաքաղաքական թէ ընկերատնտեսական ազդեցութիւններու տարողութիւնը, եւ, պարզապէս, շռայլ խօսքերու տարափին յանձնուած` ճառային պատրանքներ սերմանած են հաւաքական յիշողութեան անդաստանին մէջ:

Այլ խօսքով, հայ միտքն ու պահուածքը միշտ ալ նեցուկ եղած են ազգի յարատեւութեան, կազմակերպման եւ առաւել աշխուժացման:

Այո՛, ընդունիլ է պէտք, որ կայ հայ իրականութիւն կոչուած երեւոյթին միւս երեսը` հայոց պետականութիւնը, որ հազարամեակներու փորձառութիւնը ունի իր ուսին, թէեւ` մե՛րթ յաջողած, մե՛րթ ընկրկած, մե՛րթ այլասերած ու շատ անգամ յանձնուած պատմութեան դաժան վճիռին, ահա մենք անոր մէկ արձագանգին ու դատողութեան արժանացանք 1918-ին, ապա 1991-ին, իսկ աւելի ուշ` 2020-ին, Արցախի մեծ մասի կորուստին, Հայաստանի սահմաններու անճիտումին եւ մասամբ նորին:

Ուրեմն ինչո՞ւ կը սրտնեղինք, երբ իրերայաջորդ սերունդներ կու գան եւ իրենց դատողութեան պրիսմակէն կ՛անցընեն ազգային ողբերգութիւններու տեսականին, նաեւ` յաջողութիւններու փայլքը: Ինչպիսի՞ հակազդեցութիւն կը ցուցաբերենք մենք` ազգովին, երբ նորահաս սերունդի ներկայացուցիչներ, ապաւինելով իրենց մտքի պայծառութեան, հայրենասիրական ոգիին, դաստիարակութեան եւ ակադեմականի հասունութեան, լոյսին բերած են (անցեալին), սեղանին կը բերեն այսօր գոյութիւն ունեցող հայ քաղաքական մտքի տհասութիւնը, խեղճացած առօրեայի պատկերը, ինքնագոհի եւ ցուցամոլի երեւոյթները, երբ հայոց պետութեան թէ ազգային կեանքի մակարդակին` ահաւոր դժուարութիւններու թէ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուինք ազգովին:

Ու յաճախ կը կրկնենք. Հայոց ցեղասպանութիւն, սփիւռքեան դաժան պատկեր, սերունդներու դաստիարակութիւն, գաղութներու կազմակերպում, մամուլ, մշակոյթ, հաւաքական յիշողութիւն, անհատական յաջողութիւն, ձուլումի վտանգ, հայոց լեզուի ճակատագիր, տեսլական ու նպատակային կողմնորոշում:

Արդիւնքը` հայ սփիւռքի արտասովոր պատկեր (դասական ու նոր), խառնածին կացութիւն եւ անորոշութիւն, դժբախտ իրադարձութիւններ, միասնական կեանք վարելու յորդորներ, խոհանոցային հայրենասիրութիւն, սին բաժակաճառեր, հեղեղ կարգախօսեր, այլամերժութիւն, կեղծ բաղձանքներ, շռայլ պատրանքներ եւ այլն, եւ այլն:

Կը հաւատայինք, որ Հայաստանի պետականութեան վերականգնումով եւ դէպի հայրենիք մեր կողմնացոյցը ճշդելով` մենք կրցած ենք շրջանցել մեր ստրուկի թէ միամիտի պահուածքը, օտարամոլի բարդոյթը, ուրիշի հաշուոյն ապրելու տկլոր մտայնութիւնը, արագ խանդավառուելու եւ շուտով յուսահատելու հոգեմտային կառուցուածքը, եւ արդէն, կը գտնուինք սրբազան լեռ` Արարատին հասնելու ճիշդ ուղիին վրայ:

Ու այս ճանապարհին վրայ հայ ազգը իր բաղկացուցիչ մասերով պահ մը կրցած էր ստեղծել իր ազգային գաղափարախօսութիւնը, ցոյց տալ, թէեւ` նախնական, քաղաքական միտք ու պետական համակարգ հաստատագրելու կարողութիւնը, դէպի հայութիւն երթալու շնորհը, սփիւռքը վերաիմաստաւորելու մօտեցումը, Արցախն ու հայրենի հողը բնակեցնելու որոշումը, համագործակցութեան եւ համերաշխութեան խայծեր բաշխելու գիտակցութիւնը. սակայն աշխարհաքաղաքական հաշիւներու թէ տնտեսական համաշխարհային արշաւներու յորձանուտը եկաւ ու թաւալգլոր վիճակ մը պարտադրեց հայ ազգի գլխուն, այնքան մը սարսափազդու, որ հայ մարդու կամքն ու պետութեան ողնաշարը կը ստանային ահռելի ու կայծակնային հարուած` պատճառելով ազգային աղէտ եւ խոր յուսալքումի իրավիճակ:

Ընդունիլ է պէտք, որ հայոց տրուած հարուածը, թշնամի ուժերու ձեռամբ, արդէն ունէր մէկ ու հիմնական նպատակ` ջլատել ազգային պահանջատիրութիւնը եւ ոգին, զգետնել հայրենապաշտի ամէն զգացողութիւն եւ արժեզրկել ազգային ամէն արժանիք ու հպարտութիւն: Բնաջնջել ազգային արժանապատուութիւնը, կամքը:

Թշնամի այլազան ուժեր կրցան նպատակաուղղուած հարուած հասցնել հայոց պետականութեան` պարզապէս յագուրդ տալու իրենց գազանային ախորժակներուն եւ աշխարհաքաղաքական հաշիւներուն: Ու յաջողեցան:

Անոնք` սեւ ուժեր թէ բացայայտ թշնամիներ, յաջողեցան սփիւռքահայութեան դարաւոր երազին ուժգին հարուած հասցնել եւ առաւել խորացնել վիհը: Հայը պէտք էր մնար սփիւռքի յորձանուտին յանձնուած եւ իր դժխեմ ճակատագրին ենթակայ:

Ուրեմն, ի՞նչ ընել սփիւռքի «վերակազմակերպման» եւ «վերակենսաւորման» համար: Եթէ մէկ կողմէ ա՛լ կ՛ընդունինք, որ կեանքի յարափոփոխ թաւալքին եւ արդի ըմբռնումներու լոյսին տակ պէտք է անյապաղ ձերբազատիլ դասական ու հնաբոյր աշխատելաոճերէ, եսակեդրոն վարքագծերէ, իրերամերժ մօտեցումներէ, յետադէմ եւ խեղճացած գործելադաշտերէ, սեփական սխալներէ, ապա ազգի ղեկավարութիւնը պարտաւոր է լծուելու բարեկարգչական աշխատանքի եւ նորահաս սերունդին թեւ ու թիկունք կանգնելով` ճշդելու ռազմավարական նորովի ուղիներ:

Լուծումը` պարզ ու մեկին. սփիւռքը օժտել հաստատութենական համակարգի մտածողութեամբ եւ սկսիլ գաղութներու աշխուժացման հրամայականին:

Առանց հզօր սփիւռքի` չկայ հայրենիք, եւ` փոխադարձաբար: Եթէ սփիւռքը ճակատագրուած չէ ուծացումի եւ փոշիացման, ապա հարկադրանք է փոփոխութիւն բերել մեր մտքի ու գործի պահուածքին ու միանգամընդմիշտ ձերբազատիլ նեխած միտքերէ եւ աշխատելաձեւերէ: Հաւատա՛լ քննական մտքի հզօրութեան եւ արժէքին:

Հաստատութենական մտածողութիւնը կ՛ենթադրէ` նիւթական հզօրանք, երիտասարդ մարդուժ, գիտական հարթակներ, ուսումնասիրական կեդրոններ, հայավայել կառոյցներ, թռիչք եւ սլացք ջամբող հաստատութիւններ, գիտահետազօտական հիմնարկներ, հայ լեզու եւ պատմութիւն, մշակոյթ եւ ազգային արժէքներ ուսուցող վարժարաններ:

Սա չի նշանակեր քանդել «հին»-ը, ուրանալ անմիջականը, անտեսել անցեալի նուիրումը, այլ, ըստ էութեան, բարեկարգել հայ կեանքի բոլոր բնագաւառները, որպէսզի հոգեւոր հայրենիքի ուժը դառնայ իրական, խոր եւ նպատակասլաց:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.