Հայ Դատի յանձնախումբը պիտի շարունակէ իր հայրենատիրական առաքելութիւնը. Հարցազրոյց ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանին հետ

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը պիտի շարունակէ իր հայրենատիրական առաքելութիւնը պաշտպանելով Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան իրաւունքները

Հարցազրոյց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ընկ. Մհեր Գարագաշեանին հետ

 

Հորիզոն. Սեպտեմբերին կայացաւ ՀՅԴ Գանատայի 49-րդ Շրջանային ժողովը: Այս ժողովի լոյսին տակ, Ի՞նչ կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ ծրագիրներ մշակած է կառոյցը յառաջիկայ տարիներուն համար:

Մ.Գ. Նախ եւ առաջ յայտնեմ, որ համաճարակի պարտադրած պայմաններուն բերումով, Շրջանային ժողովը քիչ մը յապաղումով կայացաւ: Ընդհանրապէս տեղի կ՚ունենար Յուլիսի սկիզբը, սակայն այդ օրերուն այլընտրանք չունէինք, ուստի սպասեցինք, որ պետական սահմանափակումները մեղմանան, որպէսզի կարողանանք ի մի բերել աւելի քան հարիւր հոգի, եւ ժողովը կատարել առկայ ձեւով, եւ ո՛չ առցանց:

Ինչպէս իւրաքանչիւր Շրջանային ժողով, որ գերագոյն ժողովն է Գանատայի շրջանի կազմակերպութեան, այս ժողովին եւս քննարկուեցան անցնող երկու տարիներու աշխատանքները, քննարկուեցան Հայ Դատի, շրջանի կազմակերպական, քարոզչական, եւ համագաղութային հարցեր եւ առնուեցան համապատասխան որոշումներ: Քննարկուեցան նաեւ յառաջիկայ երկու տարիներու ռազմավարական ու մարտավարական ծրագիրները: Ժողովը հանգամանօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Արցախի առջև ծառացած ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն՝ առաջնահերթութիւն նկատելով անվտանգութեան ու հակահայաթափման միասնական համակարգի ամրապնդումը:

Կազմակերպական առումով, արծարծուեցան մեր երիտասարդութեան գաղափարական դաստիարակութիւնը, անոնց ներգրաւումը Հայ Դատի գործունէութեան եւ ազգային կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ կառոյցը մշտանորոգ վիճակի մէջ պահելն ու թարմացնելը: Ի վերջոյ, աւելի քան հազար անդամ ունեցող կազմակերպութիւն մը, որ կը տանի բազմաճիւղ եւ բազմաբովանդակ աշխատանք, ընդ միշտ կարիքն ունի յարատեւ վերանորոգման եւ ճիգերու ամրապնդման:

Շրջանային ժողովը, շեշտը դնելով Հայ Դատի աշխատանքներուն վրայ, վերահաստատեց իր յանձնառութիւնները հայրենիքի հզօրացման եւ հայութեան պատմական թէ արդի իրաւունքներու վերականգնման գծով, ողջ կարողականութեամբ եւ ներուժով շարունակելու գործօն մէկ մասնիկը ըլլալ Հայաստանի ու Արցախի համար մղուող ազատագրական յարատեւ պայքարին, միջազգային, պետական եւ մարդկային իրաւանց տարբեր ատեաներու մէջ շարունակելու արդէն իսկ սկսած՝ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման, սահմաններու անվտանգութեան ու հայ ռազմագերիներու վերադարձի աշխատանքները: Հակառակ Արցախեան աղէտալի պատերազմին ու անոր յաջորդող ՀՀ իշխանութեանց որդեգրած անընդունելի քաղաքականութեանց, ժողովը վերահաստատեց Հայ Դատի աշխատանքներուն առաւել զարկ տալու հրամայականը, միեւնոյն ատէն շեշտակի կերպով ընդգծեց կարգ մը ոլորտներու մէջ աւելի մեծ ծաւալ նկատի ունեցող աշխատանքներու ընդգրկման անհրաժեշտութիւնը։

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն, Գանատայի տարածքին գործող իր բոլոր կառոյցներով, իր ողջ կարողականութեամբ պիտի շարունակէ Հայ Դատի աշխատանքները՝ նոյն սլացքով ու եռանդով, յանուն Արցախի, Հայաստանի ու Գանատայի մեր ժողովուրդին:

 

Հորիզոն. Հակառակ որ 2020 տարին անբարենպաստ տարի մըն էր համայն հայութեան համար, բայց Գանատայի հայ դատի գրասենեակը ունեցաւ բազմերես յաղթանակներ: Կարելի է այդ մասին տեղեկութիւններ տաք ընթերցողներուն:

Մ.Գ. ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբը, Օթթաուայի գրասենեակով, տեղական յանձնախումբերով եւ կամաւորներու ու համակիրներու ամբողջ փաղանգով, իրենց կարելին ու անկարելին ըրին, Գանատայի Դաշնակցային թէ նահանգային պետական տարբեր օղակներու մօտ բարձրացնելով բողոքի ձայն՝ իրազեկ պահելու համար զանոնք գետնի վրայ տիրող իրադարձութիւններուն: Այստեղ, փակագիծերը բանալով կ՚ուզեմ նշել, որ Գանատայի ազերիական համայնքը եւս բանեցուց իր լոպիիստական ապօրինի գործունէութիւնը: Սակայն, ի հեճուկս հակագործողութիւններուն, Հայ Դատի յանձնախումբը կարողացաւ ճնշում բանեցնել պետական նախարարներու, Գանատայի դաշնակցային խորհրդարանի անդամներու, խորհրդարանական կուսակցութիւններու եւ խմբակցութիւններու վրայ, նոյնիսկ Արտգործ նախարարութեան, որոնք մասամբ մը դատապարտեցին ատրպէյճանական յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնն ու բռնութիւնները, ինչպէս նաեւ կասեցուցին գանատական զէնքի եւ թռչող սարքի տեսախցիկներու վաճառքը Թուրքիոյ։

Հայ դատը ցայսօր կ՚աշխատի գանատական ու միջազգային կառոյցներու հետ, լուծելու համար հայ ռազմագերիներու հարցը, մարդկային իրաւանց խնդիրներն ու պահպանելու հայկական մշակութային կոթողները, որոնք կը գտնուին Արցախի բռնագրաւուած շրջաններուն մէջ: Միշտ պատնէշի վրայ մնացինք, հակառակ յուսախաբութեանց ու հիասթափութեանց:

Ներգանատական իմաստով, վերջին շրջանին մեր ուժերը կեդրոնացուցինք նաեւ Գանատայի դաշնակցային եւ նահանգային ու քաղաքապետական ընտրութիւններուն վրայ, արձանագրելով նկատառելի ձեռքբերումներ: Այստեղ նշենք, որ Գանատայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, հայ դատի յանձնախումբի զօրակցած թեկնածուներուն 84 տոկոսը յաղթանակ ապահովեցին: Իսկ Մոնթրէալի եւ Լաւալի քաղաքապետական ընտրութիւններուն չորս հայազգի թեկնածուներ յաղթանակ արձանագրեցին:

2021 Նոյեմբեր 15ի դէպքերուն, յստակ ուղերձ եւ նամակ յղեցինք Գանատայի Արտգործ նախարար Մելանի Ժոլիին, որ անմիջապէս դատապարտեց ատրպէյճանական յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը: Ասկէ անկախ կը մշակենք ուրիշ ծրագիրներ, փոխելու համար Գանատայի բռնած լուռ եւ անտարբեր քաղաքականդիւանագիտական դիրքորոշումները: Բնականաբար գոհ չենք քաղաքական մեղկ յայտարարութիւններէն, բայց մեր կողմէ նորանոր ճնշումներ պիտի բանեցուին, որպէսզի յայտարաութեանց մէջ յստակօրէն ընդգծուի ողջ ճշմարտութիւնը:

Նշենք նաեւ, որ Մոնթրէալի Հայկական Համաշխարհային Աջակցութեան Կեդրոն (ՄՀՀԱԿ-CAMAM) բարեսիրական կազմակերպութիւնը, 2021 թուի Փետրուարի 1ին, Օթթաուայի քաղաքակեդրոնին, ՀՀ դեսպանատան մերձակայութեամբ գնեց եռայարկ շէնք մը, որ շուտով կը դառնայ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նստավայրն ու աշխատանքային գրասենեակային կայքը: Այս իմաստով նուիրահաւաք մը կայացաւ, ապահովելով 700 հազար տոլար: Այս նոր կեդրոնատեղիէն Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը պիտի շարունակէ իր հայրենատիրական առաքելութիւնը պաշտպանելով Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան իրաւունքները՝ գանատական քաղաքական բեմին վրայ։

 

Հորիզոն. Հայաստան-Ատրպէյճան պատերազմը տակաւին կը շարունակուի, եւ իւրաքանչիւր օր ականատես կ՚ըլլանք խայտառակ զիջումներու ու պարտութեանց: Ի՞նչ է ձեր դիրքորոշումը ի տես այս բոլորին, եւ ի վերջոյ, ինչ կոչ կ՚ուղղէք վերջին ամսուան ընթացքին աշխարհով մէկ բողոքի ցոյցեր եւ հաւաքներ իրականացնող հայ երիտասարդութեան:

Մ.Գ. Պատերազմէն տարի մը անցած է, բայց դժբախտաբար ներկայ վարչակարգը կը շարունակէ զիջողական քաղաքականութիւնը, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ սպառնալիք ու աղէ՚տ Հայաստանի ու Արցախի ազգային անվտանգութեան։ Չենք հանդուրժեր Հայաստանի ներկայ իշխանութեանց ապաշնորհ, ապազգային ու անկայուն քաղաքականութիւնն ու ամէն գնով աթոռին կառչած մնալու բռնազբօսիկ ճիգերը: Պարտուած իշխանութիւնը իրաւունքը չունի մնալու իր աթոռին՝ ի հեճուկս հայրենիքին: Կը դատապարտենք Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ Հայաստանի իշխանութիւններուն բացայայտ եւ քուլիսային պայմանաւորուածութիւնները: Այս իշխանութիւնը վտանգ է Հայաստանին, Արցախին եւ ողջ հայութեան: Իսկ նստիլ եւ անտարբերութեամբ դիտել այս բոլորը, կը նշանակէ, որ տակաւին չենք հասած քաղաքական այն հասունութեան, որ դարեր շարունակ արեամբ շահած ենք: Ուստի, կը զօրակցինք եւ կը միանանք Հայաստանի ու Սփիւռքի դիմադրութեան շարժումին, Հայաստանի մեր Կառոյցին ու ազգային մտածելակերպ ունեցող իւրաքանչիւր հայրենակիցին, ազգային բարձր գիտակցութեամբ համախմբուելու եւ բռունցք դառնալու՝ ընդդէմ արտաքին եւ ներքին թշնամիներուն: Եթէ պայքարը հատու պիտի ըլլայ յանուն հայրենիքին, թո՛ղ ըլլայ այդպէս: Մենք տրամադրուած ենք պայքարի եւ ամէն ինչ պիտի կատարենք զօրավիգ ըլլալու հայրենիքի փրկութեան գործին:

 

Հորիզոն. Այսօր ի՞նչ պատկեր կը պարզէ Գանատահայ գաղութն ու ի՞նչ մարտահրաւէրներ ունի:

Գանատահայ գաղութը երիտասարդ, գործունեայ, հայաշունչ եւ հայախօս գաղութ մըն է, որ կազմուած է յունահայերէ, եգիպտահայերէ, պոլսահայերէ, լիբանանահայերէ, սուրիահայերէ, պարսկահայերէ եւ հայաստանցիներէ: Այս ընդհանուր խճանկարին մէջ, իւրաքանչիւր անգամ որ հայ գաղթականներու ալիք մը եկած է այստեղ, գաղութը կրցած է ինքզինք վերանորոգել հայօրէն: Այս իմաստով, ըլլայ Մոնթրէալի եւ կամ Թորոնթոյի մեծ գաղութները կամ հարաւային Օնթարիոյի հայահոծ քաղաքները, կը յուսանք շուտով նաեւ Վանգուվըրը, ունին կազմակերպ գաղութ ըլլալու բոլոր նախատուեալները՝ եկեղեցի եւ Հայ կեդրոններ: Բայց Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի առաւելութիւնը այն է, որ ունինք ամէնօրեայ հայկական վարժարաններ:

Գաղութս միշտ ձեռք երկարած է օժանդակութեան կարիք ունեցող այլ գաղութներուն, ինչպէս՝ Սուրիոյ, Լիբանանին, Հայաստանին ու Արցախին, եւ տակաւին Նոյեմբերին, մասնակցութեամբ գանատահայ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու, զօրաշարժի ենթարկեցինք մեր ոյժերը անգամ մը եւս հասանք լիբանանահայութեան:

Սակայն, հարկ է միշտ զգօն ըլլալ, պահպանելու համար նոր սերունդներուն ազգային ինքնութիւնը, լեզուն եւ մշակոյթը, որոնք մեր գոյապայքարի լաւագոյն միջոցներն են:

Այս օրերուն գաղութի մը հայեցի դիմագիծը կարեւոր է, սակայն աւելի կարեւորը՝ հայեցի, յանձնառու եւ պատասխանատուութեան գիտակից դիմագիծն է: Այս իմաստով, գանտահայ գաղութը յանձնառու գաղութ է, մտահոգ հայրենիքով, Արցախով եւ հայ ժողովուրդի ապագայով: Միշտ պատնէշի վրայ եղած ենք եւ պիտի մնանք յանձնառու՝ մեր ուխտին, հայ դատին, Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան ու ամբողջականութեան եւ հայ ժողովուրդի բոլոր յոյզերուն, յոյսերուն, իղձերուն ու տենչերուն:

Հարցազրոյցը վարեց Քրիստափոր Միքայէլեան

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.