Հայ Դատի յանձնախումբը Արցախի հարցով եւ Համավարակի դէմ պայքարի օժանդակութեանց գծով խորհրդակցեցաւ Գանատայի խորհրդարանի անդամներու հետ

Ապրիլ 15-ին, Գանատայի փոխադրամիջոցներու նախարարութեան խորհրդարանական քարտուղար Թերի Պիչի հրաւէրով կայացաւ տեսակապով հանդիպում, որուն մասնակցեցան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը եւ Գանատայի Խորհրդարանի անդամներ Հէտի Ֆրայ, Ռանտիփ Սարայ եւ Ճոնաթան Ուիլքընսըն։

Հայ Դատի յանձնախումբը առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի դաշնակցային կառավարութեան համաշխարհային համավարակին դէմ պայքարի գծով պետութեան նախաձեռնած կանխարգիլման միջոցառումներուն գծով եւ ապա շեշտեց Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուոն համար համավարակի ծիրէն ներս գանատական օժանդակութեան անհրաժեշտութիւնը՝ նկատի առած զոյգ հանրապետութիւններու շրջափակուած վիճակը։

Հայ Դատի յանձնախումբը յատուկ զեկուցեց նաեւ Արցախի մէջ կայացած ազատ, արդար եւ ժողովրդավարական խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններուն մասին։

Գանատայի խորհրդարանի անդամները խոստացան համաճարակի դէմ պայքարի Հայաստանի եւ Արցախի օժանդակութեան հարցը փոխանցել Գանատայի պատկան իշխանութիւններու գերատեսչութեանց։

Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ տեսակապով հանդիպման մասնակցեցան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պելեան, Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբի ատենապետ Հրակ Տարագճեան, Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Վահէ Անտոնեան, Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ ՀՅԴ Վանգուվըրի «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Էտի Փափազեան։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.