Հայ Դատի Յաձնախումբը Շնորհակալութիւն կը յայտնէ Գանատայի Կառավարութեան՝ Հայաստանի համար համավարակի դէմ պայքարի 260,000 տոլարի օժանդակութեան համար

26 Օգոստոս, 2020-ին, ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Յաձնախումբը երախտագիտութեամբ յայտարարեց, թէ Քորոնա ժահրի դէմ պայքարի ծիրէն ներս, Գանատայի կառավարութիւնը որոշում կայացուցած է 260,000 տոլարի նիւթական նպաստ տրամադրել Հայաստանի Հանրապետութեան:

Նիւթական նպաստի սոյն փաթեթը կու գայ այն ժամանակ, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ վարակուածներու թիւը անցած է 43,000-ը, մեծապէս ծանրաբեռնելով երկրի տնտեսութիւնն ու առողջապահական համակարգը:

Համավարակի տարածման առաջին իսկ օրերէն, ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը աշխատանք ծաւալեց Գանատայի պետութեան կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան նիւթական նպաստ ապահովելու ուղղութեամբ:

Օթթաուայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան կատարած պաշտօնական դիմումնագրէն անմիջապէս ետք, յանձնախումբը անցաւ հետեւողական աշխատանքի եւ յատուկ նամակով մը դիմեց Գանատայի Միջազգային Յարաբերութեանց Նախարարութեան երեք նախարարներուն, արտաքին գործոց նախարար՝ Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամբայնին, միջազգային առեւտուրի նախարար՝ Մէրի Ինկին եւ միջազգային զարգացման նախարար՝ Քարինա Կուլտին, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ պետական պաշտօնատարներու, կոչ ուղղելով կառավարութեան, որ Քորոնա ժահրի դէմ պայքարի կապակցութեամբ անյապաղ նպաստ տրամադրեն ՀՀ կառավարութեան:

Ըստ նախնական տուեալներու, Գանատայի Կարմիր Խաչի խողովակով, նպաստը պիտի փոխանցուի Հայաստանի Կարմիր Խաչին եւ պիտի օգտագործուի համավարակի դէմ պայքարելու տարբեր ծրագիրներու համար:

Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Գանատայի կառավարութեան եւ վերոնոշեալ նախարարներուն, վերահաստատելով իր ամբողջական պատրաստակամութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան օգտակար հանդիսանալու ուղղութեամբ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.