Հայ Դատին համար պատուական օր մը՝ 25 Փետրուար 1982

Հորիզոն, 22 Մարտ 1982

«Հորիզոն» շաբաթաթերթի 45-ամեակին առթիւ, «Հորիզոն»ը հերթաբար պիտի հրապարակէ շաբաթաթերթի արխիւէն մեր համայնքի կարեւոր իրադարձութիւններու լրատուութիւններ, թղթակցութիւններ եւ հարցազրոյցներ: Ստորեւ կը հրապարակենք Գանատայի խորհրդարանի 25 Փետրուար 1982-ին առած աննախընթաց որոշումը Հայ Դատին վերաբերեալ.

Ինչպէս հաղորդած էինք մեր 8 Մարտի թիւով, Գանատայի խորհրդարանը 25 Փետրուարին առաւ աննախընթաց որոշում մը Հայ Դատին վերաբերեալ։ Ստորեւ կու տանք թարգմանութիւնը բանաձեւին, այնպէս ինչպէս զայն ներկայացուց երեսփոխան Ճիմ Փիթըրսըն, եւ ինչպէս արձանագրուած է խորհրդարանի պաշտօնական ատենագրութեան մէջ (հատոր 124, թիւ 304, Ա. Նստաշրջան, 32-րդ Խորհրդարան, Հինգշ. 25 Փետր. – էջ 15372)։
Պրն. Ճիմ Փիթըրսըն (Ուիլոյտէյլ).- Տիկին նախագահ, խօսք կ’առնեմ Խորհրդարանի թիւ 43 կանոնի տրամադրութիւններուն համաձայն.

– Նկատի ունենալով որ Խորհրդարանս արդէն քուէարկած է որոշում մը ուշադրութեան առարկայ դարձնելով հայերու բերած նպաստը Գանատայի զարգացման,

– Նկատի ունենալով որ Խորհրդարանս կը փափաքի իր նողկանքը յայտնել բոլոր այն արարքներուն հանդէպ, որոնք կը խախտեն Միացեալ Ազգերու Մարդկային Իրաւանց յայտարարութեամբ բանաձեւուած հիմնական օրինաչափութիւնները եւ պատշաճութիւնը,

– Եւ նկատի ունենալով որ, գանատահայութիւնը յարգած է Միացեալ Ազգերու յայտարարութեան այս հիմնական սկզբունքները,

Կ’առաջարկեմ, երկրորդուած՝ Տոն Վալի Իսթ (պրն. Սմիթ) եւ Տոն Վալի Ուեսթի (պրն. Պոսլի) պատուարժան երեսփոխաններուն կողմէ, որ
Թրքական կառավարութեան ու Գանատայի եւ արար աշխարհի հայ համայնքներուն միջեւ առկայ տարակարծութիւններն ու հարցերը լուծուին խաղաղօրէն։

Որեւէ առարկութեան չհանդիպելով, ներկայացուած առաջարկը ընդունուեցաւ միաձայնութեամբ։

* * *

Նոյն օրը երեկոյեան, Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ Ճիմ Փիթըրսընի հրաւէրով տեղի ունեցաւ քոքթէյլ-հիւրասիրութիւն մը, որուն ներկայ եղան աւելի քան 40 նախարարներ, երեսփոխաններ եւ ծերակուտականներ, բոլոր կուսակցութիւններէն։

Տիրող խանդավառ մթնոլորտին մէջ ամենէն առաջ խօսք առաւ ի՛նքը՝ Ճիմ Փիթըրսըն եւ խորհրդարանի անդամներու կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց հայ համայնքին, որ մեծ նուիրումով եւ շարունակական կերպով կը հետապնդէ հարցեր, որոնք ոչ միայն իր, այլեւ ամբողջ Գանատայի ժողովուրդին ալ մտահոգութեան առարկան պէտք է ըլլան։ Խօսք առին Հայր Րոլանտ ՏըԳորնէ, Օնթարիոյի նահանգային երեսփոխան Ճոն Ուիլիըմզ (հիւրաբար խորհրդարան կը գտնուէր), որ գլխաւոր հեղինակներէն մէկը հանդիսացած էր Օնթարիոյի քուէարկած հայանպաստ որոշումին, որով կը դատապարտէր Ցեղասպանութիւնը եւ արդարութիւն կը պահանջուէր հայ ժողովուրդին համար, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչը, Ուժանիւթի նախարար Մարգ Լալոնտ, Ծերակուտական Պոս եւ Մարսել Փրիւտ’ոմ (Մոնթրէալի Սէն Տընիի երեսփոխան, խորհրդարանի Արտաքին գործոց եւ Պաշտպանութեան յանձնախումբի ատենապետ), Յառաջդիմական-պահպանողական կուսակցութեան պետ Ճօ Գլարք, նախարարներ՝ Լամլի, Լափուէնթ, Գոսկրով, երեսփոխաններ՝ Ուեթըրհետ, Ճէսսի, Սմիթ, Նորմ, Տէմարէ, Փրիւտփոմ, Պոսլի, Ֆիշըր Րուա։

Ինչպէս կ’ըսէինք, Մարտ 8-ին, այս որոշումը քաղաքական աշխատանքներուն մէջ նոր քայլ մը կը հանդիսանայ մեր Դատին արդար լուծման առաջնորդող երկար եւ դժուար ճանապարհին վրայ։ Ան սկիզբ մըն է՝ Գանատայի խորհրդարանին համար՝ Հայ Դատին ի նպաստ գործնակա՛ն որոշումներ առնելու տեսակէտէն։

Comments are closed.