Հայրապետական գիր օրհնութեան Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերուն
- (0)

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք Քանատայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ու Արեւմտեան թեմերու մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները:
Գոհութիւն ու փառք կու տանք Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս հոգեպարար առիթը ընծայեց Մեզի հովուապետական այցելութիւն տալու յիշեալ թեմերուն, մօտէն շփում ունենալու մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ ու հաղորդ դառնալու մեր համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ունեցած կարիքներուն, անոնց ծրագիրներուն ու մարտահրաւէրներուն: Հոգեւորականը, որպէս սպասաւոր եկեղեցւոյ, կոչուած է հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով կենսաւորուած քրիստոնէական հաւատքն ու սէրը ամրապնդելու իր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Իւրաքանչիւր թեմին համար ճշդած էինք առանձին բնաբան մը, խորհրդածութեան յատուկ նիւթ մը: Այսպէս, Քանատայի համար՝ «Համախմբուինք մեր կառոյցներուն շուրջ». Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմին համար՝ «Հաւատք, հաւատարմութիւն ու միասնականութիւն». Արեւելեան թեմին համար՝ «Արժէքներով հարստացնենք մեր կեանքը»:
Արդարեւ, Մեր բոլոր պատգամներուն, թելադրութիւններուն, դասախօսութիւններուն ու հանդիպումներուն առանցքը հանդիսացան վերոնշեալ թեմաները: Յաճախ կրկնութեան գնով փորձեցինք յստակեցումներ, ընդգծումներ ու շեշտաւորումներ կատարել, որպէսզի ժողովուրդին ընդառաջումը ու ընկալումը ըլլայ աւելի գիտակից ու ամբողջական:
Գոհունակութեամբ կ’ուզենք հաստատել, որ Մեր պատգամներն ու հանդիպումները դրական ու լայն արձագանգ գտան ժողովուրդին մօտ: Հովուապետ-ժողովուրդ հանդիպումները եղան հարազատ ու անմիջական՝ յատկապէս կրօնական արարողութիւններուն, երիտասարդական հաւաքներուն ու դպրոցական ձեռնարկներուն ճամբով: Կ’ուզենք յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծել, թէ ուր որ այցելեցինք, եկեղեցի թէ դպրոց, սրահ թէ կեդրոն, հոծ բազմութեամբ դիմաւորուեցանք, կազմակերպուածութիւն ու խանդավառութիւն տեսանք եւ մանաւանդ իր եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին խօսքը լսելու ժողովուրդին ուրախութիւնը զգացինք: Նոյն այս գօտեպնդիչ երեւոյթին վկան ու արձագանգը հանդիսացան նաեւ համայնքային պատասխանատուները ու ներկաներէն շատե՜ր:
Եկեղեցիներէն ներս հանդիպեցանք մեծ թիւով հաւատացեալներու, որոնք եկած էին իրենց Հայրապետին ներկայութեամբ ոգեւորուելու ու անոր հայրական թելադրութիւններուն հաղորդ դառնալու: Խոր գոհունակութիւնը ունեցանք տեսնելով մեծ թիւով դպիրներ ու սարկաւագներ, որոնք նուիրումով կը ծառայէին եկեղեցւոյ: Սպասելի է, որ ներկայ սարկաւագներէն ոմանք ուղղուին դէպի քահանայութիւն՝ մեր եկեղեցւոյ ու ազգին առաւել պատասխանատու հանգամանքով ծառայելու կոչումէն մղուած:
Ազգային վարժարաններուն տուած Մեր այցելութիւնները եզակի խանդավառութիւն ստեղծեցին Մեր մօտ, ի տես տակաւ աճող աշակերտութեան թիւին, տնօրէններու եւ ուսուցիչներու նուիրումին, իրենց զաւակները հայ դպրոցին վստահելու ծնողներու նախանձախնդրութեան, ինչպէս նաեւ դպրոցներէն ներս տիրող հայկական առողջ մթնոլորտին: Դպրոցներէն ներս հայերէն լեզուին նկատմամբ ցուցաբերուած յատուկ հոգածութիւնը շինիչ երեւոյթ մըն էր: Երեւոյթ մը, որ հարկ է առաւել ծաւալ ստանայ մանաւանդ մեր ընտանիքներէն ներս:
Երիտասարդութեան նկատմամբ Մեր ունեցած յատուկ նախանձախնդրութիւնը դարձեալ իր արտայայտութիւնը գտաւ մեր հանդիպումներուն, այցելութիւններուն ու պատգամներուն մէջ: Երկխօսութիւն ունեցանք երիտասարդներուն հետ, եկեղեցին, Հայրենիքն ու ազգը յուզող խնդիրներուն շուրջ: Մեծապէս քաջալերական էր երիտասարդներուն մօտ տեսնել հետաքրքրութիւն ու լրջութիւն՝ ազգային ու կրօնական այժմէական հարցերու գծով: Կարեւորութեամբ շեշտեցինք մեր եկեղեցւոյ ու համայնքի կեանքին մէջ երիտասարդներուն գործօն մասնակցութեան հրամայականը:
Միջ-եկեղեցական ու քաղաքական բնոյթ ունեցող Մեր հանդիպումները առիթ հանդիսացան, ինչպէս միշտ, անդրադառնալու հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան եւ Արցախին առնչուած հարցերուն: Համալսարաններու մէջ տուած ակադեմական բնոյթ ունեցող Մեր դասախօսութիւնները դարձեալ յիշեցուցին, թէ եկեղեցին ըսելիք ունի ներկայ ընկերութիւնը յուզող խնդիրներուն նկատմամբ:
Մեր հայրապետական ընտրութեան ու օծման 30-ամեակի նշումը իր մէջ խտացուց մեր Սուրբ Աթոռին իրագործումները, եւ առիթ ընծայեց շեշտելու անոր համազգային առաքելութիւնը: Այս շրջագծէն ներս յատուկ կերպով ընդգծեցինք, թէ Սփիւռքի վերակազմակերպումը, անոր ներուժին համախմբումը, մարդուժի պատրաստութիւնը նոր պայմաններու ու տուեալներու լոյսին տակ, պէտք է դառնան մեր Սուրբ Աթոռին առաքելութեան կարեւոր մարզերը:
Հակառակ շուրջ մէկուկէս ամսուան վրայ տարածուած հովուապետական այցելութեան այնքան խճողուած ծրագիրին ու ժամանակացոյցին, զայն փորձեցինք իրագործել Աստուծոյ, մեր ազգին, Հայրենիքին ու եկեղեցւոյ ծառայելու գիտակից ու ամբողջական յանձնառութեամբ:
Այսօր, Հիւսիսային Ամերիկայի մեր գաղութներու պարզած ներկայ պատկերը, քանակի թէ որակի իմաստով, ինչպէս նաեւ անոնց ունեցած լայն կարելիութիւնները ցուցանիշ են այն անժխտելի իրականութեան, թէ Սփիւռքէն ներս անոնք յատուկ կարեւորութիւն ներկայացնող շրջաններ են: Այս իրականութիւնը հարկ է որ մղէ յիշեալ գաղութները առաւել պարտաւորութիւն ու պատասխանատուութիւն ստանձնելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, ինչպէս նաեւ տագնապներ ու մարտահրաւէրներ դիմագրաւող գաղութներուն նկատմամբ: Գնահատանքով կ’ուզենք արձանագրել, թէ այս գիտակցութիւնը ու նախանձախնդրութիւնը անոնք արդէն իսկ ցուցաբերեցին յատկապէս վերջին տարիներուն:
Հովուապետական ներկայ այցելութեան նկատմամբ պատասխանատու կառոյցներու, մարմիններու ու ժողովուրդին կողմէ Մեզի եկող վկայութիւնները ու արձագանգները մեծապէս դրական են: Մեր սպասումն է, որ մեր հանդիպումները ու պատգամները հետք ձգող ու մեր համայնքներն ու կառոյցները վերանորոգման մղող յիշեցումներ ու մարտահրաւէրներ դառնան:
Ահա այս մտածումներով ու սպասումներով Մեր ջերմ շնորհակալութիւնը ու բարձր գնահատանքը կ’ուզենք յայտնել երեք թեմերու առաջնորդ սրբազաններուն ու ազգային իշխանութիւններուն՝ իրենց եկեղեցաշէն ծառայութեան համար. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բարերարներուն ու բարեկամներուն՝ իրենց նիւթաբարոյական զօրակցութեան համար. մեր քոյր կազմակերպութիւններուն ու կառոյցներուն եւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն՝ Մեզի հանդէպ իրենց ցուցաբերած ջերմ սիրոյն ու ընդունելութեան համար: Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ յաջողութեան, առողջութեան ու երջանկութեան երկնային պարգեւներով լեցնէ կեանքը մեր ընտանիքներուն ու ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն:
Հայրական ջերմ սիրով,
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
25 Նոյեմբեր 2025
Անթիլիաս, Լիբանան