Հայութիւնը եւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ճնաժամը՝ ներ-իսլամական պատերազմի ոլորտին մէջ

Սուրիահայութեան ճակատագիրը ազգային օրակարգի անցած է դեռեւս 2011 թուականէն, երբ պայթեցաւ սուրիական քաղաքացիական պատերազմը: Անոր մասին շատ գրուած է, սուրիահայութեան օժանդակութեան բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ կան, սակայն անցնող տարուան Յունիսէն սկսեալ Իրաքի եւ Սուրիոյ հողամասերուն վրայ հաստատուած այսպէս կոչուած Իսլամական Պետութիւնն (ՏԱՀԵՇ) ու ինքնահռչակ խալիֆայութիւնը իրավիճակը կտրականապէս սրեցին:

Արաբերէն իր սկզբնատառերով ժողովրդականացած ՏԱՀԵՇ-ին ապագան տակաւին յստակ չէ: Թէ տարածաշրջանային ուժերը՝ Ծոցի երկիրներէն մինչեւ Թուրքիա անոր կազմաւորման դիւրացման մէջ ակտիւ դերակատարներ եղած են եւ զինումի եւ ռազմավարական յենակէտերու տրամադրութեան միջոցով ճամբայ հարթած, որ այն շատ արագ կերպով տիրապետէ Մոսուլէն մինչեւ Ռաքքա, այսօր կասկածի առիթ չի տար: Միջին Արեւելեան ճգնաժամին հետեւող մասնագէտներուն համար յստակ է, որ այս ուժերը շատ աւելի գործօն են քան Միացեալ Նահանգները կամ Ռուսիան, եւ անոնց հիմնական մտահոգութիւնը Իրանի ազդեցութեան տարածման արգելք հանդիսանալն է:

Անոնց դերակատարութիւնը, առաւել, անելի առջեւ դրած է Օպամայի վարչակարգը, որ փաստօրէն, կը տատամսի ՏԱՀԵՇ-ին դէմ զինուորական արշաւանքի դիմելու բանական անհրաժեշտ որոշումները առնել է՝ Իրանի եւ Պաշշար Ասատի վարչակարգին հետ ռազմավարական թէկուզ եւ լուռ համաձայնութեամբ: Ենթադրելով որ Ուաշինկթըն նման սենարիօ երբեւիցէ նկատի ունեցած է որպէս այլընտրանք, անոր բացայայտումը կ՚ենթադրէ տարածաշրջանային իր դաշնակիցներուն հետ՝ Թուրքիա, Ծոցի երկիրներ եւ Իսրայէլ լուրջ խնդիրներ որոնց քաղաքական գինը, ե՛ւ միջին արեւելեան բեմահարթակին վրայ ամերիկեան ներկայութեան, ե՛ւ ԱՄՆի ներքին քաղաքական ոլորտին մէջ, կրնայ շատ սուղ ըլլալ: Ճիշդ է, Ուաշինկթըն-Թեհրան միջուկային համաձայնութիւնը ուղի հարթած է յարաբերութիւններու բարելաւման, բայց նաեւ առիթ տուած է իր դաշնակիցներուն բացայայտ եւ ոչ-բացայայտ դժգոհութիւններուն: Իսրայէլ կը վախնայ ԱՄՆ-Իրան համաձայնութեան հետեւանքով կորսնցնել իր ռազմավարական մենաշնորհային դիրքը, որպէս Ուաշինկթընի ամենէն վստահելի գործընկերը: Թուրքիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն համար նման համաձայնութիւն անխուսափելիօրէն Սիւննի-Շիա հակամարտութեան մէջ դիրքորոշման ճշդումի մեկնաբանութեան պիտի արժանանայ: Արդիւնքով՝ Ուաշինկթընի դիրքորոշումը կը բացատրուի ներ-իսլամական պայքարի ենթախորքին վրայ ուժերու հաւասարակշռութեան խաղի շարունակումով: Այսինքն՝ միջամտել այնքան որ արիւնալի այս պայքարը արգելք հանդիսանայ տարածաշրջանին մէջ իշխող ուժի մը յառաջացման, եւ սահմանափակուի պատերազմանական գործողութիւններու յստակ տարածքով մը առանց տարածաշրջանը պայթումի առաջնորդելու: Ի վերջոյ նման քաղաքականութեան նախընթաց մը կայ՝ 1980ական թուականներու Իրան-Իրաք պատերազմը, որուն ընթացքին ե՛ւ քարիւղի գինը անկում արձանագրեց, ե՛ւ զէնքի շուկայի պահանջքը բարձրացաւ: Այս իմաստով նոյնիսկ հասարակաց յայտարարներ կան ներկայ կացութեան հետ…

Ուժերու հաւասարակշռութեան քաղաքականութեան երկարատեւ պատերազմներու տարբերակը վտանգաւոր է այն իմաստով, որ անոր վերահսկողութիւնը աւելի մեծ ռիսք կ՚ենթադրէ: Այս պարագային, որքան ալ որ ՏԱՀԵՇ-ը տարածաշրջանային ուժերու օժանդակութիւնը ստացած ըլլայ, որքան ալ որ դիտուի որպէս ուժային հաւասարակշռութեան գործօն, գոյութիւն ունի որպէս իւրայատուկ երեւոյթ: Փաստօրէն, ըստ երեւոյթին այն այնքան ժողովրդական է ճիհատականներու նոր սերունդի մը համար, եւ այնքան լաւ կը տիրապետէ իր իշխանութեան տակ գտնուող տարածաշրջանէն ներս առկայ ռեսուրսներուն, որ ոչ մէկ պետութենէ կախեալ է: Աւելի՛ն, ինքզինք Ապու Պաքըր Ալ-Պաղտատի կոչած ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարին Խալիֆայութեան հռչակման քայլը մարտահրաւէր մըն էր ե՛ւ Ծոցի թագաւորական վարչակարգերուն, որոնց օրինականութիւնը հարցականի տակ կը դնէ, ե՛ւ Թուրքիոյ նոր-օսմանական ձգտումներուն. Խալիֆան հաւատարմութեան կոչ ուղղեց բոլոր իսլամներուն եւ արձագանգ գտաւ ամենուրէք…

ՏԱՀԵՇ երեւոյթը կասկած չի ձգեր որ այն ինչ քաղաքականապէս ճիշդ ըլլալու կամ թուալու համար չէր յայտարարուեր …եւ դեռեւս չի յայտարարուիր պաշտօնապէս. մեծապետական խաղ չէ տեղի ունեցածը, միջ-պետական բախում չէ, ոչ ալ քաղաքացիական տագնապ, այլ՝ կրօնական պատերազմ այնպէս ինչպէս տեղի կ՚ունենար Միջնադարուն՝ պատմական այն ժամանակաշրջանին, երբ արդիական եւ մանաւանդ յառաջդիմական մտածողութիւնը բնորոշեց, «խաւարային» այն համոզումով որ մարդկային բանականութիւնը պիտի գերազանցէր խաչակրութիւններու, ճիհատներու թէ ինքվիզիսիոններու անմարդկայնութիւնը: Կրօնքը պէտք է մնար խղճի հարց, պէտք չէ միջամտեր հանրային թէ քաղաքական կեանքի մէջ որոշումներու կայացման որ պիտի որոշուէր հասարակական պայմանագրով ճշդուած հեղինակութեան մը կողմէ: Այս տրամաբանութեան վրայ է, որ 1648ի Վեսթֆայլեան դաշնագրով Եւրոպայի մէջ ծնունդ առաւ հողատարածային գերիշխանութեան եւ ներքին հարցերուն չմիջամտելու համակարգը, որուն զարգացումը յանգեցաւ ազգ-պետութիւններու կայացման: Պատմական այս հոլովոյթը, բնականաբար բարդ ու վիճելի, հաստատագրուեցաւ որպէս աշխարհայնացում …սեքիւլարիզմ: Մինչեւ փաստօրէն քսաներորդ դարու աւարտը, թերեւս 1979, աշխարհայնացման համակարգը տարածուեցաւ ամենուրէք եւ դարձաւ տիրապետող: Անշուշտ, կրօնքէն հեռանալով քաղաքական համակարգերը աւելի չմարդկայնացան. քսաներորդ դարը մանաւանդ ծնունդ տուաւ աշխարհական տոկմաներու, որոնք իրենց անմարդկայնութեամբ նոյնիսկ գերազանցեցին կրօնականան խաւարամտութիւնը: Խօսքը կը վերաբերի ֆաշիզմին, նացիականութեան եւ ստալինիզմին, քաղաքական համակարգեր՝ որոնք բանականացուցին ցեղասպանութեան ոճիրը: Ընդհանրապէս, սակայն, հաստատագրուեցաւ այն համոզումը որ Աստուածաշունչի իմաստութիւնը՝ Աստծոյ տալ այն ինչ Աստծոյ է եւ կայսրին այն ինչ կայսրին է, արդէն քարոզած էր: Ազգ-պետութիւնները երաշխիք չէին պատերազմներու վերացման, սակայն կը բանականացնէին նոյնիսկ պատերազմները: Առնուազն տեսականօրէն…

ՏԱՀԵՇ-ը եւ խալիֆայութեան վերստեղծման իր ձգտումը կու գայ բացայայտ դարձնելու այն ինչ ծանօթ էր թերեւս 1979էն ի վեր. Միջին Արեւելեան, եւ ընդհանրապէս իսլամական աշխարհին մէջ, աշխարհայնացման համակարգը չէր կայացած, նոյնիսկ ամենաժողովրդավար, ամենալայիք եւ յառաջդիմական պետական վարչակարգերը չէին յաջողած կրօնքը դրական իմաստով հեռացնել հանրային եւ քաղաքական միջոցէն: Իսրայէլ, Թուրքիա եւ Իրան, ինչպէս նաեւ արաբական բոլոր համակարգերը՝ Նասըրական Եգիպտոսէն մինչեւ Պաասական Սուրիա եւ Իրաք կրօնքին տեղ տուած էին կամ փորձած էին այն շահագործել՝ քաջ գիտնալով թէ որքա՛ն այն տակաւին տիրական էր ժողովրդային խաւերուն մէջ: Իսրայէլի օրինակը կը բերուի հակառակ որ այն ո՛չ իսլամական ո՛չ ալ արաբական պետութիւն է, հակառակ անոր որ տասնամեակներ շարունակ հանրածանօթ էր որպէս Միջին Արեւելքի միակ ժողովրդավարութիւնը, ուր քաղաքացիական իրաւունքները կը պաշտպանուէին պետութեան կողմէ (թէկուզ եւ արաբ քաղաքացիներուն հանդէպ կիրարկուած ուղղակի թէ անուղղակի խտրականութենէն…), սակայն յաճախ մոռացութեան կը տրուի որ Պէն Կուրիոնն ու սիոնական շարժումին մէջ այն ատեն տիրապետող ձախակողմեան ու յառաջդիմական թեւը, որ պետութիւն ստեղծեց, թերեւս ստիպողաբար զիջումներ ըրին կրօնական հատուածին որպէսզի անոնք չընդդիմանան պետութեան ստեղծման գործընթացին: Այսօր արդէն յստակ է թէ Իսրայէլ բացառապէս հրէական պետութիւն ըլլալու եւ ծաւալելու վտանգաւոր ուղիին վրայ է արդէն տասնամեակէ մը ի վեր Աջի եւ ծայրայեղ Աջի իրերայաջորդ ընտրական յաղթանակներու արդիւնքով: Սակայն հիմնականին մէջ իսլամական եւ արաբական աշխարհին մէջ է որ աշխարհայնացման համակարգը ձախողեցաւ եւ ասոր հիմնական պատճառը ոչ թէ իսլամական կրօնքին էութիւնն է (ի վերջոյ ամէն միաստուածեան կրօնքի էութիւն նոյնն է), այլ՝ Իսլամի շահագործումը Օսմանեան կայսրութեան ոլորտին մէջ նախ Սուլթանին, ապա՝ Երիտթուրքերու կողմէ ի խնդիր կայսրութեան պահպանումին:Հոս թերեւս արժէ յստակացնել, որ երբ տասնիներորդ դարու իսլամին մասին կը խօսուի որպէս պետական համակարգ նկատի կ՚առնուի Սիւննի իսլամը: Արդարեւ, ծանօթ է որ մինչ Շիա իսլամին հետեւորդները, թերեւս իրենց դէմ ծաւալած հալածանքներուն հետեւանքով, առաջացուցած էին շատ աւելի բրգաձեւ կրօնական հեղինակութեան համակարգ մը, Սիւննի իսլամը նոյնացած էր իշխանական համակարգին՝ խալիֆայութեան հետ: Նոյնիսկ երբ Ֆաթիմականներու թագաւորութիւնը Եգիպտոսի մէջ թէ Իրանի՝ 17րդ դարուն Շիա իսլամը յայտարարեցին պետական կրօնք, Շիա իսլամը չունեցաւ իշխանութիւնը վերցնելու քաղաքական մտածողութիւն, մինչեւ, փաստօրէն, Խումէյնի:

Օսմանեան կայսրութեան ոլորտին մէջ ծնունդ առած բարեկարգչական թէ յառաջդիմական ամէն շարժումները՝ Թանզիմաթէն մինչեւ արաբական Նահտա, իշխող դասակարգին կողմէ ընկալուեցան որպէս սպառնալիք, որովհետեւ կ՚ենթադրէին քաղաքական համակարգին մէջ ներառել հասարակութիւնը, զանգուածները, ռայան… Եւրոպական գաղութատիրութիւնը իր կարգին Օսմանեան կայսրութեան ներթափանցման համար լաւագոյն միջոցը գտաւ կրօնական տարբերութիւններու հրահրումը: Պատմութիւնը յայտնի է. 19րդ դարն ու 20րդ դարու սկիզբը Օսմանեան կայսրութիւնը թատերաբեմ հանդիսացաւ ամենանարիւնոտ սպանդներու որոնց զոհերը հիմնականին մէջ քրիստոնեաներն էին: Նոյնիսկ երբ հայերու, ասորիներու թէ յոյներու բնաջնջումը կը ծրագրուէր փանթրքական նպատակներով, իսլամը շահագործուեցաւ անոնց դէմ: Կայսրութեան անկումէն, Խալիֆայութեան վերացումէն եւ Միջին Արեւելքի մէջ հողատարածային պետութիւններու ստեղծումէն յետոյ նոյնիսկ, ոչ քեմալական Թուրքիոյ, ոչ Նասըրական Եգիպտոսի թէ արաբական աշխարհի մէջ, ոչ ալ Պաասի տիրապետութեան տակ գտնուող Սուրիոյ կամ Իրաքի մէջ, իսլամը քաշուեցաւ հանրային կեանքէն: Ընդհակառակը, իրենց բնոյթով առաւել թէ նուազ չափով ամբողջատիրական այս պետական համակարգերու մէջ Սիւննի իսլամը զարգացաւ որպէս քաղաքական մտածողութիւն, որպէս Իսլամ Եղբայրներ, որպէս ապագայ Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութիւն… Ի մասնաւորի 1967ի պատերազմէն յետոյ, իրադարձութիւն մը որ համարաբականութեան ծրագրի ձախողութեան ազդանշանը տուաւ ատենին, որքան ալ որ դժուար ըլլալ անոր ընկալումը: «Լուծումը իսլամն է» լոզունգը սկսաւ ժողովրդականութիւն գտնել եւ Հասան Պաննայէն մինչեւ Սայիտ Քութպ տեսական հիմքերը դրին ապագայ քաղաքական պայքարին:

Ճիշդ է որ Իրանի իսլամական յեղափոխութիւնն է որ 1979ին ազդանշանը տուաւ Միջին Արեւելքի մէջ հետագայ խորքային վերիվայրումներու: Բայց յաճախ մոռացութեան կը տրուի որ նոյն տարուան աւարտին խորհրդային զինուորական միջամտութիւնը Աֆղանիստական եւ հոն ծաւալած մուճահիտական դիմադրութիւնը իսլամի քաղաքականացման միւս երեւոյթն է: Ծոցի երկիրներուն կողմէ ֆինանսաւորուած, Փաքիստանի աշխոյժ մասնակցութեամբ եւ ռեկենեան վարչակարգի զօրակցութեամբ, Աֆղանիստան վերածուեցաւ հետագայ իսլամականութեան ծննդոցը: Հոն է որ Պըն Լատիններն ու Այման Զաուահիրիները պիտի եղբայրանան իրենց պայքարին մէջ եւ պիտի համոզուին որ իսլամի անունով կայսրութիւն մը տապալած էին: Կը մնայ յստակացնել, որ մինչ Իրանի իսլամական յեղափոխութիւնը Շիա էր, մինչ Աֆղանիստանի մէջ ծաւալած ճիհատը հիմնականօրէն Սիւննի: Այլ խօսքով, իսլամի ներքին պառակտուածութիւնը արդէն կ՚արտայայտուէր երկու տարբեր բնոյթի քաղաքական պայքարներով: Այսինքն, չկայ իսլամականութիւն որպէս քաղաքական գաղափարախօսութիւն եւ միասնական ծրագիր, կայ Սիւննի եւ Շիա իսլամականութիւն: Անոնց թերեւս անխուսափելի բախումը 1980ական թուականներէն յայտնի էր. Իրան-Իրաք պատերազմը եւ Լիբանանի քաղաքական պատերազմի ընթացքին Արեւմտեան Պէյրութի մէջ Ամալի եւ Հըզպալլահի տիրապետութիւնը եւ նասըրականութեան հետեւորդ Սիւննի կազմակերպութիւններու չքացումը, ի մէջ այլոց, այդ բախումին նախանշանները տուին: Պուշի վարչակարգին զինուորական միջամտութիւնը Իրաք եւ երկրի պառակտումը արագացուցած հետագայ քաղաքականութիւնը պարարտ հող ստեղծեցին որ Սիւննի-Շիա բախումը վերածուի ներիսլամական քաղաքացիական պատերազմի, որ 2011ին արդէն ծաւալեցաւ դէպի Սուրիա եւ Լիբանանի հիւսիսը: Ինչ որ ՏԱՀԵՇ-ի ծնունդով հաստատագրուած է շատ յստակօրէն այս ներիսլամական պատերազմն է:

Եթէ պատմական զուգահեռները որեւէ իմաստ ունին, այն ինչ կը պատահի Միջին Արեւելքի մէջ իր նախընթացը ունի Եւրոպայի մէջ 17րդ դարու Երեսնամեայ պատերազմով ուր իրարու բախեցան Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Լուտերի սկսած Բարեկարգչական շարժման հետեւորդները: Եւրոպայի մէջ պատերազմները երբեք այսքան արիւնալի եւ ատելի չէին եղած: Ինչպէս կրօնական պատերազմներ ուսումնասիրած պատմաբանները դիտել կու տան, «կրօնական պատերազմ» յղացքը յատուկ է միայն միաստուածեան կրօնքներու… Երեսնամեայ պատերազմը լուծում չտուաւ կրօնական մեկնաբանութիւններու տարբերութեան բայց յանգեցաւ Վեսթֆալիայի եւ յաջորդ դարուն Եւրոպայի մէջ պիտի ծաւալէր համամարդկային պատմութեան մէջ թերեւս ամենէն յուսալի մտաւորական, մշակութային եւ հասարակական շարժումը՝ Լուսաւորութիւնը: Ինչ որ կը պատահի Միջին Արեւելքի մէջ պիտի յանգի՞ իսլամական աշխարհի մէջ Լուսաւորութեան հանդուրժողականութեան ոգիին ընդհուպ մինչեւ հասարակութեան իսկական աշխարհայնացում: Կրօնական պատերազմներու տրամաբանութիւնը հաշտողականութեան եզր հազիւ թէ նախատեսէ: Բացարձակ ճշմարտութեան համոզումը կ՚առաջնորդէ դիմացինին գոյութեան իրաւունքի ժխտումին: Ծայրայեղ վայրագութիւնը կը դադրի միայն երբ կը տիրապետէ տեղի ունեցածին անհեթեթութիւնը եւ անոր արդիւնքով առաջացող համատարած թշուառութիւնը: Սիւննի-Շիա բախումը զէրոյի հաւասարութեան իր տրամաբանութեան մէջ մէկ կամ միւս կողմին յաղթանակը կ՚ենթադրէ, հետեւաբար՝ պատերազմը կրնայ ոչ թէ Երեսնամեայ Պատերազմը յիշեցնել այլ անոր նախորդած՝ Հարիւրամեայ Պատերազմը, արաբական եւ իսլամական յղուածքով՝ Ֆիթնային ամբողջ ժամանակաշրջան մը: Ի մասնաւորի երբ շրջանային ուժերը, աւելի յստակօրէն՝ Թուրքիա եւ Ծոցի կարգ մը երկիրներ, ՏԱՀԵՇ-ին ընդմէջէն տեսնեն ոչ թէ հիմնականօրէն սպառնալիք իրենց իսկ գոյութեան եւս, այլ՝ առաջնահերթօրէն որպէս Իրանի ազդեցութիւնը կասեցնող ազդակ, կամ, աւելի վատ, Շիաներու դէմ պատերազմ: Պատերազմին վայրագութիւնն ու յոգնածութիւնն ալ անպայմանօրէն չեն առաջնորդեր անոր աւարտին. ի վերջոյ, վայրագութիւնն ալ կրնայ հասարականալ եւ գայթակղութիւն չպատճառել եթէ անոր հանդիսացումը զանգուածային լրատուական միջոցներու կողմէ զոհերը վերածէ պարզ թիւերու: Միայն եթէ իսլամական իմաստութեան ձայները, որոնք, ի՛նչ խօսք, կա՛ն, լսուին այնքա՛ն զօրաւոր որ տեղի ունեցածին անհեթեթութեան գիտակցութիւնը տիրապետող ըլլայ: Այդ չէ կացութիւնը դժբախտաբար: Բանական ձայներէն աւելի զօրաւոր կը լսուին ռումբերու ձայներն ու զոհերը գլխատող դահիճներու հրճուանքը… Այսինքն, Մարքսի հետեւումով, այն ինչ կը պատահի Միջին Արեւելքի մէջ կրնայ Պատմութեան կրկնութիւնը ըլլալ այս անգամ հեգնանքի ձեւով…

Դէմ յանդիման ՏԱՀԵՇ-ի նախաձեռնած կրօնական մաքրագործումին բոլոր կրօնական համայնքները գոյութենական սպառնալիք կը դիմագրաւեն: Բայց կասկած չկայ որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն դանդաղ բայց հաստատ անէացումն է որ տեղի կ՚ունենայ: Ոչ միայն ֆիզիքական, այլ նոյնիսկ՝ պատմական յիշողութեան: Եթէ ատենին քրիստոնէաները իրենց կացութեան լուծում տեսած էին արաբական ազգայնութեան մէջ, որուն հիմնադիր անդամներու եւ ներկայացուցիչներու շարքին են, եթէ Լիբանանի ոչ կատարեալ սակայն այնուամենայնիւ իւրայատուկ համայնքային ժողովորդավարութիւնը յոյս մը տուած էր հաւասար իրաւունքներու պայմաններու մէջ խաղաղ գոյակցութեան, այսօր այդ զոյգ համոզումներու վրայ հիմնուած պետական-քաղաքական համակարգերը մահաքունի մէջ մտած են: Յստակ է որ արաբական Նահտայի սպասած Արդիականացումը միջին արեւելեան հասարակութեան մէջ երբեք չարմատականացաւ, եւ այս մասին շատ գրած են արաբ մտաւորականները: Կրօնական-յարանուանական հաւատարմութիւնները միշտ գերազանց եղած են:

Կրօնական բազմազանութեան յատկանշուած բոլոր երկիրներու մէջ միայն Լիբանանն էր, որ անկեղծ եղած է բացայայտելու տարբերութիւններու շարունականութիւնը եւ անոնց համակեցութիւնը վերածած է իմաստութեան: Դժբախտաբար, սակայն, Ազգային Ուխտին եւ համայնքային դրութեան միւս երեսը՝ աւատապետական ընտանիքներու տիրապետութիւնն էր, ինչ որ, իր կարգին, թոյլ չտուաւ որ թէկուզ եւ համայնքային համակեցութեան իրականութեան մէջ քաղաքացիական ինքնութեան բնորդ մը ձեւաւորուի ինչպէս պարագան է Զուիցերիոյ: Ինչ կը վերաբերի արաբական ազգայնականութեան եւ անոր քաղաքական համակարգերուն –լայիք պետութիւն թէ Պաասի նման կուսակցութիւն- անոնց ամբողջատիրական էութեան ներքոյ համայնքային-յարանուանական ինքնութիւնները զարգանալու միջոց չունէին կամ շատ այդ միջոցը շատ սահմանափակ էր, հետեւաբար՝ դիմեցին վերապրումի ամէն տեսակի միջոցներու: Այս իմաստով, այն համայնքը որ պետութեան կը տիրապետէր նաեւ իր գոյակցութիւնը կ՚ապահովէր, միեւնոյն ժամանակ սակայն կը վերածուէր միւս համայնքներու նախանձի եթէ ոչ ատելութեան առարկային: Թէ անկեղծ էին Պաասի անդամագրուողներու համոզումները՝ կասկած չկայ: Բայց բաւ է իրարու հակադրել Հաֆէզ Ալ-Ասատի եւ Սատտամ Հիւսէյնի Պաասական վարչակարգերը տեսնելու որպէս հայելիի մէջ արտացոլուող միեւնոյն պատկերը՝ ազգային համարկումի, ընկերային արդարութեան եւ համարաբական դատին պաշտպան կուսակցութիւն-պետութիւն համակարգեր, որոնք երկու երկիրներուն մէջ երկու տարբեր փոքրամասնական համայնքներու վերապրումի ռազմավարութեան ծառայած են: Տիրապետել պետութեան անվտանգութեան մեքենան կը նշանակէր ապահովել համայնքի վերապրումը, կամ այդպէս կը թուէր… Դժուար չէ հասկնալ թէ ինչո՛ւ ամբողջատիրական վարչակարգերու ծնունդ տուած ներքին դժգոհութիւններն ու խանդերը կրնան դիւրութեամբ շահագործուիլ արտաքին ուժերու կողմէ:

Միջին Արեւելքի տագնապի ՏԱՀԵՇ-եան այս թերեւս վերջնական ու ամենաարիւնոտ հանգրուանին ուրեմն տարածաշրջանի քրիստոնէութիւնը իր ապագային մասին մտածելիք ունի: Երբ «քրիստոնէութիւն» կ՚ըսուի, պարզ է, նկատի կ՚առնուի քրիսոնէայ տարբեր համայնքները տարբեր երկիրներու մէջ եւ ոչ թէ մէկ ու միակ հաւաքականութիւն մը: Կը մնայ որ այդ հաւաքականութեան գիտակցութիւնը առնուազն օրակարգի վրայ կու գայ գոյութենական սպառնալիքին պարագային. ՏԱՀԵՇ-ի համար տարբերութիւն չկայ այս կամ այն քրիստոնեային թէ Շիա իսլամի տարբեր ճիւղերու հետեւորդներուն միջեւ, բոլորն ալ քաֆիր են, բոլորն ալ «մաքրագործուելիք», կամ ալ՝ կիներու եւ երեխաներու պարագային որպէս ստրուկ վաճառուելու: Մէկ հաւաքականութեան այդ գիտակցութիւնը Միջին Արեւելքի քրիստոնէաներուն մօտ կարծես ձեւաւորուելու սկսած է ի դէմս 2014ին արդէն գործընթացի վերածուած եկեղեցապետերու հաւաքներով եւ համաշխարհային շրջապտոյտով մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, ուր, ի դէպ, դէմ յանդիման եկան այսպէս կոչուած «սիոնական քրիստոնեաներ» ներկայացնող ծերակուտականի յիմար ցափռտուքին որով եւ անոնց կը հրաւիրէր վերածուելու Իսրայէլի պաշտպաններու, այլ խօսքով՝ իրենց բնաջնջման համաձայնութիւնը ստորագրելու… Գործընթացը, անշուշտ, մեծ ռիսքերու դէմ յանդիման կը գտնուի: Նախ եւ առաջ կրնայ շահագործուիլ ՏԱՀԵՇ-ին կողմէ որ այն կրնայ ներկայացուելով որպէս «խաչակրութիւն»՝ հրահրելու իսլամներու կիրքերը: Յետոյ, որպէսզի գործընթացը ամրագրուի պէտք է տեղադրուի միջ-կրօնական եւ մասնաւորաբար իսլամ-քրիստոնեայ տիալոկի ծիրին մէջ, ինչ որ կ՚ենթադրէ թէ շուտով Վատիկանն ու Ուղղափառ Եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Աւետարանական եկեղեցիներու միջազգային ազդեցիկ խմբաւորումներ անհրաժեշտաբար ակտիւանան աւելի քան ինչ կ՚ընեն մինչեւ այսօր: Վերջապէս, եւ հիմնականօրէն, գործընթացը պէտք է առաջնորդէ միջ-կրօնական աւելի կայուն համակարգի մը որուն հեղինակաւոր ձայնը տիրապետէ աւելի քան ՏԱՀԵՇ-ն ու անոր սնանող պետութիւնները:

Այս բոլորը կը թուին շատ վերացական, մասնաւորաբար որովհետեւ պետութիւններուն ներկայ սահմանները դեռեւս օրինականութեան հիմնական ռեֆէրենտներն են եւ կը սահմանեն քաղաքացիական եւ ոչ թէ կրօնական հաւատարմութիւններու համակարգեր: Կը մնայ որ նոյն այդ սահմանները աշխարհաքաղաքական վերասահմանունի անխուսափելիութեան դէմ յանդիման կը գտնուին: Միջին Արեւելքի եկեղեցապետերու նախաձեռնած գործընթացը թերեւս պատրաստութիւն մըն է այդ վերասահմանումի հեռանկարին եւ տարածաշրջանին մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան ապահովումին: Թէ հողի վրայ այս բոլորը քիչ նշանակութիւն ունի օրէ օր կամ ժամէ ժամ վերապրող քրիստոնեաներուն համար՝ ճիշդ է: Փաստօրէն, Սուրիոյ գոյութենական ամբողջ խնդիրը այսօր այսպէս կոչուած Հալէպի ճակատամարտով կարծես պիտի լուծուի. Հալէպը մաս պիտի կազմէ՞ Ասատի տիրապետութեան տակ գտնուող հողատարածութեան, թէ՞ պիտի իյնայ ՏԱՀԵՇ-ի ձեռքը, կամ՝ պիտի հաստատագրուի որպէս բաժանեալ քաղաք: Հոն ապրող քրիստոնեաներուն համար այլընտրանքը այսօր կասկածի տակ չի կրնար դրուիլ. իրենց վերապրումն իսկ կը պարտադրէ բացառել ՏԱՀԵՇ-ին յաղթանակի ամէն հեռանկարի հանդէպ դոյզն համակրանքն իսկ: Բայց Հալէպի ճակատամարտին յաջորդող սահմանումները այլ խնդիր են: Եթէ կայ գիտակցութիւնը թէ ի՛նչ էին Սուրիոյ քայքայման խորքային պատճառները, ապա եւ անհրաժեշտ է վաղուան դիրքորոշումը սահմանող ամէն պատրաստութիւն զերծ պահել տեղի ունեցածին մէջ միայն արտաքին մեծ սադրանք մը տեսնելու կացութեան դիւրին բայց անիմաստ բացատրութենէն:

Հալէպէն մինչեւ Դամասկոս եւ Լիբանան, ներառեալ Իրաքի ուշադրութենէ քիչ մը վրիպած հայութիւնը, մաս կը կազմէ այս ամբողջ գործընթացին: Արամ Ա. Վեհափառի հեղինակային մասնակցութիւնը Միջին Արեւելքի եկեղեցապետերու սկսած նախաձեռնութեան, միջազգային մասշտապով իր զբաղեցուցած տեղը անխուսափելի կը դարձնեն իր դերակատարութիւնը: Այս կը նշանակէ որ Միջին Արեւելքի հայութիւնը, որպէս մասնիկը տարածաշրջանի քրիստոնէութեան, նաեւ դէմ յանդիման կը գտնուի աշխարհաքաղաքական այս մեծ վերիվայրումներուն մէջ իր տեղը որոշելու մարտահրաւէրին դէմ յանդիման: Ոչ միայն որպէս տարբեր երկիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող համայնքներ, այլ որպէս ամբողջութիւն, որպէս տարածաշրջանի պատմութիւնը կերտած հաւաքականութիւն, որուն քաղաքակրթական ներդրումը առկայ է Հալէպէն մինչեւ Զմմառ ու Երուսաղէմ: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն եւ Իրանի մէջ իսլամական յեղափոխութենէն յետոյ մինչեւ Իրաքի եւ Սուրիոյ ներկայ տագնապները Միջին Արեւելքի մէջ հայութեան ներկայութիւնը ընդհանրապէս չէ մտածուած պատմականօրէն տարածաշրջանի բաղկացուցիչ հաւաքականութեան կտրուածքով: Միջին Արեւելքը կարեւորուած է հայրենամերձութեան եւ հայրենադարձութեան վախճանական նպատակի դիտանկիւնէն: Իրաքէն Հայաստան ապաստան փնտռած հայութեան իրավիճակը հիասթափութիւն եղաւ: Դառն դասը գոնէ մասամբ սերտուած կը թուի: Սակայն սուրիահայութեան հայրենիք փոխարութեան փորձառութիւնն ալ երեւան հանեց ե՛ւ առարկայական, ե՛ւ քաղաքական սահմանափակումներ: Այդ այլընտրանքը առկայ է, մեծապէս դիւրացուած անոր օրինական կիրառումը, բայց դժուարութիւնները կը յամենան: Սուրիահայութեան տագնապի անցած երեք տարիները պարզ դարձուցին արդէն ծանօթ ճշմարտութիւն մը. երթալու կամ մնալու որոշումը հիմնականօրէն ենթակայական է, կը մնայ հաւաքական այլընտրանքները յստակացնել, այդ որոշումը դիւրացնելու համար: Միջին Արեւելիքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան ապագան որոշելու գործընթացը, որ ծնունդ առաւ ՏԱՀԵՇ-ի երեւոյթով, աւելի արմատականացած ներ-իսլամական պատերազմի ոլորտին մէջ, տարածաշրջանային հայութեան համար մնալու որոշումին հեռանկար տուող նախաձեռնութիւն մըն է: Կ՚արժէ որ այդ ուղղութեան զարգանայ հայ քաղաքական մտածողութիւնը:

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.