Հայկական վարժարաններու ուսումը ստորադաս չէ օտար վարժարանէն

ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ

«Օտար Դպրոց Պէտք Է Յաճախել, Որ Օր Մը Կարելի Ըլլայ Տեղ Հասնիլ…»…

Այս յանկերգը բաւական լսած ենք ու դեռ կը լսենք ամէն անգամ, երբ զրոյցի (յաճախ վիճաբանութեան) նիւթը սփիւռքի հայ դպրոցը, հայկական վարժարանն է: Կայ խաւ մը մեր մէջ, որ կը շարունակէ պնդել, թէ ասպարէզի յաջողութեան համար օտար դպրոց յաճախելը պայման է, որովհետեւ մեր վարժարաններուն, այսպէս ըսած, մակարդակը ստորադաս է անկէ:

Խօսքը կը վերաբերի այստեղ զուտ ուսման մակարդակի մասին, եւ չենք խօսիր անշուշտ հայեցի կրթութեան-դաստիարակութեան մասին, զոր կը ջամբէ հայ դպրոցը:

Օտար վարժարանը գերադաս համարողներուն համար չափանիշը ո՞րն է արդեօք: Ո՞րն է «տեղ հասնելու» նշաձողը: Սփիւռքի հայկական վարժարաններէն ներս ուսում ստացած հազարաւոր տղաք ու աղջիկներ ո՞ր ասպարէզին մէջ ներկայ չեն: Տարբեր մասնագիտութիւններու մէջ միջազգային բարձրագոյն դիրքեր նուաճած մեր վարժարաններէն եկած, ապա համբաւաւոր համալսարաններ ընդունուած ու աւարտած փաղանգներ կան աշխարհի չորս ծագերուն: Եթէ ստորադաս էր մերը` օտար վարժարանէն, ապա ինչպէ՞ս նուաճեր են անոնք այդ դիրքերը: Պէյրութ` Ճեմարանէն, Յովակիմեանէն, Ազգային վարժարաններէն, Հռիփսիմեանցէն, Աւետարանականներէն, Կիպրոս` Մելգոնեանէն, Լոս Անճելըս` Ֆերահեանէն, Ալեք Փիլիպոսէն, Վենետիկի, Փարիզի Մխիթարեաններէն, Պոլսոյ Կեդրոնականէն, Մարսէյի Ճեմարանէն եւ սփիւռքեան տարբեր գաղութներու բազմաթիւ այլ դպրոցներէ (ինչպէ՜ս վերջակէտ դնել) անցած հազարաւոր մասնագէտներու (բժիշկ, գիտնական, երկրաչափ, ճարտարապետ, ճարտարագէտ, տնտեսագէտ, ակադեմական դասախօս, քաղաքական դէմք եւ մասամբ նորին) ցանկերը բարացուցական են եւ լաւագոյն ապացոյցն են, որոնցմէ շատեր` միջազգային համբաւի: Աւելի՛ն.  ցարդ երկու հայ միայն արժանացած է աշխարհի ամէնէն հեղինակաւոր մրցանակին` Նոպէլեանին. Արտեմ Փաթափութեան` բժշկութեան, Տարօն Աճեմօղլու` տնտեսագիտութեան: Առաջինը` Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի «արտադրութիւն», երկրորդը` Պոլսոյ Արամեան-Ունճեան վարժարանի: Առաջինը աւարտած է Քալիֆորնիոյ, երկրորդը` Լոնտոնի համալսարանը: Երկուքն ալ կը դասախօսեն աշխարհահռչակ համալսարաններու մէջ:

Փաստօրէն, ուրեմն, հայկական վարժարաններու ուսումը ստորադաս չէ օտար վարժարանէն: Հակառակը պնդողը հաւանաբար կը տառապի ստորակայութեան բարդոյթէ:

Կը կրկնեմ, այստեղ խօսքը կը վերաբերի միայն ուսման, եւ չենք խօսիր հայ դպրոցի էութեան` հայեցի՛ կրթութեան եւ դաստիարակութեան մասին, որուն այլընտրանքը չունի ՈՉ ՈՔ եւ պարզապէս անփոխարինելի է ԱՆ: Բայց ասիկա արդէն բոլորովին ուրիշ նիւթ է, խորքային, բարդ եւ մանաւանդ` բազմակողմանի, որուն մասին կ՛անդրադառնամ այլ առիթով:

Comments are closed.