Հայաստան-Ֆրանսա Եւ Հայաստան-Հնդկաստան՝ Պաշտպանական Գործակցութեան Քննարկումներ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան եւ Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի 2 Յուլիսին քննարկեցին պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Ֆրանսա գործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Պաշտպանութեան նախարարութենէն կը հաղորդեն, որ անոնք բարձր գնահատեցին համագործակցութեան ծիրին մէջ իրականացած ձեռքբերումները եւ նախանշեցին հետագայ գործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները: Անոնք քննարկեցին նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:

Նոյն օրը, Պապիկեան ընդունեց նաեւ Հայաստանի մօտ Հնդկաստանի դեսպան Նիլաքշի Սահա Սինհան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Հնդկաստան համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային ապահովութեան վերաբերող հարցեր: