Հայաստան-Իրան համագործակցութեան օրակարգը քննարկուեցաւ Երեւանի մէջ
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունեց աշխատանքային այցելութեամբ Երեւան գտնուող Իրանի արտաքին գործոց նախարարի տնտեսական դիւանագիտութեան հարցերով տեղակալ Համիտ Ղանպարին։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին Հայաստան-Իրան ռազմավարական բնոյթ կրող յարաբերութիւնները՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով ենթակառուցուածքներու, ուժանիւթի եւ փոխադրութեան ոլորտներուն մէջ իրականացուող ծրագիրներուն։ Կարեւոր նկատուեցան նաեւ փոխկապակցուածութեան նոր նախաձեռնութիւններու ընձեռած կարելիութիւնները։
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ շրջանային զարգացումներուն։ Ղանպարի առանձին հանդիպում ունեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեանի հետ, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկկողմ օրակարգի ընթացիկ հարցերը։