Հայաստան Եւ Հնդկաստան Պաշտպանութեան Գործակցութեան Համաձայնագիրը Ստորագրութիւն
- (0)

23 Հոկտեմբերին, Հնդկաստանի Հայտարաբատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցան Հայաստան-Հնդկաստան պաշտպանական խորհրդակցութիւնները՝ նախորդ տարի ձեւաւորուած երկկողմ պաշտպանական գործակցութեան հարցերու միացեալ աշխատանքային խումբի ձեւաչափով:
Խորհրդակցութիւնները ղեկավարեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան եւ Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան միջազգային համագործակցութեան հարցերու գծով միացեալ քարտուղար Վիշուեշ Նեգի:
Հանդիպումին ընթացքին, կողմերը իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին 2025ի համագործակցութեան ծրագիրի կատարման ընթացքին վերաբերեալ եւ ընդգծեցին յաջորդ տարուան ծրագիրին մէջ շարք մը նոր ոլորտներ ընդգրկելու անհրաժեշտութիւնը: Կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային ապահովութեան հարցերու վերաբերեալ: Կողմերը իրարու տեղեկացուցին երկու երկիրներուն զինուած ուժերուն մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն մասին:
Աւարտին ստորագրուեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ համագործակցութեան 2026ի ծրագիրը, որ կ՛ընդգրկէ բարձրաստիճան եւ փորձագիտական փոխայցելութիւններ, ռազմական կրթութիւն, ռազմական-թեքնիք, մարտական պատրաստութիւն եւ վարժութիւններ, փորձի փոխանակում եւ այլն: