Հայաստան եւ Իրան կը խորացնեն տնտեսական եւ ենթակառուցուածքային համագործակցութիւնը
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի եւ Իրանի միջկառավարական միացեալ յանձնաժողովի 19-րդ նիստը տեղի ունեցաւ նոյեմբեր 10-ին, Երեւանի մէջ՝ Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Իրանի փոխնախագահ Սէյէտ Համիտ Փուրմոհամմատիի համանախագահութեամբ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն միջեւ ուժանիւթի, փոխադրութեան, առեւտուրի, ենթակառուցուածքներու եւ գործարար կապերու զարգացման ուղղութեամբ իրականացուող ծրագիրները։
Հայկական կողմը ընդգծեց տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման կարեւորութիւնը՝ վերահաստատելով, որ նոր փոխադրական ուղիները պէտք է գործեն պետութիւններու ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, իրաւազօրութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներուն հիման վրայ։
Մհեր Գրիգորեան կարեւոր նկատեց Իրանի աջակցութիւնը Հայաստանի ներկայացուցած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան։
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան նաեւ կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարման, ուժանիւթային ծրագիրներու ընդլայնման, առեւտրական կապերու եւ փոխադրական ենթակառուցուածքներու զարգացման կարելիութիւնները։
Գրիգորեան յայտնեց, որ կողմերը բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ հասած են համաձայնութիւններու, որոնց գործնական իրականացումը պիտի հանդիսանայ յաջորդ հանգրուանը։
Յանձնաժողովի աշխատանքներու աւարտին ստորագրուեցաւ փոխըմբռնման յուշագիր։
Հայաստան-Իրան համագործակցութիւնը յատուկ ռազմավարական նշանակութիւն ունի Հայաստանի հարաւային սահմանին եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու վերադասաւորման պայմաններուն մէջ։
Թեհրանի հետ յարաբերութիւններու ամրապնդումը կարեւոր է նաեւ Հայաստանի տնտեսական այլընտրանքներու պահպանման եւ իր տարածքին վրայ ամբողջական ինքնիշխանութեան ապահովման տեսանկիւնէն։