Հայաստան Ատրպէյճանին 16 Յօդուածներով Խաղաղութեան Պայմանագիր Մը Կ՛առաջարկէ

 հակառակ նախորդ օրերուն Ատրպէյճանի դրսեւորած անհամաձայնութեան, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 11 Սեպտեմբերին, Պաքուին դարձեալ առաջարկեց Խաղաղութեան պայմանագիր մը ստորագրել` ներառելով մինչեւ այսօր համաձայնեցուած 16 յօդուածները` չհամաձայնեցուած մէկ յօդուածը ձգելով ապագային:

«Մենք բոլոր 16 յօդուածների համար ունենք համաձայնեցուած բովանդակութիւն, երեք յօդուածի համար այդ բովանդակութիւնն ի սկզբանէի հետ համեմատած մասամբ է համաձայնեցուած, այսինքն, 13 պլիւս (առաւել) 3, այսինքն, 16 յօդուածով պայմանագիր», նշեց Փաշինեան:

Ան առաջին անգամ ըլլալով խօսեցաւ թիւերով` խաղաղութեան պայմանագիրը սկզբանէ ունեցած է 18 յօդուածներ, սակայն ապաշրջափակման վիճայարոյց յօդուածը հանուած է: Մնացած 17 յօդուածներէն մէկը, ըստ Փաշինեանի, ընդհանրապէս համաձայնեցուած չէ: Ան անոնց բովանդակութեան մասին չխօսեցաւ, այլ՝ միայն ըսաւ, թէ համաձայնեցուած է նաեւ նախաբանը, փաստաթուղթին վերնագիրը:

«Ադրբեջանական կողմն ասում է` չէ, կարեւոր հարցեր կան, որ պէտք է արտայայտուեն, մեր հարցը հետեւեալն է` եթէ դրանք արտայայտենք, էլ չե՞ն լինելու, այսինքն` դրանով ամբողջ կարեւոր հարցերի ցանկը սպառելո՞ւ ենք: Փաստ է, որ աշխարհում չկայ այնպիսի պայմանագիր, խաղաղութեան-ոչ խաղաղութեան, որը բոլոր հարցերին պատասխան է տալիս: Այսինքն` ինչպիսին էլ լինի, եթէ նոյնիսկ 40, 50, 60, 80 յօդուած էլ ունենայ այդ պայմանագիրը, միեւնոյն է, բոլոր կարեւոր հարցերին պատասխան չի տալու», ըսաւ Փաշինեան:

Անդրադառնալով Ալմա Աթայի հռչակագիրին գծով Պաքուէն հնչող երկակի յայտարարութիւններուն՝ Փաշինեան ըսաւ. «Երկու երկրների սահմանազատման յանձնաժողովները տարածել են յայտարարութիւն, եթէ չեմ սխալւում միաժամանակ, որ Ալմաթայի հռչակագիրը դառնում է սահմանազատման գործընթացի բազային (հիմքային) սկզբունք եւ կողմերը սահմանազատման գործընթացում կ՛առաջնորդուեն դրանով: Սա է պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, եւ ես որեւէ այլ բանի անդրադառնալը ես անկեղծ ասած պատեհ չեմ համարում»։

Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու համար նախապայման դրած է Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը: Փաշինեան փորձեց դարձեալ փարատել Պաքուի մտահոգութիւնները՝ ըսելով. «Սահմանադրութեանը հակասող միջազգային պայմանագրերը չեն կարող վաւերացուել, եթէ Սահմանադրական դատարանն ասում է, որ համապատասխանում է Սահմանադրութեանը եւ ուղարկում է Ազգային ժողով, որն էլ վաւերացնում է, էն դրոյթը, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չունի տարածքային պահանջներ Ադրբեջանի նկատմամբ, ստանում է բարձրագոյն իրաւական ուժ»։

Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան, մասնաւորաբար տարածաշրջանային ապաշրջափակման կէտին: Ան ընդգծեց, որ անիկա ոչ թէ Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կապ հաստատելու մասին է, այլ տարածաշրջանի բոլոր կապուղիներու բացման:

Խօսելով այդ կէտին շուրջ Մոսկուայէն հնչող մեկնաբանութիւններուն եւ ռուս սահմանապահներուն մասին յիշատակութեան՝ Փաշինեան ըսաւ. «Որտե՞ղ է գրուած, որ ԱԴԾ սահմանապահ ծառայութեան մարմինները պէտք է տեղում ներկայ լինեն, չկայ տենց բան գրած, որովհետեւ եթէ նոյնիսկ նկատի է առնւում Հայաստանում ռուս սահմանապահների ներկայութիւնը, էդ ռուս սահմանապահների ներկայութիւնը մեր երկրում պայմանագրային հարց է, Հայաստանի որոշման հարց է. այսօր որոշել է, որ ներկայ են իրենք, վաղը կարայ որոշի, որ ներկայ չեն»:

Իսկ թէ ճիշդ ի՛նչ գործառոյթ պէտք է ունենային ռուս սահմանապահները, Փաշինեան չյստակացուց, բայց յայտարարեց, որ Հայաստան պատրաստ է կատարելու 9րդ կէտը, որ, ըստ անոր, չ՛ենթադրեր գերիշխանութեան որեւէ զիջում:

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է ապահովել ու երաշխաւորել անվտանգութիւնը ինչպէս գրուած է 9րդ կէտում, պատրաստ է կազմակերպել հաղորդակցութիւնը, ինչպէս գրուած է 9րդ կէտում», ըսաւ Փաշինեան, եւ ընդգծեց`ըսելով, որ պատրաստ չեն զիջելու գերիշխանութիւնը եւ իրաւազօրութիւնները, բայց պատրաստ են պարզացումներու։

Comments are closed.