Հայաստանի վանգերը՝ National Geographic-ի լուսարձակին տակ
- (0)

Հայկական հինգ նշանաւոր վանքեր ընդգրկուած են National Geographic-ի նորագոյն յօդուածներէն մէկուն մէջ՝ ներկայացուելով որպէս բացառիկ պատմամշակութային կոթողներ։
Գեղարդի, Տաթեւի, Նորաւանքի, Սանահինի եւ Հաղպատի վանական համալիրները յատուկ տեղ գտած են հրապարակումին մէջ։ Յօդուածագիրը ընդգծած է Հայաստանի դարաւոր պատմութիւնը եւ հայկական ճարտարապետութեան ազդեցիկ ու տպաւորիչ ոճը։
Պարբերականը առանձին անդրադարձ կատարած է իւրաքանչիւր վանքի կառուցման ժամանակաշրջանին եւ պատմական հանգամանքներուն։ Գեղարդը ներկայացուած է որպէս ինքնատիպ ճարտարապետական ստեղծագործութիւն՝ յատկապէս նշելով անոր ժայռափոր եկեղեցիներն ու քարայրային մատուռները։
Տաթեւի վանական համալիրը յիշատակուած է նաեւ աշխարհի ամէնէն երկար ճոպանուղիներէն մէկով իր կապուածութեամբ, որ լրացուցիչ հետաքրքրութիւն կը հաղորդէ վայրին։
Նորաւանքը առանձնացուած է իր արտաքին քարէ աստիճաններով, որոնք կերտուած են բացառիկ ճարտարագիտական լուծումներով։
Իսկ Հաղպատն ու Սանահինը ներկայացուած են որպէս միջնադարեան հոգեւոր եւ կրթական կեդրոններ՝ աչքի զարնող իրենց կամարակապ կառոյցներով եւ նուրբ փորագրուած խաչքարերով։
National Geographic-ը յաճախակի կը դարձնէ իր ուշադրութիւնը Հայաստանին՝ իր էջերուն մէջ լուսաբանելով ոչ միայն պատմամշակութային ժառանգութիւնը, այլ նաեւ գինեգործական աւանդոյթները եւ զբօսաշրջային բազմազան հնարաւորութիւնները։