Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանին Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն Փրկուածներուն Նուիրուած Բացառիկ Ցուցադրութեան

«Քեմփ Օտտօ, Մարսէյլ. պատմութիւն Ցեղասպանութենէն փրկուածներից» խորագրով ժամանակաւոր ցուցահանդէսին մէջ ընդգրկուած են Ֆրանսայէն բերուած բացառիկ նիւթեր` անձնագրեր, լուսանկարներ, փաստաթուղթեր եւ այլ ուշագրաւ առարկաներ, որոնք կը պատմեն Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ գաղթականներու մասին:

Նիւթերը, որոնք կը վերաբերին Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքի «Քեմփ Օտտօ» կացարանին մէջ հիւրընկալուած գաղթականներուն, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին տրամադրած է ֆրանսական ARAM հետազօտութեան եւ հայկական յիշողութեան արխիւներու միութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ 25 ապրիլին:

Հայաստանի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեանի խօսքով, առաջին անգամ Մարսէյէն դուրս բերուած են աւելի քան յիսուն փաստավաւերագրական նիւթեր, որոնք համադրուած են թանգարանի պահոցներու արժէքաւոր ընտրանիին հետ` հագուստներ, զարդեր եւ այլն, իսկ առանցքային նմուշը «Նանսենեան անձնագիր»-ն է, որ օրեր առաջ թանգարանին նուիրած է ARAM միութիւնը:

«Ցուցադրութիւնը կարելիութիւն կու տայ բացայայտելու պատմական իրադարձութեան կարեւոր շերտերը, յատկապէս` Ցեղասպանութենէն փրկուածներու պատմութիւնները: Կը կարծենք, որ այս համագործակցութիւնը նոր ձեւաչափ պիտի զարգացնէ` այսպիսի ցուցադրութիւնները կապելով մայր թանգարանի եւ սփիւռքի մէջ գործող ժառանգութեան կեդրոններու հաւաքածոները, այդպիսով առիթ ստեղծելով նորովի ընկալելու մեր մշակութային ժառանգութեան, մեր ինքնութեան տարբեր կողմերը», ըսաւ Պօղոսեան եւ աջակցութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ու Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան:

Պօղոսեան ընդգծեց` ցուցադրութիւնը նաեւ շնորհակալութեան տուրք է Ֆրանսային, որ իր գիրկը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած բազմաթիւ հայեր եւ կ՛աջակցի մինչեւ օրս:

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Ալֆրետ Քոչարեան հայկական համայնքներու հետ գործակցութիւնը կարեւոր եւ իմաստուն ռազմավարական քայլ համարեց: Ան մեծ նշանակութիւն տուաւ նաեւ այն փաստին, որ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք` ARAM միութիւնը Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին նուիրած է «Նանսենեան անձնագիր», որ տեղ կը զբաղեցնէ թանգարանի մնայուն ցուցադրութեան մէջ:

Ֆրանսական Օտտօ ճամբարին մէջ, որուն բացումը կատարուած է 1922 թուականին ու գործած է մինչեւ 1927 թուականը, ապաստանած է աւելի քան 5 հազար հայ գաղթական:

Գաղթականներուն վերաբերող տուեալները արձանագրուած են, իսկ սերունդներուն կարելիութիւն կ՛ընձեռեն հեշտութեամբ տեղեկութիւններ գտնել իրենց նախնիներուն մասին: Այդ տուեալներուն համաձայն,  գաղթականները եկած են Սվասէն: Օտտօ ճամբարի տնօրէնը հայ եղած է եւ հրաշալի տիրապետած է ֆրանսերէնին: Եղած է նաեւ դպրոց մը, ուր 400 հայ աշակերտ ուսանած է, հետագային բացումը կատարուած են հայրենակցական, եկեղեցական միութիւններու, որոնցմէ մէկուն հիմնադիրը եղած է Գրիգորիս Պալաքեանը, որ եւս փրկուածներէն էր:

Հաղորդենք, որ ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ մայիս 25: