Հայաստանի մէջ լոյս տեսաւ «Հայոց Ցեղասպանութեան ցոլացումը՝ 1915-ի մամլոյ էջերուն վրայ» նիւթերու ժողովածուն

Հայաստանեան եւ սփիւռքահայ լրատուամիջոցները կը գրեն, թէ լոյս տեսած է 1915-ի դէպքերուն մասին ժողովածու մը, որ կը կրէ «Հայոց Ցեղասպանութեան ցոլացումը՝ 1915-ի մամլոյ էջերուն վրայ» խորագիրը եւ որուն մէջ առաչին անգամ ըլլալով փորձ կատարուած է միատեղելու այն յօդուածները, որոնք հայալեզու եւ օտար մամուլի մէջ լոյս տեսած էին 1915-ի աղէտալի օրերուն: Կը նշուի, որ 100-ամեակի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի որոշումով 29 Յունուար 2015-ին կեանքի կոչուած էր յատուկ կայքէջ մը www.armeniangenocide100.org , բովանդակալից զանազան բաժիններով: Անոնցմէ մէկն էր «Այսօրը՝ 100 տարի առաջ» բաժինը, որուն աշխատանքները կը համակարգէին Գայիանէ Մանուկեան (ծրագրի համակարգող, գլխաւոր խմբագիր), Արմէն Մարուքեան (խմբագիր», Ժիրայր Պէօճէքեան (փորձագէտ խմբագիր), Անի Ոսկանեան (խմբագիր) եւ Մարիամ Յովսէփեան (փորձագէտ):

1915-ի մամլոյ արձագանգը, ըստ գիրքի պատասխանատուներուն, իւրատեսակ օրացոյց մըն է, որ օր առ օր կը ներկայացնէ, թէ ի՛նչ կը գրէր ոչ միայն հայկական, այլ նաեւ օտար մամուլը՝ հայերու ծայրայեղ ծանր դրութեան մասին: Ըստ խմբագրակազմին, հակառակ արմատացած կարծիքին, 1915-ի մամուլի էջերուն վրայ տեղ գտած են նիւթեր ոչ միայն հայերու զանգուածային սպանութիւններու, այլ նաեւ ինքնապաշտպանական կռիւներու, գաղթականներուն օգնութիւն ցոյց տալու եւ կարեւոր կարգ մը թեմաներու մասին:

Հայկական աղբիւները կը նշեն, թէ մամուլի մէջ տեղ գտած այս նիւթերը ունին սկզբնաղբիւրի նշանակութիւն եւ անոնցմով կարելի է նաեւ վերականգնել Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակագրութիւնը: «Այս նիւթերու մէկ մասը կա՛մ գրեթէ անծանօթ է եւ կա՛մ առաջին անգամ կը դրուի շրջանառութեան մէջ: Նիւթերը քաղուած են բնագրերէն: Անշուշտ, հետազօտական խումբը հեռու է այն մտքէն, որ կարելի է մէկտեղել 1915-ի վերաբերեալ բոլոր, յատկապէս՝ օտար մամուլի նիւթերը, քանի որ մամուլի այդ էջերուն մէկ մասը տակաւին հասանելի չէ», ըսին խմբագիրները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.