Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 102-ամեակ

Մայիս 28

Մոնթրէալի ՀՅԴ Միհրան Փափազեան կոմիտէն պարծանքով կ’ողջունէ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 102-ամեակը:

Մայիս 28-ը երբեք չեղաւ եւ երբեք ալ չի կրնար նկատուիլ սովորական յաղթանակ: Ան իրաւամբ հրաշքի մը արդիւնքն է. նոյնինքն հայ ժողովուրդի ձեռքով կատարուած հրաշքի մը: Հրաշք մը, որ 600 տարի գերութեան տակ ապրող ժողովուրդիս, յաղթանակի վարդահեղեղ առաւօտ մը ընծայեց: Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ-Աբարանի հերոսական յաղթանակներով արձանագրուած մեր հերոսական եզակի  պատմութիւնը, գաղթականութեան, սովի, հիւանդութեան ու անորոշութեան  ճիրաններուն մէջ ապրող հայուն ինքնիշխան ապրելու իրաւունքը շնորհեց, հայկական դրօշ ունենալու բախտին արժանացուց, իր հայրենի հողին վրայ մաքառելու եւ վերջնական յաղթանակին հասնելու մեր դարերու երազանքը ապահովեց: Աւելի ուշ, Մայիս 28-ի յաղթանակը մեզի պարգեւած ուրախութեան եւ ազգային հպարտութեան կողքին բերաւ երեք այլ կարեւոր բարիքներ: Առաջին՝ Մայիս 28-ը հիմնաքարը հանդիսացաւ Սեպտեմբեր 21-ի վերանկախացման, վերստին ունենալու ազատ ու անկախ Հայաստան: Երկրորդ՝ Մայիս 28-ը հողը պատրաստեց  Արցախը օտարի լուծէն ազատագրելու պայքարին: Երրորդ՝Մայիս 28-ը տասնամեակներ շարունակ առիթ ստեղծեց դասական սփիւռքին ազգային ջիղը ամրացնելու:
Պիտի շարունակենք եւ պէ՛տք է շարունակենք յարգանք տածել հայ ժողովուրդի հերոս զաւակներուն, ազգային ղեկավարներուն, յեղափոխական մարտիկներուն, հայ բանակի բոլոր անձնուէր զինուորներուն եւ սպաներուն նկատմամբ, որոնց տեսլականին եւ կռուելու վճռակամութեան արդիւնքն է Մայիս 28-ի այս բախտորոշ թուականը:

Պիտի շարունակենք եւ պէ՛տք է շարունակենք պայքարիլ ի խնդիր Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց հզօրացման, անվտանգութեան եւ ժողովրդավարական կարգերու հաստատման ու ամրապնդման:

Պիտի շարունակենք եւ պէ՛տք է շարունակենք պայքարիլ ապահովելու համար մեր հայութեան բարօր կեանք մը, կերտելու համար լիիրաւ պետութիւն մը:

Պիտի շարունակենք եւ պէ՛տք է շարունակենք պայքարիլ իրականացնելու համար Միացեալ եւ ազատ Հայաստանի մեր սուրբ տեսլականը:

Կեցցէ՛ Մայիս 28-ը:

Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը:

 

————————————————

 

Վանգուվըրի Սիմոն Վրացեան կոմիտէութիւնը կու գայ շնոհաւորելու համայն հայութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին անկախութեան վեհագոյն ու անմոռանալի տօնը: 1918 թուականի մայիսեան յաղթանակները նոր եւ փառաւոր էջ բացին հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան մէջ, որուն շնորհիւ 20րդ դարը դարձաւ, Հայոց տառապալի

պատմութեան անկիւնադարձը: Մայիս 28ի ոգին եղաւ կայծը պայքարի եւ ջերմ շունչը իւրաքանչիւր հայ երդիքի:

Մայիսեան ոգին ազատութիւն ներշնչեց իւրաքանչիւր հայու, որ ազատութիւնն սնած ազատութեամբ աճած եւ միայն անկախութեան երազանքով յաղթանակ կերտեց։

“Ու պայքա՜ր, պայքա՜ր, պայքա՜ր երգեցի.

Ձեզի ընծա՜յ, Հայ մարտիկներ”։

Նոյն ոգին էր որ բանուորին ձեռքի սալը վերածեց նիզակի, հողագործին բահը մոսինի եւ տէրտէրին խաչը սուրի:

Մայիսեան յաղթանակի ներշնչումով, վանգուվըրի գաղութը կը գօտեպնդուի շարունակելու իր հայպահպանման աշխատանքները , նեցուկ կանգնելով  սուրիահայ նորահաստատ ընտանիքներուն, զարկ տալով երիտասարդականի եւ պատանեկանի շարքերը կազմակերպելով , կանգուն պահելով հայ եկեղեցին, հայ լեզուն և հայ մշակոյթը:

Հետեւաբար, Մայիսեան պատմական փորձը մեզ կ՛ապացուցէ, որ այսօր , առաւել քան երբեք, անհրաժեշտ է զգօն ըլլալ եւ աչքի լոյսի պէս պահպանել եւ ամրապնդել մեր հողն ու հայրենիքը։

 

——————————————————-

Թորոնթոհայե՛ր,

 

Հայ Կեդրոնի յարակից միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու անունով կը բարեւենք ձեզի:

102 տարի առաջ այս օրերուն, Հայաստանը կ’ապրէր ճգնաժամային օրեր:

Սովի ու պատերազմի արհաւիրքներու կողքին, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան մեծագոյն դժուարութիւնն էր համաճարակային հիւանդութիւնները։

1918ի ամրան ու աշնան Հայաստանի կառավարութիւնը կը պայքարէր հարիւրաւոր կեանքեր խլող քոլերայի համաճարակի դէմ, եւ հազիւ կը թուէր, թէ աղէտը յաղթահարուած էր, ամիս մը ետք Հայաստանը կը կանգնէր նոր՝ աւելի մահասփիւռ վտանգի առջեւ. բծաւոր տիֆի համաճարակը (epidemic thyphus), որուն զոհ գնաց Հայաստանի բնակչութեան 20 տոկոսը, մօտաւորապէս 180-200 հազար բնակիչ։  Երկրորդ Վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանի բնորոշումով՝ տիֆի համաճարակը կատարեալ աղէտ էր:

Այս աղէտին զոհ գնաց նաեւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկախութեան խորհրդանշական դէմք եւ դաշնակցական մեծ ղեկավար Արամ Մանուկեանը, որ մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին հանդէպ իր ունեցած անսահման զոհողութեամբ եւ նուիրուածութեամբ կը ներկայացնէ Հ.Յ.դաշնակցութեան այն մեծ եւ սքանչելի ղեկավարներու սերունդը, որոնք ոչ միայն կազմակերպեցին Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերը, այլ նաեւ իրենց ուսերուն վերցուցին Հայաստանի անկախացումի որոշումի ամբողջ պատասխանատուութիւնը: Այդ սերունդը քաղաքական ու պետական անվարժ ձեռքերով, սակայն անկոտրում հաւատքով վերականգնեց հայոց կորսուած պետականութիւնը եւ երկու տարիներու ընթացքին յաջողեցաւ հաստատել պետական կառոյցները, Երեւանի Պետական Համալսարանը, սկիզբ դրաւ ժողովրդավար երկիր հիմնելու նախաքայլերուն, կանանց իրաւունքներուն, ամբողջական պետական հոգածութեան արժանացուց 400 հազար գաղթականներուն եւ որբերուն խնամատարութիւնը, յաջողեցուց Հայաստանի հայացումի քաղաքականութիւնը, եւ Հանրապետութեան ապահովեց միջազգային ճանաչում: Մէկ խօսքով, այդ սերունդը Հայաստանը հանեց սովի, համաճարակի ու քաոսի իրավիճակէն եւ հայութեան շնորհեց երազային անկախ հանրապետութիւնը եւ այնուհետեւ ազատ զարգանալու հնարաւորութիւնը: Երեւի Հայրենիքի այսօրուան իշխանութիւնները սորվելիք ունին Անկախութեան սերունդը անձնաւորող գործիչներէն:

Արամն ու իր սերնդակիցները եւ կուսակցութիւնը որուն անոնք պատկանած են «ջուր տուեց»ին մեր «չորացած դաշտերուն» եւ դիմակալեցին թէ՛ համավարակը, թէ՛ սովը եւ թէ՛ թշնամին:

Եւ կերտեցին աշխարհաճանաչ պետութիւն:

Արեամբ գրուած պատմութիւն գոյութիւն ունի, որուն հետ ոչ ոք կրնայ խաղալ: Մայիս 28-ի աւանդը նսեմացնելու գաղափարական խախտումները անպատասխան պէտք չէ՛ մնան, որովհետեւ Մայիս 28ը սովորական դէպք մը չէ եւ ոչ ալ պատմութեան մէջ ձեռք ձգուած պարզ յաղթանակի մը նշումը:

Այս առիթով կը շնորհաւորենք Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան հիմնադրութեան 102-ամեակը: Գեղեցիկ զուգադիպութիւն է ՀՄԸՄի հիմնադրութիւնը տօնել Մայիս 28ի առընթեր: Այդպէս ալ պէտք է ըլլայ, որովհետեւ մեծ է ու գերգնահատելի՝ 102-ամեայ ՀՄԸՄ-ին ունեցած դերակատարութիւնը` ոչ միայն սկաուտական եւ մարմնակրթութեան կռուան ըլլալու մէջ, այլ նաեւ 102 տարի շարունակ հայապահպանումի եւ հայ անհատի ֆիզիքական եւ բարոյական դաստիարակութիւն ջամբելու, եռագոյն դրօշն ու հայրենիքի սէրը եւ ամէն գնով ազգային դիմագիծն ու ինքնութիւնը պահպանելու իրերայաջորդ սերունդներուն հոգիներուն մէջ: Ահա այդ «հսկայ նուիրման տորմիղ հրաթեւ կամաւոր բանակ»-ի ծննդավայրն է ՀՄԸՄ-ը, որ 1918-էն ի վեր, 102 տարի անընդհատ, բարձր բռնեց այն դրօշը, որ այսօր կը ծածանի Երեւանի ու Արցախի վերեւ, իսկ վաղը, պայծա՛ռ ապագային, պիտի ծածանի նաեւ Վանի, Մուշի, Սասունի, Կարսի եւ Արտահանի վրայ:

Սիրելիներ,

102 տարի ետք, Ճգնաժամային օրեր կ’ապրի Հայրենիքը ե՛ւ այսօր: Պսակաւոր ժահրի համավարակէն անկախ, հոն կը տիրէ տնտեսական լուրջ տագնապ, աղքատութիւն, սնունդի պակաս եւ ամէնէն վտանգաւորը՝ քաղաքական համակարգ մը որ կը փորձէ կոտրել եւ վերացնել հայրեսանիրական ամէն սրբութիւն եւ տակաւին կը շարունակէ բաժանարար գիծեր գծել կողմերու միջեւ: Ուրեմն ներկայ ժամանակները, հայութեան համար դարձեալ մարտահրաւէրներու ժամանակներ են:  ճգնաժամային պայմաններու յաղթահարումը հաւաքական ճիգ կը պահանջէ՝

 

  • Միասնաբա՛ր զօրակցինք ՀՅԴ Հայաստանի եւ Գանատայի Երիտասարդական Միութիւններու բարեսիրական ծրագիրներուն, օգտակար դառնալով մեր հայրենակիցներուն Հայաստանի մէջ։
  • Ամրացնե՛նք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, պայքարելով փտախտին դէմ, հզօրացնելով հայոց բանակը, զօրացնելով հայրենի տնտեսութիւնը, բարելաւելով ժողովուրդին ընկերային վիճակը, հայրենասիրական արժէքներով դաստիարակելով ժողովուրդը եւ վերջապէս գործօն ու ամբողջական մասնակցութիւն բերել Արցախի ազատագրական պայքարին, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը կերտեց Մայիս 28ը, եւ այդ Մայիս 28ով ունեցած մեր այսօրուան հայրենիքին հանդէպ ունինք կարեւոր պատասխանատուութիւն:

 

Մեր մեծագոյնն տօնն է Մայիս 28ի անկախութեան տարեդարձը, որուն համահաւասարը չկայ մեր պատմութեան մէջ:

Մեր լինելութեան տօնն է Մայիս 28ի անկախութեան տարեդարձը:

Մենք յաղթական դուրս եկած եւ կերտած ենք Մայիս 28, քաղաքական, տնտեսական, ռազմավարական եւ մարդկային շատ աւելի դժուարին եւ անիրագործելի թուող պարագաներու մէջ: Այս կը նշանակէ որ յաղթանակ տարած հայ ժողովուրդը, Մայիս 28 կերտած հայ ժողովուրդը, կրնայ այս վերեւ նշուած մարտահրաւէրները յաղթահարել՝

Ի՛ր ուժերով

Ի՛ր միասնականութեամբ

Ի՛ր յարատեւ պայքարի ոգիով

Հայե՛ր, մեր Մայիս 28ը Շնորհաւոր

Մնացէք առողջ եւ ապահով:

ՀՅԴ Սողոմոն Թէհլիրեան կոմիտէ

 ——————————————————————

Սիրելի՛ հայ ժողովուրդ,

կը շնորհաւորենք ձեզ  Հայաստանի Հանրապետութեան տօնի առիթով:

Մայիսի 28-ը մեր պատմութեան ամենափառահեղ էջն է: Պետականութեան հիմնասիւներու ամբողջական բացակայութեամբ, մեր ժողովուրդը՝ սեփական ուժերով, հաստատեց ապրելու իր իրավունքը և աշխարհի բզկտուող քարտեզի վրայ ամրագրեց իր տեղը։

Այդ ծանր օրերուն, երբ երկիրը լեցուած էր  բնաջնջումէն ազատուած բազմահազար գաղթականներով, երբ կը տիրէր սով, իսկ թշնամին կը վարէր նուաճողական քաղաքականութիւն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցչական ժողովը ընդունեց բանաձեւ, որով արձանագրեց, որ հայ ժողովուրդը մնալու չէ բախտի բերմունքին, անհրաժեշտ է անցնիլ գործի։ Դաշնակցութիւնը չէր սխալած։

Հայ ժողովուրդը բացառիկ միասնականութեամբ համախմբուեց և Արամի, Դրոյի, Անդրանիկի ու Սիլիկեանի, Բեկ-Փիրումեանի ու Նազարբեկեանի հետ մէկ բռունցք դառնալով՝ անկախութիւն բառը սրտին, ազգային գիտակցութեամբ, անձնազոհ խիզախութեամբ և աննահանջ կամքով մղեց Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի, Ղարաքիլիսէյի իր հերոսամարտերն ու կերտեց Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը։

Մեր անկախութիւնը ծնունդ առաւ մեր բիւրաւոր նահատակներու արիւնով։ Այդ պատմական սխրանքն իրագործող սերունդը, որ տեսած էր ամենասարսափելին, հայութեանը բերաւ ամենանուիրականը՝ անկախ Հայաստանը և պատգամեց գուրգուրանքով ու վեհ պահել միասնականութեան ոգին, հայրենիքի անկախութիւնն ու պետականութիւնը, հասնիլ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանին:

Յաւերժ փառք ու խոնարհում բոլոր այն նահատակներու յիշատակին, ովքեր հնարաւոր դարձուցին ազգային հզոր այս նուաճումը՝ մայիսի 28-ը:

Փա՛ռք Հայաստանի առաջին Հանրապետութեանը, որ դարձաւ անքակտելի հիմնասիւնը ներկայ և ապագայ Հայաստանի:

Կեցցէ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանը։

 ՀՅԴ «Ս Զէյթլեան» Կոմիտէ

 ———————————————————————

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գէմպրիճի Արամ- Դրօ Կոմիտէութեան եւ Երիտասարդական Միութեան «Արամ Մանուկեան » մասնաճիւղի կողմէ, օրուան պատգամ :

Ողջոյն,
Համայն Հայութեան՝ ի Հայաստան աշխարհ , Արցախ ու Սփիւռքի չորս ծագերուն շնչող ու մաքառող Հայորդիներուն :

Ազգերու եւ ժողովուրդներու պատմութեան ընթացքին կու գան պահեր , երբ պատմութեան սլաքը կանգ կ’առնէ , այլ իմաստով , ժողովուրդներ գոյատեւելու կամ ոչնչանալու եզրին կը յայտնուին , կենաց մահու օրհասական վիճակին մատնուելով :

Ահա այդպիսի ծանր իրավիճակի առջեւ էր կանգնած Հայ ժողովուրդը 1918-ի Մայիսին , երբ դարաւոր ոսոխը կը ծրագրէր իր վերջին հարուածը հասցնել եւ ոչնչացնել ցեղասպանութենէն մազապուրծ ճողոպրած մնացորդացը :

Հրամայական էր պատմութիւնը վերստին կերտել սեփական կամքով ու ուժերու լարումով , որպէսզի վերստին թարթի գոյատեւման սլաքը , Եւ այդպէս , Հայ ժողովուրդը վճռեց ու ըսաւ իր խօսքը , թէ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը կարելի չէ խլել՝ , այնքան ժամանակ , երբ անոր մարտունակ զաւակները գիտեն զոհաբերել իրենց թանկը ու խոցել թշնամին :

Ահա , այս բոլորի վկան դարձաւ սխրագործութիւններով իրականացած Սարդարապատի , Բաշ ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերու յաղթանակով նուիրականացած՝ Ազատ Անկախ Հայաստանի հանրապետութիւնը :

Փառք այն հերոսներուն , որոնք իրենց արեամբ գրեցին , «Թէ մահն է միշտ մէկ եւ ամէն այնտեղ , թէ մարդը կեանքում կը մեռնի մի հեղ , թէ հազար երնէկ ու բիւր երանի նրան , որ ազգի սիրոյն կը զոհուի» : այսպէս կ’ապրին ու կը գոյատեւեն ազգերն ու հայրենիքները :

Մայիս 28-ը ամբողջական ժողովուրդի մը միասնական կամքի արտայայտութեան ցայտուն օրինակն էր , հոն էր հայ ժողովուրդը ազգովին , իր բոլոր բաղադրիչներով , որ ինքնին անկախ հանրապետութեան իմաստն ու գաղափարական արժէքն էր :

Սակայն յետագայ զարգացող դէպքերուն յառաջխաղացքը պատճառ դարձաւ , որ երկարատեւ կեանք չունենայ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը , խորհրդային կարգերու հաստատումով : Բայց վերջին հաշուով ապահովուած էր որոշակի կերպով հայ ժողովուրդի ֆիզիկական գոյութիւնը :

Խորհրդային երկար տարիներու ընթացքին, Հայ ժողովուրդը դարձեալ մաքառեցաւ՝ պահելու իր ինքնութիւնն ու ազգային արժանապատուութիւնը , որովհետեւ համայնավարութեան մուրճն ու մանգաղը կը ճոճուէր ազգի ազատատենչ ոգիին վրայ:

Խորհրդային կարգերու փլուզումով , վերստին Հայ ազգի ազատատենչ ոգին զարթօնք ապրեցաւ: 1988-ի Արցախեան ազատագրման շարժման հետ միասին բացուեցաւ պատմութեան մէջ փառաւոր յաղթանակներ արձանագրելու ժամանակաշրջանը , հոն էին Սփիւռքահայութեան հոգեհարազատ զաւակները , որոնք թէպէտ ծնած էին հայրենիքէն հեռու , սակայն՝ հայրենիքը կ’ապրէր անոնց մէջ :վերջապէս հոն էր Երեւանցին ու Արցախցին հոն էին Հայ ազգի բոլոր զաւակները:

Ահա այս նպատակասլաց մեր ընթացքը պատճառ դարձաւ , որ Ազրպէյճանցին տեղի տալով նահանջէ : Ազատագրուած էր Արցախը , կրկին անգամ յաղթանակած էր հայ ազգը , մայիսեան յաղթանակներու շղթային վրայ օղակ մը եւս աւելցած էր : Արցախը Հայ ժողովուրդի Ստալինկրատն է , անմահ հաւատաւոր գործիչ՝ ընկ. Հրայր Մարուխեանի բառերով .-« Եթէ մենք Արցախը կորսնցնենք ալ երբեք յաղթանակ չենք արձանագրեր» :

Հետեւաբար Արցախի ազատագրումէն ի վեր , անոր միջազգային ճանաչման հարցը , կը մնայ տեղքայլի եւ սպասողական կարգավիճակի մէջ , երբեմն դրական երբեմն ալ ժխտական բանակցային գործընթացներէ անցնելով :

Թող եռաբլուրի մէջ ննջող ու յատկապէս Արցախի լեռներու լանջին անթաղ մնացած մեռելներու հոգին սաւառնի այս պահուն հայրենի եւ սփիւռքի բոլոր գաղթօճախներու երկնակամարներուն վրայ , ողողելու մեր սրտատրոփ հոգիները :

Որպէս Հ.Յ.Դ. կազմակերպական շրջանի ուխտեալ ընկերներ , համակիրներ եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ , կու գանք վերանորոգելու մեր ուխտը:

« ՊԱՏՈՒՈՎ ԵՐԴՈՒԵԼՈԻ ԱԶԳԻՍ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ , ԱՆԿԱՏԱՐ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ԻՐԱԿԱՆԱՑՄԱՆ Ի ԽՆԴԻՐ »:

Շնորհաւոր Մայիս 28-ը կերտող Հայ ազգի ժառանգորդներուն , ձեր բոլորին ուխտը կատար :

ԱՐԱՄ ԴՐՕ ԿՈՄԻՏԷՈՒԹԻՒՆ

 

 

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.