Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկի Տնօրէնի Պաշտօնին Վերընտրուեցաւ Ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան
- (0)

18 հոկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստին Հայաստանի Հանրապետութեան Պատմութեան հիմնարկի տնօրէնի պաշտօնին միաձայն վերընտրուեցաւ ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան:
Աշոտ Մելքոնեանը ծնած է 1961 թուականին` Ախալքալաք քաղաքին մէջ: 1977-1982 թուականներուն ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին մէջ: 1982-1985 թուականներուն եղած է Երեւանի պետական համալսարանի Հայոց պատմութԵան ամպիոնի ասպիրանտ: 1989 թուականին պաշտպանած է թեկնածուական, 2002 թուականին` դոկտորական ատենախօսութիւններ:
Աշոտ Մելքոնեանը 1986 թուականին աշխատանքի անցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկին մէջ: Եղած է գիտաշխատող, գիտական քարտուղար, փոխտնօրէն, իսկ 2002 թուականէն` հիմնարկի տնօրէն: 2004 թուականին ան ստացած է փրոֆեսէօրի կոչում, 2006 թուականին ընտրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ, իսկ 2014 թուականին` Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս: Ան հեղինակ է 474 գիտական աշխատութեան, որոնց շարքին` 19 գիրքերու, որոնք լոյս տեսած են 10 լեզուներով աշխարհի 15 երկիրներու մէջ: Ակադեմիկոս Մելքոնեան արժանացած է «Մովսէս Խորենացի», «Վաչագան Բարեպաշտ», Երեւանի պետական համալսարանի ոսկիէ մետալներուն եւ տասնեակ մը այլ պարգեւներու:
Աշոտ Մելքոնեան նշեց, որ հայոց պատմութեան նոր ակադեմական հրատարակութեան 8 գիրքերէն 6-ն անվճար տրամադրուած են գրադարաններուն, զօրամասերուն եւ դպրոցներուն: «Ինչպէս բազմահատորեակի, այնպէս ալ մնացած աշխատութիւններու ստեղծման հարցին մէջ առաջնորդուած ենք բացառապէս անաչառ պատմութիւն գրելու հրամայականով` քաղաքական իրադրութենէն զերծ», ըսաւ Աշոտ Մելքոնեան:
Իբրեւ կարեւոր ձեռքբերում` ան շեշտեց Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի դերակատարութիւնը: «Ի պատասխան մեր նամակի` Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսը յայտնած էր, որ ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ հիմնարկին դիմումը որոշակի նշանակութիւն ունեցած է քոնկրեսականներու ճիշդ կողմնորոշուելու խնդիրին մէջ», ըսաւ Աշոտ Մելքոնեան: