Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ժամանակագրութիւն
- (0)
1916_1917
1916ին ռուսական բանակը հայկական կամաւորական գունդերուն օժանդակութեամբ կը գրաւէ Վանը, Կարինը, Տարօնը եւ Երզնկան։
_ Անդրկովկասի մէջ կը հաստատուի Անդրկովկասի Կոմիտէ՝ Օզակոմ։ Հայ ներկայացուցիչն էր Մ. Պապաջանեան։
_ 28 Փետրուար 1917_ին, կը պայթի ռուսական մեծ յեղափոխութիւնը։ Կը կազմուի ժամանակաւոր նոր կառավարութիւն մը, որ արտօնութիւն կու տայ հայ գաղթականներուն վերադառնալ իրենց գիւղերը։
1917ի ամրան տեղի կ՚ուենան սահմանադիր ժողովի ընտրութիւնները եւ Հայ ժողովուրդին 95 առ հարիւրը իր ձայնը կու տայ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ցանկին, որ կը ստանայ 615.816 քուէ։
1917 Սեպտեմբերին, Թիֆլիսի մէջ կը գումարուի Հայոց ազգային խորհրդաժողովը, որուն տնօրինումով՝ կարճ ժամանակ ետք, կը կազմուին Ազգային Ժողովն ու Ազգային Խորհուրդը։ 1917 Հոկտեմբերին տեղի կ՚ունենայ Համայնավարներու Հոկտեմբերեան յեղաշրջումը։ Համայնավարներու պետ Լենինի կոչը »դէպի տուն«, մեծապէս հրապուրեց յոգնած ու յուսալքուած ռուս զինուորը, որ շտապեց Ռուսիա վերադառնալ։ 27 Նոյեմբեր 1917ին Օզակոմի տեղ կը կազմուի Անդրկովկասի Կոմիսարիատը, որուն կ՚անդամակցին Խաչիկ Կարճիկեան եւ Բժիշկ Համօ Օհանջանեան։ Լենինի կողմէ Ստեփան Շահումեան կը նշանակուի Անդրկովկասի Կոմիսար։
_ 500 քլմ. երկարութեամբ ճակատի վրայ, հայկական փոքրաթիւ գունդերը դէմ յանդիման կը մնան Թուրքիոյ դէմ։ Այս դժուարին պայմաններուն մէջ, Ազգային Խորհուրդը շուտով ռազմաճակատ կ՚ուղարկէ հայկական նոր ուժեր. բանակը կը կազմակերպուի եւ ընդհանուր հրամանատար կը նշանակուի Թովմաս Նազարբէկեան։
_ Թուրքերը ռուսական բանակին հեռացումէն խանդավառուած, 2 Դեկտեմբերէն սկսեալ, Վեհիպ Փաշայի առաջարկով կը բանան Երզնկայի հաշտութեան բանակցութիւնները։
_ 5 Դեկտեմբերին կը ստորագրուի հաշտութեան դաշնագիր, որուն համաձայն զինուորական գործողութիւնները պիտի դադրէին ամբողջ ռազմաճակատին վրայ։
_ Դեկտեմբերի սկիզբը, Թիֆլիսի մէջ տեղի կ՚ունենայ արեւմտահայ մարմիններու խորհրդակցութիւն։ Կը կազմուի Արեւմտահայ Խորհուրդ՝ Կոմսի ատենապետութեամբ եւ կ՚որոշուի պարտադիր զօրակոչ յայտարերել։ Կը հիմնուի հայկական զօրաբաժին Անդրանիկի հրամանատարութեամբ։
13 Դեկտեմբեր 1917ին, Ազգային Խորհուրդի ջանքերով կը հիմնադրուի հայ ազգային բանակը, զօրավար Թովմաս Նազարբէկեանի հրամանատարութեամբ։ Բանակին կը վստահուի պաշտպանել Հայաստանի սահմանները ռուս բանակին »տունդարձ«էն ետք ։
_ 31 Դեկտեմբերին Անդրկովկաս կը հասնի Լենինի եւ Ստալինի ստորագրած յայտարարութիւնը, որ կը հրահանգէր ռուս զինուորներուն անմիջապէս լքել ռազմաճակատը եւ վերադառնալ տուն։
_ Երզնկայի բանակցութիւններուն համաձայն՝ զինուորական գործողութիւններն ու ռազմաճակատի վրայ երթեւեկները պիտի դադրէին, սակայն Արեւմտահայաստանի մէջ բնակող քրտական ցեղերը եւ թուրքերը, կառավարութեան հովանաւորութեամբ, կը միտին ջլատել ռազմաճակատի հայ զինուորներուն կորովը, (կռիւ, ահաբեկում, կողոպուտ…)։
1918
_ 1918 Յունուարի վերջերը Վէհիպ Փաշայի հրամանատարութեամբ, թուրքերը կ՚անցնին ընդհանուր հակայարձակողականի։
_ Հայկական բանակին թիւը 17 000_ի կը հասնէր։ Թրքականը՝ 25 000, իսկ քիւրտ ու թուրք զինեալ ազգաբնակչութեան հետ, թիւը կը հասնէր 50 000_ի։
_ Թուրքերու առաջին թիրախը՝ Երզնկան, կ՚իյնայ 30 Յունուարին։
_ 3 Փետրուարին կ՚իյնայ նաեւ Բաբերդը։
_ Փետրուարին կը կազմուի Սէյմը։ Հայերը ներկայացուած են Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատգամաւորներով։ Սէյմը անհաշտ է եւ տեւական վէճի նիւթ են պատերազմը, պետական կազմակերպութեան խնդիրը, սահմանային եւ այլ հարցեր։
_ 16 Փետրուարին Սէյմը կ՚որոշէ հաշտութիւն կնքել Թուրքիոյ հետ։
_ Երզնկայէն Կարին կը փոխադրուի թուրքհայկական ճակատը, ուր կը գտնուէին Ապահովութեան Խորհուրդի հրամանատար Անդրանիկ, ռուս զինուորականներ, Մուրատ, բժիշկ Զաւրեան եւ 4000 հայ զինուորներ։ Անմիջապէս կը գրաւուի նաեւ Կարինը։
_ Ապրիլի կէսերուն, թուրքերու կողմէ կը գրաւուի Վանը։
_ 23 Փետրուարէն սկսեալ Թուրքիոյ եւ Անդրկովկասի Սէյմի միջեւ կը սկսին բանակցութիւններ, որոնք կը տեւեն մինչեւ 1 Ապրիլ։
_ 3 Մարտ 1918_ին կը ստորագրուի ՊրէսթԼիթովսկի դաշնագիրը։ Համայնավարները առանց հայերու կարծիքը առնելու, ո՛չ միայն Արեւմտահայաստանը, այլեւ՝ Կարսը, Արտահանը եւ Պաթումը կը յանձնէին թուրքերուն։ 9 Մարտին, Սէյմը կ՚որոշէ Անդրկովկասը անկախ հռչակել։
_ 12 Մարտին, Չխենկելիի հրամանով Կարսը թուրքերուն կը յանձնուի առանց դիմադրութեան։ Բուռն վրդովում՝ հայութեան բոլոր շարքերուն մէջ։
_ 23 Մարտին, թուրքերը կը գրաւեն Սարըղամիշը։
_ 11 Մայիսին, երկու կողմերը կը սկսին Պաթումի բանակցութիւններուն։ Ռազմաճակատի վրայ հայութիւնը դաւաճանուած կը զգար Անդրկովկասի իր դաշնակիցներէն։
_ Պաթումի մէջ, թուրքերը հայերուն կ՚առաջարկեն 11 000 քառ. քլմ. տարածութեամբ Հայաստան մը՝ Արագածի եւ Սեւանի միջեւ, առանց Ալեքսանդրապոլի եւ Երեւանի։
15 Մայիսին թուրքերը կը յարձակին Ալեսանդրապոլի վրայ եւ կը գրաւեն զայն։ Թուրքերու այս յառաջխաղացքէն շշմած էին Անդրկովկասի ազգութիւնները, նոյնիսկ Թուրքիոյ պատերազմական դաշնակից գերմանական պատուիրակութիւնը։ Արարատեան դաշտին մէջ ապաստանած գաղթական եւ սովահար հայութիւնը կ՚ապրի օրհասական ժամեր։ Գերմանիոյ սաստումներն ու սպառնալիքները ի զուր կ՚անցնին, եւ Թուրքիա ժամը հասած կը նկատէ Թալէաթի եւ Էնվէրի երազները իրագործելու…
15 Մայիսին Արամ Մանուկեան կը հռչակուի տիքթաթոր. ան կը մարմնաւորէ ու կը կենդանացնէ Հայ ժողովուրդի նորագոյն յարութիւնը, ոտքի հանելով ամբողջ հայութիւնը։ 24 Մայիսին զօր. Նազարբէկեան հրաման կու տայ հայկական զօրաբաժիններուն՝ ընդհանուր յարձկումի անցնիլ։
_ 24_26 Մայիս Սարդարապատի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ տեղի կ՚ունենան արիւնահեղ կռիւներ։ Հայերը կը մասնակցին ազգովին՝ այր, կին, երեխայ, ծեր, կրօնաւոր, գաղթական եւ զինուոր։ Թուրքերը կը կրեն պարտութիւն՝ բոլոր ճակատներուն վրայ եւ կու տան մեծ կորուստներ։
_ 26 Մայիսին վրացիներու առաջարկով Սէյմը ինքզինք լուծուած կը հռչակէ։ Վրացիները կը յայտարարեն իրենց ազգային անկախութիւնը։
_ 27 Մայիսին անկախութիււն կը հռչակեն ատրպէյճանցիները։
_ 23_28՝ տեղի կ՚ուենան Բաշ Ապարանի պատմական կռիւները։ Արամի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ, զօրավարներ Նազարբէկեանի, Սիլիկեանի, Արարատեանի, Դրոյի, Ղօրղանեանի եւ ուրիշներու վճռական հարուածներով, նոր էջ կը բացուի հայոց համար։
_ Մայիս 28_ին Հայոց Ազգային Խորհուրդը կը յայտարարէ Հայաստանի անկախութիւնը։
_ 4 Յունիսին կը ստորագրուի խաղաղութեան դաշնագիրը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ։ Հայաստան 12 000 քառ. քլմ. է։ Վարչապետ Քաջազնունի կը կազմէ Հանրապետութեան առաջին դահլիճը։
_ 1 Օգոստոսին տեղի կ՚ունենայ հանդիսաւոր բացում Հայաստանի Օրէնսդիր Ժողովին։
_ 15 Սեպտեմբերին, երկար հերոսամարտերէ ետք, Պաքուն կ՚իյնայ թուրքերու ձեռքը եւ 30 000 հայ կը կոտորուի։
_ 21 Հոկտեմբերին Լոռիի Բամպակի շրջանը կ՚անցնի հայերուն ձեռքը։
_ 11_18 Նոյեմբերին կը հռչակուի ընդհանուր զինադադար։ Հայկական զօրքերը մուտք կը գործեն Ղարաքիլիսէ։
_ 2 Դեկտեմբերին հայ բանակը կը վերագրաւէ Ալեքսանդրապոլը եւ զայն կը կցէ Հայաստանի Հանրապետութեան։
5 Դեկտեմբերին վրացական զօրքերը կը գրաւեն Ալեքսանդրապոլը։ _13 Դեկտեմբերին կը սկսի ՀայՎրացական պատերազմը։ Հայերը կը յաղթեն բոլոր ճակատներուն վրայ եւ կը հասնին վրացական սահման։
_31 Դեկտեմբերին անգլիացիներու միաջմտութեամբ երկու երկիրներուն միջեւ կը հաստատուի դիաւանագիտական կանոնաւոր յարաբերութիւն։
1919
_ 24_28 Ապրիլ 1919_ին Կարսը կ՚անցնի հայոց ձեռքը։
_ 1 Մայիսին կը պետականացուի Կողբի աղահանքը։
_ 2 Մայիսին Հայկական բանակը կը գրաւէ ԱրփաչայՍարըղամիշ երկաթուղին։ 13 Մայիսին առանց կռուի Հայկական բանակը կը մտնէ Օլթի եւ Կաղզուան։ 20 Մայիսին Հայկական բանակը կը գրաւէ Նախիջեւանը։ 28 Մայիս 1919_ին, Հայաստանի կառավարութիւնը կը յայտարարէ Անկախ, Միացեալ եւ Ժողովրդավար Հայաստանի Հանրապետութիւն։
_ 1 Օգոստոսին Աւետիս Սահակեանի նախագահութեամբ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի նորընտիր խորհրդարանի հանդիսաւոր բացումը։
_ 5 Օգոստոսին Ալ. Խատիսեան կը կազմէ նոր կառավարութիւն։
_ 1919_1920 Հայաստանի մէջ կային 431 նախակրթարան 1096 ուսուցիչներով եւ 20 երկրորդական վարժարան՝ 288 ուսուցիչներով եւ 5162 աշակերտով։
_1919_1920, 20 000 հայեր Ատրպէյճանէն Հայաստան կը ներգաղթեն։
1920
_ 19 Յունուար 1920_ին դաշնակիցներու գերագոյն խորհուրդը Տը Ֆաքթօ կը ճանչնայ Հայաստանի կառավարութիւնը։
_ 4 Ապրիլին, Ատրպէյճանի թուրքերը կը կազմակերպեն Շուշիի հայութեան կոտորածը։ Ղարաբաղի մէջ տեղի կ՚ուենան բախումներ՝ հայերու եւ թուրքերու միջեւ։
_ 5 Մայիսին Խատիսեան խորհրդարանին կու տայ իր հրաժարականը։
_ ՀՅԴ Բիւրոն իր լրիւ կազմով կ՚անցնի իշխանութեան գլուխը։
_ Մայիսին, Բոլշեւիկները կը կազմակերպեն խռովութիւններ, որոնք անմիջապէս կը ճզմուին կառավարութեան կողմէ։
10 Օգոստոսին, Աւետիս Ահարոնեան կը ստորագրէ Սեւրի դաշնագիրը։ Ըստ Սեւրի դաշնագրին Հայաստան կ՚ունենայ մօտաւորապէս 162 000 քառ. քլմ. տարածութիւն, ծովային ելքով։
_ 23 Սեպտեմբերին թուրքերը յարձակումի կ՚անցնին ու կը սկսի ՀայԹրքական պատերազմը։ 20_26 Հոկտեմբեր Սուրմալուի ճակատին վրայ տեղի կ՚ունենան արիւնալի կռիւներ։ Դրոյի ղեկավարութեամբ թուրքերը կը ջախջախուին։
_ 30 Հոկտեմբերին Համօ Օհանջանեանի կառավարութիւնը կը հրաժարի։ Երկու օր ետք, Վրացեան կը կազմէ իր դահլիճը։
_ 29 Նոյեմբերին, Ատրպէյճանի եւ Կարմիր բանակի օգնութեամբ՝ Հայ համայնավարները կը մտնեն Իջեւան։
_ 30 Նոյեմբերին, Համայնավար Կուսակցութեան եւ Խորհրդային իշխանութեան կողմէ Լըգրան (խորհրդային պատուիրակ) վերջնագիր կու տայ Հայաստանի կառավարութեան՝ խորհրդայնացնելու Հայաստանը։
_ 2 Դեկտեմբերին Ալէքսանդրոպոլի մէջ կը ստորագրուի հաշտութեան դաշինք՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ։
_ 2 Դեկտեմբերին Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչներու եւ Լըգրանի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրով՝ Հայաստան կը հռչակուի Խորհըրդային հանրապետութիւն։
_ 25 Դետկեմբերին Զանգեզուրը Գարեգին Նժդեհի ղեկավարութեամբ կը հըռչակուի ինքնավար մարզ։
_ 24 Յունուար 1921_ին Հայաստանի բանակի սպաները՝ 1200 հոգի, կ՚աքսորուին Ռուսաստան, անոնց մէջ նաեւ զօրավարներ՝ Սիլիկեան, Հախվերդեան եւ Սպարապետ Նազարբէկեան։
18 Փետրուար 1921ին, ընդհանուր ապստամբութիւն բոլշեւիկեան բռնատիրութեան դէմ։
_16 Մարտին կը ստորագրուի Մոսկուայի դաշնագիրը, եւ Կարսն ու Արտահանը կը նկատուին թրքական։ Նախիջեւանը կը յանձնուի Ատրպէյճանին։
_13 Հոկտեմբերին Խորհրդային Հայաստան եւ Թուրքիա կը ստորագրեն Կարսի դաշնագիրը։