Հայաստանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարները Ներկայացուցին Իրենց Հրաժարականները
1516
0
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Հայաստանի արտաքին գործոց բոլոր (երեք) փոխնախարարները ներկայացուցին իրենց հրաժարականները, որոնք անցեալ շաբաթ համապատասխան միջնորդագիրներով ուղարկուած են վարչապետի աշխատակազմին:
Հրաժարականի դիմում ներկայացուցած փոխնախարարներն են` Արտակ Ապիտոնեան, Աւետ Ադոնց եւ Արմէն Ղեւոնդեան:
Աւելի կանուխ, հրաժարական տուած էր նաեւ արտաքին գործոց փոխնախարարներէն Գագիկ Ղալաչեան: