Հայաստանը Ունի Նոր Ազգային Ժողով. Սկիզբ Առաւ Առաջին Նստաշրջանը
2 օգոստոս 2021-ին սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 8-րդ գումարման առաջին նստաշրջանը:
Նոր կազմուած խորհրդարանին մէջ կան երեք քաղաքական ուժեր` «Իմ քայլը», «Պատիւ ունեմ» եւ «Հայաստան» դաշինքները:
Օրակարգի հարցերն էին Ազգային ժողովի նախագահի, փոխնախագահներու, յանձնաժողովներու նախագահներու ընտրութեան հարցը եւ այլ հարցեր:
Խորհրդարանը ունի 107 պատգամաւոր, որմէ 71-ը` իշխանական:
Նիստին ներկայ եղան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ու Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը: Առաջին նիստը վարեց Ազգային ժողովի տարիքով աւագ պատգամաւորը` Կնեազ Հասանովը, որուն կողմէ Ազգային ժողովի նստաշրջանը բացուած յայտարարուելէ ետք, հնչեց Հայաստանի պետական քայլերգը: Նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ` ի յարգանս պատերազմի ընթացքին յանուն հայրենիքի զոհուած հայորդիներու յիշատակին:
«Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան` անդրադառնալով «Հայաստան» դաշինքի անդամներ Արթուր Սարգսեանի եւ Մխիթար Զաքարեանի կալանքի տակ գտնուելուն, յայտարարեց, որ արտառոց վիճակի մէջ ենք, կարելի չէ Ազգային ժողովի այսպիսի գումարում, երբ երկու պատգամաւոր պաշտօնակիցներ կը գտնուին կալանքի տակ, ազատութենէ զրկուած, որոնք, իրենց կամքին հակառակ, չեն կրնար մասնակցիլ Ազգային ժողովի նիստերուն, լիարժէք իրականացնել իրենց լիազօրութիւնները: Ռուստամեան ըսաւ. «Եթէ մենք կը կարծենք, թէ ոչինչ եղած է, այսպէս հանգիստ կարելի է սկսիլ, անցնիլ օրակարգին ու անտեսել այս բոլորը, ապա այս սկիզբով մենք լաւ տեղ պիտի չհասնինք: Մենք իրաւունք չունինք կանոնակարգի կոպիտ ոտնահարումով, խախտումով առջեւ երթալ: Մեր աչքին առջեւ թերութիւն արձանագրուած է: Անձեռնմխելիութիւնը շրջանցելով, Ազգային ժողովը անտեսելով` մեր երկու պատգամաւորները կը գտնուին կալանքի տակ: Ասիկա ոչ միայն ոտնձգութիւն է այդ պատգամաւորներու լիազօրութիւններուն նկատմամբ, այլեւ անարգանք է Ազգային ժողովին նկատմամբ», յայտարարեց ան:
Ռուստամեան ընդգծեց` Ազգային ժողովի մարմինները, ղեկավարութիւնը այդ նիստին պիտի ձեւաւորուին, եւ այդ պատգամաւորները ո՛չ ընտրելու, ո՛չ ընտրուելու իրաւունք պիտի ունենան, եթէ ներկայ չըլլան Ազգային ժողովի դահլիճին մէջ:
Նշենք, որ 8-րդ գումարման խորհրդարանին մէջ ներկայացուած «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորները, ի նշան բողոքի, առաջին նիստին եկած էին Սիւնիքի ազատազրկուած համայնքապետերու նկարներ կրող շապիկներով:
Արծուիկ Մինասեան. «Ականատես Եղանք, Որ Խախտեցաւ Մխիթար Զաքարեանի Եւ Արթուր Սարգսեանի Ընտրելու Իրաւունքը»
«Մենք հետեւողականօրէն պիտի պայքարինք մեր ընկերներուն ազատութեան համար», շեշտեց «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան` ներկայացնելով խմբակցութեան կողմէ Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին առաջադրուած Մխիթար Զաքարեանի կենսագրականը:
«Մենք գործ ունինք անձի մը հետ, որ 44-օրեայ դաւադիր պատերազմի առաջին օրէն կանգնած էր սահմաններուն վրայ` հայրենիքի պաշտպանութեան առաջին գիծին: Քիչ առաջ ականատես եղանք, որ խախտեցաւ ընտրելու իրաւունքը Մխիթար Զաքարեանի եւ Արթուր Սարգսեանի: Այն քաղաքական մեծամասնութիւնը, որ տեղի անտեղի, գիշեր-ցերեկ կը խօսի ընտրական իրաւունքի ազատութեան մասին, այսօր, իր իսկ վարքագիծով, այս իրաւունքը ոտնակոխեց»:
Իշխան Սաղաթէլեան. «Ոչինչ Փոխուած Է Մեր Օրակարգին Մէջ, Մեր Պայքարը Կը Շարունակուի»
Ազգային ժողովի ընդդիմադիր փոխնախագահ ունենալը սահմանադրութեան պահանջ է, մենք պիտի առաջադրենք թեկնածու, իսկ Ազգային ժողովը կրնայ ձեւաւորուիլ եւ ըլլալ ամբողջական կազմով, եթէ մեր ընկերները ներկայ ըլլան: Այս մասին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան:
Հարցումին, թէ Իշխան Սաղաթէլեան ի՞նքն է Ազգային ժողովի ընդդիմադիր փոխնախագահի թեկնածուն` «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորը դրական պատասխան տուաւ:
Պատասխանելով «Թերթ»-ին այն հարցումին, թէ իշխանութեան հասցէին իրենց կարծիքը փոխուա՞ծ է, թէ՞ ոչ, արդեօք Նիկոլ Փաշինեանը կը շարունակե՞ն նկատել հողատու, դաւաճան` Իշխան Սաղաթէլեանը ըսաւ. «Ոչինչ փոխուած է մեր օրակարգին մէջ, ինչ որ ըսած եմ անցնող ութ ամսուան ընթացքին` փողոցը, պատրաստ եմ իւրաքանչիւր վայրկեան կրկնել այս ամպիոնէն, օրակարգը նոյնն է, քանի որ երկրին առջեւ կանգնած մարտահրաւէրները նոյնն են, համակարգային ճգնաժամը յաղթահարուած չէ, հետեւաբար` մեր պայքարը կը շարունակուի»:
Նշենք նաեւ, որ նիստին ընթացքին խօսք առաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ առաջնահերթութիւն նկատեց խոր եւ բազմաշերտ ճգնաժամէն դուրս գալու ելքեր գտնելը, որուն համար հիմնական է պառակտումը բացառելը, շեշտը նորընտիր Ազգային ժողովին տրուած հնարաւորութեան վրայ դնելը` մշակելու, իրականացնելու ապագային միտուած իրական, ռազմավարական ծրագիրներ:
Նախագահը ընդգծեց յատկապէս, որ պէտք է ամէն ինչ ընել` պաշտպանելու եւ պահպանելու Հայաստանի պետականութիւնը: