«Հայաստանը Եւ Տարածաշրջանը». (1921-ի Մոսկուայի Եւ Կարսի Դաշնագիրներու 100-ամեակին Նուիրուած Գիտաժողովի Զեկուցումներու Ժողովածու)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երեւանի մէջ 2022-ին լոյս տեսաւ «Հայաստանը եւ տարածաշրջանը. դասեր, արժեւորումներ, հեռանկարներ» խորագրեալ հատորը, որ 1921-ի Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագիրներու հարիւրամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովի զեկուցումներու ժողովածու է: Անոր հրատարակութիւնը երաշխաւորուած է Հայաստանի գիտութիւններու Ազգային ակադեմիայի պատմութեան եւ արեւելագիտութեան հաստատութիւններուն գիտական խորհուրդներուն կողմէ:

Ժողովածուն կը բացուի ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի երկու խօսքով: Ան կ՛ըսէ, որ ուղիղ հարիւր տարի առաջ քեմալա-պոլշեւիկեան փոխհամաձայնեցուած ռազմաքաղաքական համագործակցութեան իբրեւ հետեւանք կնքուած Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագիրները հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներու կոպիտ մատնահարումներ են եւ Սեւրի դաշնագիրին չէզոքացմնան փորձ: Այդ դաշնագիրները անարդարութեան դրսեւորումներ են հայութեան նկատմամբ, սակայն հիմնախնդիրը այդ անարդարութիւնը վերահաստատելը չէ, այնքան որքան նոր անարդարութիւններէ խուսափելու ելքեր որոնելը:

Գարեգին Բ. ամենայն հայոց կաթողիկոս իր խօսքին մէջ կ՛ըսէ, որ այսօր ալ աշխարհաքաղաքական բուռն գործընթացները մտահոգիչ են մեր ժողովուրդին համար, ինչպէս հարիւր տարի առաջ էին, երբ ստորագրուեցան այդ դաշնագիրները, եւ Թուրքիոյ տրուեցան հայկական զգալի տարածքներ: 21-րդ դարու առաջին քառորդին Հայաստան վերստին յայտնուեցաւ տարածաշրջանային ռազմաքաղաքական գործընթացներու կիզակէտին:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս իր հայրապետական օրհնութեան գիրին մէջ կ՛ըսէ, որ վտանգաւոր զարգացումներով լի Կովկասի եւ յատկապէս Հայաստանի պատմութեան ներկայ փուլին տեղի ունեցող այդ գիտաժողովը կոչուած է դառնալու տարբեր` ակադեմական այլ գիտաժողովներէն: Կարսի դաշնագիրով Թուրքիոյ փոխանցուեցան Կարսի մարզը, Սուրմալուն եւ Արարատ լեռը. իսկ Նախիջեւանը` Ազրպէյճանի: Ստալինի ճնշումով Խորհրդային Հայաստան կորսնցուց իր տարածքին շուրջ կէսը: Պատմագիրներ ու իրաւագէտներ արդարօրէն հարցականի տակ կ՛առնեն յիշեալ դաշնագիրին օրինականութիւնը եւ իրաւականութիւնը: Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագիրները փաստօրէն պարտադրուեցան Հայաստանի:

«Համաթրքականութեան ծրագիրները Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագիրներուն մէջ» խորագրեալ իր զեկուցումին մէջ Աշոտ Մելքոնեան կ՛ըսէ, որ քեմալա-պոլշեւիկեան գործակցութեան իբրեւ հետեւանք կործանեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Մոսկուայի դաշնագիրը կնքուեցաւ առանց հայ ժողովուրդին կենսական շահերը նկատի առնելու: Հայաստան Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագիրներով ունեցաւ տարածքային լուրջ կորուստներ: Ճիշդ հարիւր տարի անց` 2020-ին, պատմութիւնը կրկնուեցաւ. 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեամբ Արցախը կորսնցուց իր տարածքի մեծագոյն մասը: Այդ յայտարարութիւնը եւս անօրինական փաստաթուղթ է:

«Հարիւրամեայ դասեր, ռազմավարական մարտավարական հիմնախնդիրներու» խորագրեալ իր զեկուցումին մէջ Լեւոն Մկրտչեան կը գրէ, որ 21-րդ դարու քաղաքակրթական սրընթաց փոփոխութիւնները կը ստիպեն ազգերը կողմնորոշուիլ վազքի մէջ` երբեմն արմատական յեղաշրջում պահանջելով կենսագործունէութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ:

Ռիչըրտ Յովհաննիսեան դիտել կու տայ, որ Խորհրդային Ռուսիան, որուն աջակցութեան ապաւինեցաւ Հայաստան, նախապատուութիւն տուաւ Թուրքիոյ, այդ պատճառով ալ Հայաստան տարածքային լուրջ կորուստներ ունեցաւ:

Արարատ Յակոբեան կը նշէ, որ միջազգայնօրէն չճանչցուած երկու երկիրներ` քեմալական Թուրքիա եւ պոլշեւիկեան Ռուսիա դաշինք կնքած են եւ վճռած երրորդ երկրի` Հայաստանի տարածքային սահմանային հարցերը` առանց անոր գիտութեան ու մասնակցութեան:

Ամատունի Վիրաբեան կ՛ըսէ, թէ հայ-թրքական սահմանը, որ գոյութիւն ունի ցայսօր, գծուած է Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագիրներով: 1969-1973-ին կրկին սահմանագծում եւ սահմանազատում կատարուած է:

Վիքթոր Նադեւին-Ռաեւկի կը գրէ, որ Մոսկուայի դաշնագիրով պոլշեւիկեան Ռուսիա յոյս ունէր Թուրքիոյ միջոցով յառաջ տանելու «Համաշխարհային յեղափոխութիւնը»: Իսկ Կարսի դաշնագիրով Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած մնացին Հայաստանի եւ Վրաստանի պատմական հողերուն փոխարէնը պոլշեւիկները ստացան «խորհրդայնացած» Ազրպէյճան:

Արմէն Մարուքեան իր գրութեան մէջ կը յայտնէ, որ` հիմք ընդունելով Վիեննայի «միջազգային դաշնագիրներու իրաւունքի մասին» հռչակագիրը, Կարսի փաստաթուղթը Հայաստանի կողմէ կրնայ համարուիլ առ ոչինչ:

Հայկազուն Ալվրցեան լուսարձակի տակ կ՛առնէ այն, որ հանրապետութեան հռչակումէն ետք Թուրքիա մշակեց եւ հետեւողականօրէն գործադրեց երկրին մէջ բնակող այլալեզու եւ այլակրօն ժողովուրդներու ձուլման քաղաքականութեան:

Խաչատուր Ստեփանեան կը նշէ, որ Ռուբէն Տէր Մինասեան հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ ամէնէն կարեւորը նկատած է սահմանային-տարածքային խնդիրներու կարգաւորումը, իսկ փրոֆ. Արտաշէս Աբեղեան (Առաջին հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ) հայ-թրքական սահմանի վերանայումը դիտարկած է Միացեալ Հայաստանի գաղափարի կենսագործման անհրաժեշտութեան տեսանկիւնէն:

Վահրամ Բալայեան կը գրէ, որ Թուրքիա 1918-ին եւ 2020-ին` ներխուժած է Արցախ: Թուրքեր 1920-ին կործանեցին Շուշին: Արցախեան երրորդ պատերազմին` 2020-ին, Թուրքիա անմիջական մասնակցութիւն բերաւ ազրպէյճանական ռազմական գործողութիւններուն:

Էդիկ Մինասեան դիտել կու տայ, որ Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագիրը հայ ժողովուրդին համար ունեցան ճակատագրական նշանակութիւն` հաստատելով, որ անոնց ծանր հետեւանքները կը շարունակուին մինչեւ այսօր:

Վլատիմիր Յովհաննիսեան կ՛ըսէ, որ հայ ժողովուրդին իրաւունքներու ոտնահարման միջազգային իրաւական ձեւակերպումը իր ամրապնդումը ստացաւ Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագիրներով:

Արտակ Ապիտոնեան կը նշէ, որ այսօր մեր խնդիրներու լուծման բանալիները կրկին յայտնուած են այլ պետութիւններու կամ ուժերու ձեռքերուն մէջ եւ իրավիճակին վրայ ազդելու մեր հնարաւորութիւնները սահմանափակ են:

Եղիա Թաշճեան կը գրէ, որ` նկատի ունենալով արցախեան 2020-ին պատերազմէն ետք Հայաստանի սահմանափակ հնարաւորութիւնները եւ կախուածութիւնը Ռուսիայէն, Երեւան խուսանաւումը կատարելու սահմանափակ տարածք ունի եւ կրնայ ցաւալի փոխզիջումներու երթալ: Այդ իսկ պատճառով Հայաստանի անհրաժեշտ է յստակ քաղաքական ռազմավարութիւն` յարմարելու տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական իրողութիւններուն:

Փաստագրական տուեալներով հարուստ զեկուցումներու այս ժողովածուն կ՛ապացուցէ, որ միջազգային իրաւունքի դիտանկիւնէն անօրինական եւ իրաւական ուԺ չունեցող դաշնագիրներով խորհրդային Ռուսիոյ եւ քեմալական Թուրքիոյ միջեւ հայ ժողովուրդի հաշուոյն գործարք կատարուած է:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.