Համիլթընի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչում
- (0)

Կազմակերպութեամբ Համիլթընի Ս. Մարիամ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ եւ ՀՅԴ «Վռամեան» կոմիտէութեան Հայ Դատի յանձնախումբին, Ապրիլ 27-ին տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան 110-րդ ամեակի ոգեկոչում։
Յիշատակումը սկսաւ առաւօտուն, Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ մէջ մասնաւոր յիշատակումով եւ մատաղի օրհնութեամբ։ Պատարագի աւարտին ներկաները եւ գաղութի անդամները ուղղուեցան Հայ կեդրոն, ուր պատշաճ հիւրասիրութենէ ետք, ժամը 2։30-ին սկսաւ պաշտօնական յայտագիրը՝ ջահավառութեամբ, մասնակցութեամբ հին եւ նոր սերունդներուն։
Քայլերգներու երգեցողութենէն ետք, օրուան հանդիսավարներ՝ Անահիտ Ասատրեան (անգլերէն) եւ Փաթիլ Սիմոնեան (հայերէն) բացման խօսքով ներկայացուցին օրուան պատգամը։
«Ապրելու Ապրիլ», «Տէր Զօր» եւ «Պիտ պաշտպանեմ» երգերով հանդէս եկան Ռաֆայէլլա, Անտրէա եւ Մարիանա Պետրոսեան քոյրերը։
Երգեցողութեան յաջորդեց Ճուլիա Աբգարեանի համադրած փաստագրական ժապաւէնի ցուցադրումը, որուն յաջորդեց ՀՕՄ-ի միօրեայ վարժարանի աշակերտներուն, ՀՄԸՄ-ի սկաուտութեան եւ խումբ մը պատանիներու միացեալ ասմունքը՝ Պարոյր Սեւակի «Մենք քիչ ենք» բանաստեղծութեան։
Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Սեւակ Պէլեան, որ պատշաճօրէն փոխանցեց օրուան պատգամը։
Խօսք առին օրուան հիւրերէն փոխ քաղաքապետ Մայք Սբատաֆորա եւ Համիլթընի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ հայազգի Թօմ Ճաքսըն։ Թօմ Ճաքսըն Ճորճթաունի հայ որբերու շառաւիղներէն է։
Այս ձեռնարկին առթիւ գաղութի անդամներու կողմէ յատուկ կազմուած մօտ 20 հոգինոց երգչախումբին կողմէ երգուեցաւ «Տուն իմ հայրէնի» երգը։
Արժ. Տէր Հրանդ Քհն. Մանուկեանի փակման խօսքով եւ «Պահպանիչ»ով յուշատօնը աւարտեցաւ ժամը 4-ին։
Յակոբ Աբգարեան