Համերգ ձօնուած 25-ամեայ Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ

Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ 25-ամեակի տօնակատարութիւններու շարքին, Շաբաթ, 29 Սեպտեմբեր 2018 երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Լաւալի St. Martin եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ 25-ամեակին նուիրուած համերգ մը, հովանաւորութեամբ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի՝ Առաջնորդ Գանատայի Հայոց թեմի, նախագահութեամբ Աղազարեան ընտանիքին՝ ի յիշատակ Սիրանոյշ Աղազարեանի եւ սիրայօժար կատարողութեամբ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ «Նոր Ծաղիկ» մանկապատանեկան երգչախումբին, խմբավարութեամբ բազմավաստակ արուեստագիտուհի Տիկին Էլօ Պտղունի-Հարպոյեանի եւ նուագակցութեամբ դաշնակահարուհի՝ Տիկին Դալար Հարպոյեան-Գալլողլեանի: Ներկայ էին Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեան, Ազգային վարչութեան անդամներ, հոգաբարձուներ, պատգան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով ներկաներ:

Օրուայ հադիսավարը՝ Պրն. Մեսրոպ Պերեճիքեան, բացումը կատարեց համերգին՝ ձօնուած Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ 25-ամեակին եւ բարձր գնահատեց ժողովուրդին ներկայութիւնը, որոնք մեծ բազմութեամբ եկած էին պատմական այս օրուայ հանդիսութիւնը վայելելու: Ապա ան հակիրճ պատմական մը տուաւ 25-ամեայ Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ գործունէութեան մասին, անդրադառնալով անոր ստեղծման ազդակներուն, գոյատեւման աշխատանքներուն, ներկայի իրավիճակին եւ ապագայի ծրագիրներուն: Ան նաեւ յատուկ կերպով նշեց եկեղեցւոյ անցեալի եւ ներկայի, բոլոր կղերական թէ աշխարհական նուիրեալ ծառայողները:

Խօսքին երկրորդ բաժինով, Պրն. հադիսավարը ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ «Նոր Ծաղիկ» մանկապատանեկան երգչախումբը իր կազմութենէ միջեւ օրս, արդարօրէն գնահատելով «Նոր Ծաղիկ»-ը կեանքի բերող Տէր Հօր՝ Արժ. Տէր Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեանը, գեղարուեստական պատասխանատու եւ ընդհանուր խմբավար Տիկին Էլօ Պտղունի-Հարպոյեանը, նուագակցող՝ Տիկին Դալար Հարպոյեան-Գալլողլեանը, նաեւ ներդրում ունեցող միւս նուագողները եւ արուսետագէտները, ինչպէս նաեւ թաքուն եւ անշշուկ աշխատող Երէցկին՝ Նինա Գոյունեանը եւ վերջապէս բոլոր մանկապատանեական երգչախումբի անդամ-անդամուհիները եւ անոնց ծնողները:

Պրն. Պերեճիքեան իր բացման խօսքին երրորդ բաժինով անդրադարցաւ համերգին յաջողութեան համար բոլոր աշխատանքները իրականացնող անդամներուն եւ մարմիներուն: Ի մասնաւորի ան շեշտեց Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տէր Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեանին եւ հոգաբարձութեան անվերապահ գործակցութիւնը, գեղարուեստական պատասխանատու եւ ընդհանուր խմբավար Տիկին Էլօ Պտղունի-Հարպոյեանի սիրայօժար մասնակցութիւնը, մանկապատանեկան Պատարագի ստեղծագործման նիւթաբարոյական բարերարներ՝ Տիկին Շաքէ Կէօնճեանի եւ Տէր եւ Տիկին Մանուկ եւ Աննա Չուխաճեաններու ներդրումը եւ վերջապէս օրուայ ձեռնարկին բարերար նահագահութիւնը ստանձնող Աղազարեան ընտանիքին աջակցութիւնը:

Բացման խօսքին վերջաւորութեան, հանդիսավարը յաջորդաբար հրաւիրեց «Նոր Ծաղիկ» մանկապատանեկան երգչախումբի պարման-պարմանուհիները, նուագակցող դաշնակահարուհի Տիկին Դալար Հարպոյեան-Գալլողլեանը, եւ խմբավար Տիկին Էլօ Պտղունի-Հարպոյեանը: Ներկաներուն բուռն ծափահարութիւններուն տակ, բեմ բարձրացան բոլորը, ու պահ մը լուռ ինքնափոփումէ ետք, «Նոր Ծաղիկ»-ը աշխարհաբարով ծաղկեցուց Հայ ժողովրուրդին ուրախութեան թէ սուգի սրբազան Տէրունական աղօթքը՝ «Հայր Մեր»-ը:

Իրարայաջորդ երեսուն վայրկեաններու ընթացքին երգուեցան տասներկու երգեր, որոնց խօսքն ու երաժշտութիւնը ողողեցին ներկաներուն սիրտն ու հոգին: Այլե’ւ, անոնք իրեց մանկապատանեկան ձայնով կախարդական ու մոգական մթնոլորտ մը ստեղծեցին եկեղեցիէն ներս եւ երկնային պայծառութիւն մը բերին ներկաներուն դէմքերուն վրայ: Սոյն աշխարհաբար եռաձայն մանկապատանեկան պատարագը բացառիկ արուեստի ազնուական գործ մըն է եւ հայկական եկեղեցական երաժշտական ժառանգութեան մէջ առաջինը, որ յօրինուած է հայրենի վարպետ եւ հանրածանօթ երգահան տիար Արեգ Լուսինեանի կողմէ, իսկ խօսքերը պատշաճեցուած են Արժ. Տէր Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեանի կողմէ:

* * *

Տասնըհինգ վայրկեան դադարէ մը ետք, «Նոր Ծաղիկ»-ը նոր թափով ու եռանդով եւ իր խանդավառ խմբավարով դարձեալ բարձրացան բեմ, այա անգամ ներկաներուն հրամցնելու համար հայկական ժողովրդային եւ ազգային երգեր: Իրենց խմբային թէ մենակատարային երգեցողութեամբ, «Նոր Ծաղիկ»-ը յաղթահարեց իր նոր թռիչքը: Ան Պատարագի երգերէն սլացք առնելով հասաւ դէպի հայ ազատագրական շարժում՝ դէպի Արցախ: Արցախին նուիրուած երաժշտութեան բառերը գրի առած էր Լոռի Հարպոյեան, երբ տակաւին 16 տարեկան էր: Ան կը ներկայացնէ հայ պարմանուհիի մը հայրենասիրական փափուկ զգացումները կապուած հայրենի հողին ու մշակոյթին: Սոյն երգը յօրինուած էր երգահան Արեգ Լուսինեանի կողմէ: Այս երգին առաջին կատարումն էր որ մատուցուեցաւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ 25-ամեակի տօնակատարութեան առթիւ:

Հայրենի կարօտով, «Նոր Ծաղիկ»-ը երգեց անընդհատ, երգեց խոր զգացումներով, երգեց հպարտութեամբ, երգեց գովասանքով, երգեց ձօնելու, երգեց կեանք տալու հայ տառին, ժայռին ու հողին: Եկեղեցւոյ լայն պատերը նեղ կու գային մանկապատանեկան երաժշտութեան հայրենի բարբառին, անոնց մեղմիկ, բայց ահարկու երգեցողութիւնը, կարծես արձագագ մըն էր հայկական լեռնաշղթաներու ընդմէջէն, որոնք ալիք առ ալիք կուգային ներկաներուն հոգեկան աշխարհը ճօճելու մերթ աշնան տերեւներու նման եւ մերթ ձմրան ձիւնի փաթիլներուն պէս: Կը պարզուէր Հայաստանը իբրեւ երկիր դրախտավայր, կը փառաբանուէր հայ գիրքը ու յաղթական երեւոյթ կ’առնէր Հայ եկեղեցին դարերու ահազանգներու ընդմէջէն: Կարելի չէր ազգայնաշունչ երգեցողութիւններու աւարտին յուզումով չծափահարել այս շքեղ հանդէսին համար: Եւ ժողովուրդը ծափահարեց…: Անոնք ծափահարեցին յոտնկայս, ծափահարեցին խուռներամ, ծափահարեցին ոգեւորուած, ծափահարեցին երկար, ծափահարեցին մինչեւ ձեռքերը դարձան բոց ու կրակ ինչպէս ծնունդը Վահագնի.- « Ընդ եղեգան փող բոց ելանէր, Եւ ի բոցոյն վազէր խարտեաշ պատանեկիկ… » : Տօնն էր այսօր՝ տօնը «Նոր Ծաղիկ»-ին, տօնը Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ 25-րդ տարեդարձին:

Երգեցողութիւնը վերջացած էր, սակայն երաժշտութիւնը տակաւին կը շարունակուէր հնչել հադիսատեսներուն միտքերուն մէջ: Ուրախ էին բոլոր ներկաները, ուրախ էին նաեւ մեր մանուկներն ու արուեստագէտները իրենց սքանչելի կատարողութեամբ եւ բծախնդիր աշխատանքով: Այս առթիւ, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը երգչախումբի իւրաքանչիւր անդամին նուիրեց փոքր խաչ մը Հայաստանէն բերուած եւ յուշանուէրներով պարգեւատրեց « Նոր Ծաղիկ » մանկապատանեկան երգչախումբին խմբավարը՝ Տիկին Էլօ Պտղունի-Հարպոյեան, նուագակցող՝ Տիկին Դալար Հարպոյեան-Գալլողլեանը եւ օրուայ նախագահութիւնը ստանձնած Աղազարեան ընտանիքը: Պարգեւատրութիւններէն վերջ բեմ հրաւիրուեցաւ Գանատայի Հայոց թեմի Առաջնորդ , Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, որպէսզի փոխանցէ իր սրտին խօսքը:

* * *

Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց «Նոր Ծաղիկ» մանկապատանեկան երգչախումբի բոլոր պարման-պարմանուհիները, որոնք իրենց առօրեայ դպրոցական ծանր աշխատանքներու կողքին, ինչպէս նաեւ ամառնային իրենց հաճելի պահերը զոհելով, անցնող աւելի քան տասներկու տարիներ, լուրջ հետեւողականութեամբ ներկայ եղած էին երգչախումբի փորձերուն: Սրբազանը գովաբանեց նաեւ անոնց ծնողները, որոնք նոյն եւ առաւել զոհողութեամբ ընկերացած էին իրենց զաւակներուն աշխատանքի ճանապարհին: Ինչպէ՞ս կարելի է սահմանել այսպիսի հատեւողական յամառ աշխատանք, եթէ ոչ գիտակցութեամբ՝ գիտակցութիւն հանդէպ հայ երգին, հայ մշակոյթին, Հայ եկեղեցիին, հայ ապագայ սերունդի առողջ դաստիարկութեան, որոնց օրինակները կը կանգնին մեր առաջ, աւելցուց Սրբազան Հայրը, ցոյց տալով «Նոր Ծաղիկ» մանկապատանեկան երգչախումբը:

Սրբազան Հայրը նաեւ բարձր գնահատեց «Նոր Ծաղիկ» մանկապատանեկան երգչախումբին խմբավար՝ Տիկին Էլօ Պտղունի-Հարպոյեանիը եւ նուագակցող դաշնակահարուհի՝ Տիկին Դալար Հարպոյեան-Գալլողլեանը: Խմբավար Տիկին Հարպոյեան իբրեւ բազմավաստակ արուեստագիտուհի եւ մանկավարժուհի բազմիցս ինքնաբուխ ի սպաս դրած է իր մասնագիտութիւնը, ու տակաւին կը շարունաէ ներդրում ունենալ, հայ սերունդը ճշմարիտ դաստիարակելու դժուար ու նուրբ պարտականութեան մէջ:

Այս բոլորին կողքին, Սրբազան Հայրը նաեւ արժէքաւորեց օրուայ նահագահութեան բերը վերցնող Աղազարեան ընտանիքը, որոնք սիրայօժար իրենց նուէրը դրին մեր դարաւոր պապենական հաւատքի գանձանակին մէջ: Սրբազանը անդրադարցաւ նաեւ կազմակերպչական աշխատանքներուն, որոնք կատարուած էին Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանի, հոգաբարձութեան եւ Տիկնանցին կողմէ: Սրբազանը նաեւ շեշտեց ամբողջական աջակցութիւնը Ս. Յակոբ Առաջնորդանիս Մայր եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տէր Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեանի եւ հոգաբարձութեան, որոնք ջանք չէին խնայած, որպէսզի առաւելագոյն չափանիշով յաջողութիւն արձանագրէ Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ 25-ամեակին տօնակատարութիւնը: Այս գործակցութիւնը առողջ եւ կենսունակ օրինակներէն մէկն է վկայելու՝ թէ մեր գերագոյն յաջողութիւնները կը կայանան մեր հաւաքական աշխատանքին մէջ, աւելցուց Սրբազանը:

Սրբազան Հօր սրտին խօսքը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ ան անդրադարցաւ «Նոր Ծաղիկ» մանուկներու երաժշտութեան երթին: Անոնք սկսան հաւատքով՝ Պատարագի ճամբով, ըսաւ ան, բայց շուտով անոնք հասան Մեսրոպ Մաշտոց եւ Այբուբէն, հասան Մուշ ու Սասուն, հասան Արցախ, եւ իրեց իւրաքանչիւր երգով անոնք նոր կեանք մը տուին, նոր պատգամ մը փոխանցեցին, նոր ճշմարտութիւն մը արտայայտեցին, եւ աւելի’ն, նոր ծաղիկ մը բացին մեր հոգիներուն մէջ, որուն գեղեցկութեամբ եւ հմայքով մեզ առաջադրեցին ճանչնալ եւ ծառայել մեզ ստեղծող սրբազան Արարիչը: Հետեւաբար Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան գերագոյն նպատակ նկատեց կանգուն եւ արթուն պահելու Հայ եկեղեցին, այս պարագային՝ Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցին, որպէսզի ան լուսաւորէ իւրաքանչիւր հաւատացեալի միտքն ու հոգին, եւ նոր լոյս ճառագայթէ դէպի երկինք, դէպի արեւ, դէպի աստղերն անհամար, կապոյտէն ալ անդին, դէպի անմահութիւն, դէպի անտեսանլի գիտութիւն, դէպի ծնունդն աշխարհին, դէպի «Աղբիւրը լոյսի »: Ապա Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ 25-ամեայ յոբելեանը, մաղթելով անոր հոգեւոր հովիւին՝ Հոգշ. Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանին, հոգաբարձութեան եւ բոլոր ծառայողներուն արեւշատութիւն: Հուսկ բարեմաղթութիւններով եւ աղօթով Սրբազան Հայրը եզրափակեց իր սրտին խօսքը:

Սրբազան Հօր աղօթքէն ետք, հադիսութիւնը աւարտեցաւ: Ներկաները մեծապէս գնահատեցին ձեռնակը եւ յաջողութիւն մաղթելով ու բարձր տրամադրութիւններով մեկնեցան: Վարձքը կատար բոլորին:

Կ.Մ.

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.