Համաթուրքականութեան – համաթուրանականութեան գաղափարախօսութիւնը սերմանող թուրք ղեկաւարներու եւ գործիչներու վարքագիծը

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Սոյն աշխատութեան հիմնական կիզակէտը դարձուցած ենք համաթուրքականութեան-համաթուրանականութեան հիմնադիրներու, կարգ մը տեսաբաններու եւ մտաւորականներու ցեղապաշտական եւ ազգայնամոլական այն տեսակէտները, կարծիքները, գրական ստեղծագործութիւնները, մտածումներն ու յայտարարութիւնները, որոնք ռազմավարականօրէն ուղղուած են հայ ազգին իր պատմական հայրենիքէն բնաջնջելու քաղաքականութեանը:

Թուրքիա-Ատրպէյճանի ղեկավարներն ու գործիչները ղեկավարուելով համաթուրքականութեան-համաթուրանականութեան ռազմատենչ գաղափարախօսութեամբ, բոլորն ալ բնականաբար թշնամական ոգիով մղուած հանդէս եկած են բացայայտ հայատեաց եւ ազգայնամոլական շեշտադրուած ոճի արտացոլումով:

Նիւթի հրատապութիւնը եւ ուշագրաւ ըլլալը մեզի մղած է, որ տարբեր տեսանկիւններէ վերլուծենք:
Աշխատութիւնը լայն պատկերացում կու տայ համաթուրքականութեան-համաթուրանականութեան մասին քարոզող ծայրայեղ ազգայնամոլ անձերու եւ այդ գաղափարին ուղղութեան մասին: Ինչպէս նաեւ մեծապէս կ’օգնէ հետամուտ ըլլալու սոյն վարդապետութեան փուլերուն, եւ լոյս կը սփռէ անոր շարժառիթներու, կազմակերպման եւ նպատակներու իրականացման վրայ:

Նիւթը խիստ այժմէական է, եթէ նկատի ունենանք, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգերը կը շարունակեն իրենց ցեղասպանական արշաւները հայութեան դէմ, ինչպէս նաեւ բռնագրաւումի, սրբապղծումներու եւ բռնագրաւուած հայկական հողատարածքներու վրայ գտնուող մշակութային եւ կրօնական կոթողներէ հայկականութեան հետքերու ջնջման գործունէութիւնը:

Այս աշխատութեան արխիւահաւաքը բնականաբար կը կարօտի ուսումնասիրական եւ հաւաքագրական մեծ աշխատանքի:
Հետեւաբար, տուեալ նիւթերը լուսարձակի տակ առնելու եւ պատմագրելու համար կարողացած ենք աշխատասիրել բազմաբնոյթ արխիւներ, որ կ’ընդգրկեն ընդարձակ նիւթեր, զորս կարելի է դասաւորել զանազան բաժիններու, ինչպէս` ժողովներու ատենագրութիւններ, հեռագիրներ, փաստաթուղթեր, զեկուցագիրներ, նամակներ, յուշագրութիւններ, փաստաթուղթեր, նոթագրութիւններ, մամուլ եւ լրատուական տեսանիւթեր: Հոն ցայտունօրէն դրսեւորուած է համաթուրքականութեան-համաթուրանական գաղափարախօսութեան վարքագիծը, ինչպէս նաեւ այլամերժութիւնն ու ատելութիւնը ոչ թուրք ժողովուրդներու ու մանաւանդ հայ ազգի հանդէպ թշնամանք եւ քինախնդրութիւն հրահրուած են:

Աշխատութեան մէջ քննարկուած հարցերու լուծման հետ կապուած տեսակէտները ըստ հնարաւորութեան ձգտած ենք հիմնաւորել փաստերով:

Համաթուրքականութեան-համաթուրանականութեան վարդապետութեան առաջնորդներու հոյլէն այստեղ կը յիշատակենք քանի մը հատը, որոնք հրապարագիրներ, բանաստեղծներ, մտաւորականներ, տեսաբաններ, եւրոպական կրթութիւն ստացած կրթական առաջնորդներ ու բանասէրներ են:

– Եուսուֆ Աքչուրա: Թաթար (հասկնալ` թուրք-ազերի) քաղաքական գործիչ եւ հրապարակագիր: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլիս, իսկ բարձրագոյնը՝ Փարիզ: 1908-ին կը մեկնի Պոլիս իբր թուրքիզմի կեդրոնական դէմք: «Թրքական Կաճառ»-ի հիմնադիրներէն: 1911-ին Իթթիհատի Կեդրոնականի անդամ եւ «Թուրք Եուրտու»-ի հիմնադիր: Քաղաքական համաթուրանականութեան հիմնադիր:
– Զիյա Կէօքալփ: Օսմաներէն` Տիյա: Թրքերէն` Ziya Gökalp, բուն անունը` Մեհմեթ Զիյա, ծնած է 23 մարտ 1876 թուականին, Տիգրանակերտ (Ամիդ, Գարա-Ամիդ), ծագումով զազա (քիւրտ), բայց` բոլորովին թրքացած: Բանաստեղծ, գրող, ընկերաբան եւ քաղաքական գործիչ, համաթուրքականութեան եւ համաթուրանականութեան հիմնադիր-տեսաբան ու գաղափարախօս: Երիտթուրքերու կողմէ երկիրը սահմանադրական միապետութեան վերածելէ ետք ընդունած է Կէօք-ալփ («Երկնքի հերոս») անունը:
– Էօմէր Նաճի: Զիյա Կէօքալփի առաջին գործակիցներէն եւ «Կէնճ Գալէմլեր»-ի հիմնադիրներէն:
– Թուրկութ Ալփ: Հրապարակագիր, «Թուրք Եուրտու»-ի հիմնադիրներէն եւ աշխատակիցներէն:
– Թէքին Ալփ: Հրապարագիր, տեսաբան. «Թուրքիզմի եւ փանթուրքիզմի»-ի հեղինակ:
– Ճէլալ Սահիպ: Զիյա Կէօքալփի գործակիցներէն եւ «Կէնճ Գալէմլէր»-ի գլխաւոր հիմնադիրը:
– Հալիտէ Էտիպ Ատըվար: Թուրքիստ գրագիտուհի, հեղինակ «Ենի Թուրան» (1913), «Թուրք Կնոջ Մը Ճակատագիրը» վէպին:
– Խալիտ Զիյա: Հրապարակագիր, թուրքիզմի կրթական առաջնորդներէն:
– Սուլթանով: Ատրպէյճանի, Մուսաւաթական համաթուրքականութեան իրականացումին ամէնէն գործօն դէմքերէն:
– Վէլէտ Թահիր: Բանասէր, թուրքիզմի ցեղային քարոզիչ:
– Մեհմետ Էմին Ռեսուլզատէ: Ատրպէյճանցի, Թեհրանի «Իրան Ազատ» թերթի խմբագիր:
– Ահմետ Ճաֆարօղլու: Կ. Պոլսոյ համալսարանի փրոֆեսէօր, թրքագէտ, Ուքրանական անկախ համալսարանի պատուաւոր դոկտոր, Հունգարիայի գիտութիւններու ակադեմիայի, Լեհաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի, Ուքրանական ԽՍՀ ԳԱ թղթակից անդամ:
– Մամետզատէ Միրզա Պալա: Հրապարակախօս, թարգմանիչ, թատերագիր, հասարակական գործիչ: Մուսաւաթ կուսակցութեան երկրորդ նախագահ:
– Սաիտ Շամիլ: Ան Կովկասի յայտնի առաջնորդներէն մէկու՝ Շէյխ Շամիլի կրտսեր որդիի՝ Մուհամմետ Քամիլ փաշայի որդին է: Քաղաքական եւ հասարակական գործիչ, գրող: Կրթութիւնը աւարտած է Կ.Պոլսոյ Կալաթասարայի միջնակարգ դպրոցին մէջ: Մեկնած է Տաղստան եւ կռուած կարմիր բանակին դէմ: Թրքերէնի կողքին տիրապետած է արաբերէնի, ֆրանսերէնի եւ ռուսերէնի:

Եուսուֆ Աքչուրան, Զիյա Կէօքալփը, Հալիտէ Էտիպը, Թէքին Ալփը եւ միւսները կ’երազէին բոլոր թուրքերուն միաւորումը մէկ միապետի գլխաւորութեամբ, որ կրնար ետ բերել Աթիլլայի, Ճէնկիզխանի եւ Լենկթիմուրի ժամանակները:

Վերոնշեալ երազներն իրականացնելու համար, այդ անուններուն հետեւած են ուրիշներ, որոնք մինչեւ օրս աւելի կազմակերպուած եւ թշնամական ու ատելութեամբ կը շարունակեն իրենց նախնիներու երազը իրականացնել: Այդ անուններէն կ’արժէ նշել՝ Նիհալ Աթսըզ, Ալփարսլան Թիւրքէշ, Հայտար Ալիեւ, Տողու Փերինչեք, Ապուլֆազ Էլչիպէյ, Ռեճէփ Թայիփ Էրտողան, Մուհսին Եազըճըօղլու, Իլհամ Ալիեւ, Մերալ Աքշեներ եւ ուրիշներ:

Ներկայ ուսումնասիրութեան մէջ ներկայացուցած ենք այն վտանգներէն մէկը, որ գոյութիւն ունի մեր տարածաշրջանին եւ կը սպառնայ ո՛չ միայն Հայաստանի եւ հայութեան ազգային անվտանգութեան, այլ նաեւ տարածաշրջանի երկիրներուն՝ Սուրիոյ, Իրանի եւ Իրաքի: Բոլորս արդէն ականատես ենք թէ ինչ տեղի կ’ունենայ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կամ այլ տեղեր:

ՀԱՄԱԹՈՒՐՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ-ՀԱՄԱԹՈՒՐԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՍԵՐՄԱՆՈՂ ԹՈՒՐՔ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ԷՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՒԹԱԳՐՈՒՄԸ

Համաթուրքականութիւնը (փանթուրքիզմ: Թրքերէն՝ Türkçülük), ծայրահեղ ազգայնական գաղափարախօսութիւն է, որուն հիմքը՝ թրքալեզու ժողովուրդներու մէկ ազգ ըլլալու եւ թուրքերու գլխաւորութեամբ անոնց մէկ պետութեան մէջ միաւորելու գաղափարն է:
Հետազօտական գրականութեան մէջ «փանթիւրքիզմ» բառեզրը կ’օգտագործուի թրքալեզու ժողովուրդներու քաղաքական, մշակութային եւ էթնիկ միասնութեան գաղափարները նկարագրելու համար: Թուրանականութիւնը համաթուրքականութեան սերտօրէն կապուած շարժում է, բայց աւելի լայն հասկացութիւն է, քանի որ թուրքականութիւնը (թուրքիզմ) կը վերաբերի միայն թրքական ժողովուրդներուն: Թուրանիզմը ցեղապաշտ, ազգայնամոլ, հետադիմական, ֆաշիստական շարժում է:
Համաթուրքականութիւնը կազմաւորուած է 19-րդ դարու երկրորդ կէսին: Օսմանեան կայսրութեան թուլացման զուգընթաց՝ 19-րդ դարու մէջ, սկսաւ ձեւաւորուիլ համաթուրանական գաղափարախօսութիւնը, որ ուղղուած էր թրքալեզու ժողովուրդներու համախմբումը մէկ պետութեան՝ Մեծ Թուրանի ներքեւ:

Այս վարդապետութիւնը, իբրեւ մշակութային եւ դիւանագիտական հոսանք, հիմնականօրէն ի յայտ եկաւ 1880-ական թուականներուն, Ատրպէյճանի թրքական մտաւորականներու շրջանակին մէջ (այն ժամանակ՝ Ռուսական կայսրութեան մաս մը) եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ (ժամանակակից Թուրքիա): Ան կը նախատեսէր միացնել Օսմանեան կայսրութիւնը ու Ռուսական կայսրութեան, Իրանի, Չինաստանի եւ Աֆղանստանի թրքախօս հատուածները:

Համաթուրքականութիւնը գաղափարական, քաղաքական եւ մշակութային շարժում է, որ ուղղուած է թրքական բոլոր ժողովուրդներու միաւորումին, համարեայ մինչեւ թրքական պետութիւններու դաշնակցութեան ստեղծելուն՝ հիմնուած ազգային ինքնութեան վրայ:

Համաթուրքականութիւն-համաթուրանականութիւն շարժումը սկսաւ Ղրիմի թուրքերու շրջանակին մէջ, որոնք սկիզբը կը ձգտէին միանալ Օսմանեան կայսրութեան թուրքերու հետ:

Այնուամէնայնիւ, թրքական գաղափարախօսութեամբ զբաղուող յետազօտողներն ու քաղաքական գործիչները այս բառեզրերը օգտագործած են որպէս հոմանիշներ շատ աղբիւրներու եւ գրականութեան աշխատութիւններու մէջ: Թէեւ թրքական ժողովուրդներէն շատերը կը կիսեն պատմական, մշակութային եւ լեզուական արմատներ, համաթուրքականութեան քաղաքական շարժումի վերելքը 19-րդ եւ 20-րդ դարերու երեւոյթ է:

Համաթուրքականութեան-համաթուրանականութեան յայտնի գաղափարախօսներէն էին Ահմետ Աղաեւը, Եուսուֆ Աքչուրան, Զիյա Կէօքալփը, Ֆուատ Քոփրիւլուն եւ ուրիշներ:

Համաթուրքականութեան հիմնադիր եւ խոշորագոյն գաղափարախօս Եուսուֆ Աքչուրա, 1904-ին Գահիրէի «Թուրք» թերթին 24-րդ, 26-րդ եւ 27-րդ թիւերու մէջ (14 Ապրիլ, 28 ապրիլ, 5 մայիսի 1904 թ.) կը հրապարակէ «Երեք քաղաքական համակարգ» («Üç tarz-ı siyaset») խորագրով ծրագրային ծաւալուն ազդեցիկ յօդուածը , որ համաթուրքական ազգայնամոլութեան առաջին դրսեւորումն էր: Այս յօդուածը հետագային գիրքի ձեւաչափով լոյս տեսաւ:

Աքչուրա, այս աշխատութեան մէջ կը պաշտպանէ թուրքիզմը, օսմանիզմի եւ իսլամիզմի դէմ: Ան կը պնդէր, որ օսմանցիներու կողմէ հովանաւորուող գէրխորհրդարանական միութիւնը անիրատեսական էր: Համաիսլամական տեսակը առաւելութիւններ ունէր, բայց մահմետական բնակչութիւնը կը գտնուէր գաղութային տիրապետութեան տակ, որ դէմ էր միաւորումի: Ան եզրակացուց, որ էթնիկ թուրք ժողովուրդը կը պահանջէ ազգային ինքնութեան զարգացում, համաթուրքական կայսրութիւնը կը հեռանայ Պալքաններէն եւ Արեւելեան Եւրոպայէն դէպի Կեդրոնական Ասիա: «Երեք քաղաքական համակարգ» գիրքի առաջին հրատարակութիւնը բացասական արձագանգ ունեցաւ, բայց ան աւելի ազդեցիկ դարձաւ 1911 թուականին Կ.Պոլսոյ մէջ իր երրորդ հրատարակութեամբ: Օսմանեան կայսրութիւնը զիջած էր իր ափրիկեան տարածքը Իտալիոյ եւ շուտով կը կորսնցնէր Պալքանները, իսկ համաթուրքական ազգայնականութիւնը դարձաւ առաւել իրագործելի (եւ հանրաճանաչ) քաղաքական ռազմավարութիւն:

«Թուրք եուրտու» («Türk Yurdu», Թրքական հայրենիք) ամսագիրը հիմնադրուած է 1911-ին Աքչուրայի կողմէ: Ամսագրի անունը կը կրէ համանուն Ընկերութեան անունը: Այս Ընկերութիւն կը գործէր թրքական գրականութեան ճամբով: Այս, ժամանակի ամենակարեւոր թրքական հրատարակութիւնն էր, որուն մէջ Ռուսաստան ապրող թուրքերու այլ աքսորեալներու հետ միասին՝ Աքչուրան փորձեց գիտակցութիւն ներշնչել աշխարհի բոլոր թրքական ժողովուրդներու մշակութային միասնութեան մասին: Այս ամսագրի աշխատակիցները Աքչուրայի գլխաւորութեամբ կ’աշխատէին մաքրել թրքերէն լեզուն արաբական բառերէ, զայն զուտ մոնկոլական լեզուի մը վերածելու համար: Թուրք Եուրտուի անդամներուն պարտականութիւնն էր ընդդիմանալ բոլոր այն գրողներուն, անոնք ըլլային թուրք կամ ոչ թուրք, որոնք չէին բաժներ իրենց տեսակէտները, չէին հրատարակեր ազգայնական գիրքեր, խանդավառ հիմներ եւ չէին ուսուցաներ հին թուրանեան պատմութիւնը յայտարարելով, թէ թուրքերը, ազգերու մէջ ընտրեալ էին եւ ճակատագրով կոչուած իշխելու միւս ազգերուն վրայ:

Աքչուրայի այս աշխատութիւնը իր խորութեամբ ու բազմակողմանիօրէն շարադրելու առումով համաթրքութեան բոլոր հիմնադրոյթները բնականաբար ամբողջական պիտի չըլլար: Այդ խնդիրը լուծած է համաթուրքութեան խոշոր տեսաբան Զիյա Կէօքալփը իր «Թուրքիզմի հիմունքները» աշխատութեան մէջ:

Զիյա Կէօքալփ Եուսուֆ Աքչուրայի եւ ուրիշներու հետ թուրանականութեան շարժումին առաջին ջատագովներէն եւ քարոզիչներէն եղած է. շարժումը անոնց ստեղծած մտաւորական շարժումով սկսած է տարածուիլ թուրանական ժողովուրդներու ցեղային գիտակցութիւն արթնցող գրականութիւն եւ քարոզչութիւն «Թուրք եուրտու» (թուրք հայրենիք) եւ «Կենչ քալեմլեր»-ի (երիտասարդ գրիչներ) միջոցով:

Կարեւորութեամբ պէտք է ընդգծել, որ Զիյա Կէօքալփ ծագումով քիւրտ է, դաւաճանեց իր ազգին եւ եղաւ համաթրքութեան հիմնադիրներէն մէկը: Թուրքէ աւելի թրքացած թրքութեան հիմնադիրն ու համաթուրանականութեան տեսաբանը իր աշխատանքներէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Հեռանկարի մէջ` համաթուրքութեան նպատակը Թուրանի ստեղծումն է»: Թուրքիզմի իսկական սպառնալից բնոյթը կը բացայայտէ Զիյա Կէօքալփի կարգախօսը, «պիւթիւն թուրքլէր պիր օրտու» (բոլոր թուրքերը մէկ բանակ են):

Զիյա Կէօքալփը սահմանեց համաթուրքութիւնը, որպէս մշակութային, ակադեմական, փիլիսոփայական եւ քաղաքական հայեցակարգ, որ կը պաշտպանէ թուրք ժողովուրդներու միասնութիւնը:

Այդպէս կը մտածէին համաթուրանականութեան գաղափարախօս՝ Զիյա Կէօքալփին հետեւող համաթուրանական գաղափարախօսները, որոնք կը գործէին ամէն կողմէ միացած նոյն բաղձանքով եւ նոյն թելադրութիւններով: Նոյնիսկ անոնց յաջորդները քալեցին այդ ուղիէն եւ չթերացան իրագործելու իրենց առաջնորդին մտայղացումը:

Ճէլալ Նուրի պէյի հրապարակած «Թարիխը Թէտէննիաթը Օսմանիէ» («Օսմանեան անկման պատմութիւնը») խորագիր կրող օսմաներէն գիրքը, զոր հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, իրաւաբան, Մեծ եղեռնի զոհ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ Յարութիւն Շահրիկեան (Ատոմ), Նիտրա (1860-1915) թարգմանած է՝ «Օսմանեան կայսրութեան անկման պատմութիւնը» խորագրով:

«Օսմանեան Կայսրութեան անկման պատմութիւնը» գիրքին մէջ Ճելալ Նուրին կը գրէ. «Աշխարհի մէջ ոչ մէկ ազգ չկայ, ոչ մէկ ազգ չի գտնուիր, որ ունենայ այնպիսի վերի խաւեր, որոնք թուրքերու չափ ուրիշ ազգերու եւ ցեղերու հետ իրենց արիւնն ու ցեղը միացուցած ըլլան… Օսմանեան թուրքերու կազմած ազգը, ուրիշներու հետ չհամեմատուած աստիճան խառնուրդ ըլլալով, անոր անդամները ապականութեան յարած են, խաթարած են իրենց տոկունութիւնն ու ինքնութիւնը՝ հետեւաբար առաջ եկած է այժմեայ վիճակը… Թուրքերը ձուլելու շատ աշխատանք թափեցին… Թուրքերը իրենց հաւաքած մանուկները մահմետականացուցին, բոլոր ենիչերիները ձուլուած, թրքացած քրիստոնեաներ էին… Լեզուի մէջ ձուլում կը տեսնենք… ինչո՞ւ միայն լեզուական ձուլում եղած է ու կրօնականը, ազգայինը չէ եղած (այսինքն՝ ազգայինի հիմնական ցուցիչը կրօնականն էր – Ա.Գ.): Այս պարագաները քննել դժբախտաբար մեր կարողութեան սահմանի մէջ չէ: Անատոլուի նահանգներուն մէջ բնակուող, այն եւս ոչ թէ ցիր ու ցան, այլ խմբովին ապրող յոյները իրենց լեզուն մոռցած, բոլորն ալ թուրքերէն կը խօսին ու կ’աղօթեն… Նոյնպէս հայերու մէկ կարեւոր մասը միայն թուրքերէն կը խօսի, հայ լեզուն միայն նոր կ’ընդհանրանայ. «հինէն թրքերէնը հայերու ընդհանուր լեզուն էր»… Ընդհատումի շրջան մը չանցուած կամ նոր ազգերու եւ ժողովուրդներու հետ իրենց արիւնը չխառնող հին ազգերը դժուարութեամբ կը վերնանորոգուին… Արդ, ամբողջ Արեւելքը մեծ յոգնութեան մը, թմրութեան մը մէջ կը գտնուի: Այս ազգերուն մէջ եթէ կայ չյոգնած եւ մաքուր արիւնով ազգերու հետ միանալով իր արիւնը մաքրագործուած ազգ մը, ան ալ թուրք ազգն է… Ճաբոնական պետութիւնն ու ազգը թէեւ ամբողջովին ընդունեց եւրոպական քաղաքակրթութիւնը, բայց իր անհատականութեան, ցեղին եւ արիւնին մէջ պատռուածքներ, խանգարումներ չէր ունեցեր, այդ պատճառով ալ Երկնային արեգակի պետութեան մարդիկը յաջողեցան իրենց նախաձեռնութեան մէջ» :

Արդարեւ, Ճէլալ Նուրի պէյ լայն մտքերով, հռոմէական եւ Բիւզանդական կայսրութեանց ու ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութեան օրինակներով՝ իր քննադատութիւնները հիմնաւորելու աշխատելով հանդերձ, չկրնալով Ժէօն Թրքութեան ազգայնամոլական նախապաշարումներէ ազատուիլ, ինկած է հակասութեանց մէջ, եւ կարծած է թէ վերածնութիւնը կարելի է գլուխ բերել զինուորական քաղաքակրթութեամբ եւ ձուլումի քաղաքականութեամբ:

Համաթուրքականութեան-համաթուրանականութեան վարդապետութիւնը քարոզող թուրք մտաւորականութիւնն ու ղեկավարութիւնը այսպիսով կրցաւ ներարկել իրենց ցեղապաշտ, ազգայնամոլ ու յատկապէս հայատեաց դրսեւորումները թրքացեղ ժողովուրդներու վրայ: Այդ իսկ պատճառով ալ թուրքերը միշտ եւ ամէն տեղ, ուր առիթ գտած են, ամենայն հարազատութեամբ յայտարարած են իրենց ցեղապաշտական քաղաքականութիւնը իրականացնելու համար «Մեծն Թուրան»-ի (պետութիւն, որ պիտի երկարի Պոսֆորէն մինչեւ Ալթայ) ծրագիրը: Ինչպէս անցեալին զիրենք ծնած ցեղասպան նախահայրերը արդէն իրագործած էին առաջին հիմնական նպատակը` հայասպանութիւնը: Ի զուր տեղ չէ, որ Թուրքիոյ Իթթիհատի հայաջինջ ծրագիրը տառացիօրէն գործադրող, ներքին գործոց նախարարը եւ ոճրագործը` Թալեաթ, յաջողած էր պարծենալ. «Ես Հայկական հարցը լուծելու համար երեք ամսուան մէջ ըրի աւելին, քան Համիտ` 30 տարուայ ընթացքին…» : Ուստի, կը մնար շարունակել պայքարը եւ այդ, յանուն համաթուրանականութեան:

Ստորեւ տրուած քանի մը թուրք քաղաքական գործիչներու արտայայտութիւնները շատ յստակ ցոյց կու տան, որ կան համաթրքութեան ներկայացման երկու տարբերակներ, որոնք զուգահեռաբար կը տանին նոյն տեղը, դէպի թուրքականութիւն` համաթուրանականութիւն եւ վերջապէս հայկական հարցի խեղաթիւրում, Հայ դատի գերեզմանում: Հետեւաբար` կը տեսնենք ուղղակի հայ ժողովուրդի հանդէպ թշնամական վերաբերմունքը, որուն պատճառ պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան իրագործումը եւ հայկական հողերու բռնագրաւումը ու մշակութային յուշարձաններու ոչնչացումը, ըլլայ ան Արեւմտեան Հայաստանի կամ Նախիջեւանի ու Ղարաբաղի (անշուշտ ԼՂՀ-ի անկախութենէն առաջ):

Արիւնարբու իթթիհատականները, համաթուրանականութեան գաղափարախօսութեամբ համակուած, հայկական զանգուածային տեղահանութիւններու եւ ջարդերու միջոցաւ ճամբայ հարթած էին…: Արդ, Հայոց ցեղասպանութիւնը որդեգրելու նախնական գաղտնի ժողովներու եւ որոշումի մասին թուրք լրագրող Մեվլան Զատէ Րիֆաթ (1872-1950), որ մասնակցած էր «Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան գաղտնի ժողովներուն եւ քաջատեղեակ էր կուսակցութեան գործունէութեան, գրած է «Թրքական յեղափոխութեան ներքին ծալքերը» աշխատութիւնը (1929, արաբատառ թրքերէն, անաւարտ): Մեվլան Զատէի այս երկը լիովին կը բացայայտէ եւ երեւան կը հանէ երիտ-թուրքերու կառավարութեան որդեգրած ցեղասպանութիւնը, արեւմտահայերը տեղահանելու եւ կոտորածներ կազմակերպելու պատճառներն ու կանխամտածուած բնոյթը, մասնաւորապէս հայերու ցեղասպանութիւնը իրագործելու համար «Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան ստեղծած «Թէշքիլաթը մահսուսէ», յատուկ կազմակերպութիւն, Պէհաէտտին Շաքիրի անմիջական տրամադրութեան տակ, ղեկավարութեամբ` Սուլէյման Պէյի (Կեդրոնը` Կ.Պոլիս) կատարած բռնութիւններն ու ջարդերը, որպէսզի Թուրքիոյ ճամբան բացուի դէպի Թուրան: Արդարեւ, կարեւոր նկատեցինք միայն յիշեցնել այս լրագրողն ու իր խիստ կարեւոր քանի մը յուշերը, որոնք ամփոփուած են «Օսմանեան յեղափոխութեան մութ ծալքերը եւ Իթթիհատի հայաջինջ ծրագիրները» գիրքին մէջ:

1915-ի սկիզբներուն, երիտ-թուրքերու Կեդր. Կոմիտէի գաղտնի նիստը Թալեաթի նախագահութեամբ գումարուած, որոշեց Արեւմտահայութեան տեղահանութեան եւ բնաջնջումի յստակ ձեւերը, այս նիստին մեծն ճիւաղ` տոքթ. Նազիմ, խօսք առնելով կ’ըսէ.

«…այս ժողովին մէջ քանիցս խօսած եմ եւ հիմա կը կրկնեմ. եթէ այս մաքրագործումը ընդհանուր եւ վերջնական պիտի չըլլայ, օգուտի տեղ վնաս կը բերէ. պէտք է հայ ազգը արմատախիլ ըլլայ, մեր հողին վրայ անհատ մը անգամ չմնայ, հայ անունը մոռցուի: Հիմա պատերազմի մէջ ենք, ասկէ յարմար առիթ չի գտնուիր, մեծ պետութեանց միջամտութիւնը եւ թերթերու բողոքի ձայնը նկատելի իսկ չի կրնար ըլլալ, ըլլալու պարագային խնդիրը կատարուած իրողութիւն մը կը դառնայ եւ կը փակուի. այս անգամուան իրողութիւնը բնաջնջումի գործողութիւն մը պիտի ըլլայ, հայերէն անհատ մը իսկ չմնալու պայմանաւ, բնաջնջումը անհրաժեշտ է» :

Նոյն նիստի ընթացքին, կոմիտէի մէկ այլ անդամը` Խոճա Շէյխ Ուլ Իսլամ Հասան Ֆէհմին իր ելոյթի ընթացքին կ’ըսէ, որ մարգարէն ըսած է «ամէն վնասակար բան պէտք է անհետացուի»: Ուստի, քանի որ հայերու վնասը փաստուած է, … անոնց մէկ անհատն իսկ ողջ չձգելու պայմանաւ բնաջնջումը օրինական է. նոյնիսկ պատրաստ եմ առ այդ քարոզելու….

երախտագիտութեամբ կը խօսիմ. ես ազատութեան շնորհիւ երեսփոխան եմ. 50 հազար իսլամական կրօնական ուսանողութիւնը կը ներկայացնեմ….: Ասացուածին համաձայն` ծեր, երեխայ, կին, անկարող նկատի չեն առնուիր եւ բոլորը կը բնաջնջուին: Ես բնաջնջումի դիւրին ձեւ մը կը խորհիմ, ներեցէք որ պարզեմ. հիմա պատերազմի մէջ ենք, հայերու զէնք վերցնելու կարող երիտասարդները պատերազմի առաջին գիծը կը ղրկենք, հոն դիմացէն ռուսերուն, իսկ ետեւէն մեր կողմէն մասնաւոր կերպով ղրկուած ուժերուն կրակին մէջ կ’առնենք եւ կը բնաջնջենք. իրենց տունը մնացող տկար ու ծեր, կին ու երեխայ տարրերուն համար ալ կը հրամայենք եւ մեր հաւատացեալները կը մաքրեն ինչքերնին, կը կողոպտեն, աղջիկները կ’առեւանգեն: Այս միջոցառումը յարմար կը տեսնուի»: Շէյխ Ուլ-Իսլամ Հասան Ֆէհմին, հետագային իր հռչակաւոր ֆէթուէով գազան ժողովուրդը պիտի հրաւիրէր Ճիհատ»ին (Սրբազան Պատերազմ Յանուն Աստուծոյ): Այս երկխօսութեան ընթացքին, Գարա Քէմալ ինքզինք իսլամ նկատող, պարծանքով կը բացագանչէր. «Ապրի՛ս, Խոճա, տեսա՞ք ընկերներ, մեզի վայել կրօնապետը» :

Այստեղ անմիջապէս, ուշադրութեան կ’ուզենք յանձնել նոյն կրօնքի պատկանող անձերու վերաբերմունքը, մասնաւորապէս յատկանշական է բնականաբար ասպնջական արաբ ժողովուրդի, թէ՛ կրօնքի առումով եւ թէ՛ արաբական ազնիւ բնաւորութեան, զգացումներու, որպէս արտայայտութիւն: Առ այդ, ՄԷՔՔԷԻ իշխան Շէրիֆ Հուսէյնը (Յորդանանի ներկայ թագաւորը, Շէրիֆ Հուսէյնի ծոռն է), նոյեմբեր 1916-ին, հետեւեալ խօսքերը պիտի արտասանէր. «Հայերուն վրայ գործադրուած վայրագութիւնները իսլամի սուրբ օրէնքը կրնայ միայն դատապարտել», սոյն արտայայտութեան համար կը կարծենք որ աւելի մեկնաբանութեան կարիքը չկայ:

Յատկանշական է նաեւ, Իթթիհատական պարագլուխներէն տոքթ. Նազըմի համաթրքութեան մոլեռանդութեամբ լիցքաւորուած արտայայտութիւնները. «Ես թրքութիւնը կենդանացնելու համար ձեզի ընկեր, եղբայր եղայ, ես թուրքին, միայն թուրքին ապրիլը, այս հողին վրայ անկախ իշխող մը ըլլալը կը փափաքիմ: Ոչ թուրք տարրերը թող ջնջուին, ո՛ր ազգութեան եւ ո՛ր կրօնին ալ պատկանած ըլլան: Այս երկիրը (Թուրքիան) ոչ թուրք տարրերէն մաքրել պէտք է: ԿՐՕՆԸ ԻՄ ՔՈՎՍ ՈՉ ՄԷԿ ԱՐԺԷՔ ՈՒՆԻ, ԻՄ ԿՐՕՆՍ ԹՈՒՐԱՆՆ Է :

Նոյն ժողովին կրկին անգամ տոքթ. Նազըմը կարծես Թուրանի իրականացման աւետիսը կու տար իր թուրք ժողովուրդին` ըսելով. «Ո՜վ թուրք, կը տեսնեմ որ բախտիդ արեւը պիտի ծագի. Թուրանի ճամբան բացուելով լոյսերը աչքերը պիտի շլացնեն» :

Համաթուրանական ծրագրին հետեւողներէն եւ ընդհանրապէս մարդկութեան եւ Աստուծոյ բնաւ հաւատք ու սէր չունեցող, նոյնպէս իթթիհատականի պարագլուխներէն տոքթ. Պէհաէտտին Շաքիր, այդ գաղտնի ժողովին իր խօսքերով երեւան պիտի հանէ թուրքիզմի իսկական դիմագիծը, որ իսլամութիւնը պարզապէս միջոց մըն էր թուրք ժողովուրդը համախմբելու եւ աւելին, թուրք ժողովուրդը ազգ ըլլալէն ետք ինչո՞ւ չէ նաեւ յատուկ կրօն մըն ալ ստեղծելու շնորհքը: Կը կարծենք որ այդ մէկը լաւ ձեւով կը վկայեն տոքթ. Շաքիրի խօսքերը. «Մովսէսի պէս թշուառական մը, Յիսուսի պէս պարապ մարդ մը եւ Մուհամմէտի պէս որբ մը աշխարհին վրայ երբ կրցած են մէյ մէկ կրօններ հիմնել, ինչո՞ւ մեզի պէս կամքի տէր մտաւորականներ Թուրանի կրօնը չհիմնենք եւ չընդհանրացնենք» :

6 օգոստոս 1914-ին Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ կնքուած պայմանագրի (երկրորդ: Առաջինը` 2 օգոստոս) վեցերորդ յօդուածով` «Գերմանիան կ’օգնէ Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան սահմանները շտկել այնպէս, որ Թուրքիոյ համար ապահովէ անմիջական շփում Ռուսաստանի մէջ բնակող մահմետական ազգաբնակչութեան հետ»: Այս պայմանագրով, Գերմանիան իր համաձայնութիւնը պիտի տար Թուրքիային օգնելու` անոր համաթրքական ծրագիրի իրականացումին համար:

12 հոկտեմբեր 1914-ին Կ.Պոլսոյ գերման դեսպան Հանս Ֆրայհէր ֆոն Վանկենհայմ (1859-1915) մասնաւոր տեսակցութիւն մը կ’ունենայ Էնվէր Փաշայի հետ, համոզելով զայն, որ Թուրքիան անմիջապէս պատերազմի մէջ մտնէ: Ուստի Էնվէր գերման դեսպանէն բաժնուելէն ետք, անմիջապէս իթթիհատի պարագլուխները եւ վարչապետ Սայիտ Հալիմ փաշան (1863-1921) Կեդրոն հրաւիրելով եւ պատերազմական նախարարի հանգամանքով կը պահանջէ, որ Գերմանիոյ հետ զինակցութիւն կնքելու համար շուտով որոշում տըրուի: Յիշեալ նիստին Էնվէրի ունեցած համաթրքութեան ելոյթի մասին Մէվլան Զատէ իր յուշերուն մէջ կը գրէ, որ Էնվէրը ապացուցելու համար, որ Թուրքիոյ անհրաժեշտ է մասնակցիլ պատերազմին Գերմանիոյ կողքին, կը մատնանշէր հետեւեալը.

«Ընկերներ, Պատերազմական կացութիւնը փափուկ է: …Որոշ է որ Անգլիա եւս պիտի չկրնայ Եգիպտոսը պաշտպանել. Գերմանիա համաձայն է որ Եգիպտոսը, Կովկասը վերագրաւենք եւ նոյնիսկ Պարսկաստանն ալ գրաւենք եւ կարելիութիւն ստեղծուած է, որ այդ երկու կողմերը զինուորական պտոյտով մը մտնենք: Այս կերպով, տարակոյս չկայ, որ մենք պիտի կրնանք Թուրանի ճամբան բանալ եւ թուրք միութիւնը ապահովել» :

Թուրանական գաղափարի ամէնէն հարազատ օրինակներէն մէկն է նաեւ թուրք բանակի հրամանատար Վէհիպ փաշայի (1877-1940) խօսքերը` ուղղուած հայկական պատուիրակութեան, Պաթումի (Աճարիոյ մայրաքաղաք) խորհրդաժողովի ընթացքին, մայիս 1918-ին, «Դուք կը տեսնէք, որ ճակատագիրը կը քաշէ Թուրքիան արեւմուտքէն արեւելք: Մենք հեռացանք Պալքաններէն, կը հեռանանք նաեւ Ափրիկէէն, բայց մենք պէտք է տարածուինք դէպի արեւելք, հոն է մեր արիւնը, մեր կրօնքը ու մեր լեզուն: Եւ ասիկա տարերային ձգողութիւն ունի, մեր եղբայրները Պաքու, Տաղստան, Թուրքիստան եւ Ատրպէյճան են: Մենք պէտք է ճամբայ ունենանք դէպի հոն: Եւ դուք` հայերդ, կանգնած էք մեր այդ ճամբուն վրայ:

Պահանջելով Վանը` դուք կը փակէք մեր ճամբան դէպի Պարսկաստան: Պահանջելով Նախիջեւանն ու Զանգեզուրը` դուք արգելք կը դառնաք մեզի իջնելու Քուրի հովիտը եւ երթալու Պաքու: Կարսն ու Ախալքալաքը կը փակեն մեր ճամբան դէպի Ղազախ ու Գանձակ: Դուք պէտք է մէկ կողմ քաշուիք եւ մեզի ճամբայ տաք: Ահա թէ ո՛ւր է մեր հիմնական վէճը: Մեզի պէտք են երկու լայն ճամբաներ, որոնք հնարաւորութիւն տան մեր բանակներուն առաջ շարժելու եւ պաշտպանուելու: Մէկ ճամբան` Կարս-Ախալքալաք-Բորչալու-Ղազախն է, որ կը տանի դէպի Գանձակ, միւսը կ’երթայ Շարուր-Նախիջեւան- Զանգեզուրով Կուրի հովիտը: Դուք կարող էք մնալ անոնց մէջտեղը, այսինքն` Նոր-Պայազիտի (այժմ` Կամօ) եւ Էջմիածնի շուրջը» :

Իսկ Պոլսոյ մէջ կատաղի վէճեր տեղի ունեցած են Երիտասարդ Թուրքերու կոմիտէին մէջ այն մասին, թէ ո՛ր աստիճան նպատակայարմար է Կովկասի մէջ պահպանել հայկական պետութիւն մը: Այս հարցով 1918-ի աշնան, Ազիզ պէյ Թալեաթ փաշա Ալեքսանդր Խատիսեանի կը պատմէ ըսելով, որ Էնվէր փաշան կը գտնէր, որ քանի որ հայերը եղած են եւ պէտք է միշտ ըլլան մեր թշնամիները ու հանգիստ պիտի չթողուն մեր Անատոլուի նահանգները, աւելի լաւ է, որ հիմնապէս բնաջնջուին անոնք նաեւ Կովկասի մէջ, ինչպէս եղած են Թուրքիոյ մէջ: Իսկ փոքրիկ Հայաստան մը Կովկասի մէջ պատճառ պիտի դառնայ, որ միշտ ձգտի ընդարձակելու իր սահմանները եւ դառնայ յաւիտենական վտանգ Թուրքիոյ համար: Իսկ Թալեաթ, Էնվէրի պատասխանած է, որ այդ ծրագիրը անկարելի ծրագիր մըն է թէկուզ այն պատճառով, որ այսպէս թէ այնպէս երկու միլիոնի չափ ողջ մնացած հայեր կան այժմ եւ անհնար է զանոնք բոլորն ալ ոչնչացնել, ուստի աւելի լաւ է, որ անոնց գոհացում տրուի, որովհետեւ եթէ նոյնիսկ 100.000 հայեր մնան աշխարհի երեսին, մեզի հանգիստ պիտի չտան երբեք: Եւ վերջապէս, փոքրիկ Հայաստան մը ստեղծելով մենք լուծած կ’ըլլանք հայկական հարցը եւ այդպէս կը ներկայանանք հաշտութեան միջազգային խորհրդաժողովին : Այս ամբողջ երկխօսութիւնը, որ տեղի կ’ունենայ Խատիսեանի եւ Թալեաթ փաշայի միջեւ, արդէն մեծ վկայութիւն մըն է փոքրիկ Հայաստան մը թողելով հայերուն` ճամբայ բանալ դէպի արեւելք, արիւնակից եղբայրներուն դէպի Թուրան:

Քազըմ Քարապեքիր առիթով մը կը գրէ, որ Էնվէր փաշան «Մշտապէս կլանուած էր մտքով մը, ձգտումով մը` ստեղծել «Թուրան»: Ըստ անոր, ան կը պնդէ, որ իբր թէ ինքը միշտ Էնվէրին մատնանշած է Թուրքիայի համար այդ ուղիով ընթանալու վտանգաւոր ըլլալը: Այս ուղղութեամբ Էնվէր կ’ըսէ. «Ես նոյնպէս կ’աշխատէի… անոր մէջ համոզել նաեւ ներքին գործերու նախարար Թալաաթ պէյը… Պատերազմի ժամանակ ես իմ պետերուն կ’ապացուցէի, որ պայքարը Թուրանի համար վտանգաւոր է, սակայն իմ բոլոր ջանքերն ապարդիւն անցան»:

«Իմ պաշտօնական դիմումներուն կը պատասխանէին, որ հայրենիքի ապագայի համար ծայրայեղօրէն անհրաժեշտ է, որպէսզի Թուրքիային միացուի Կովկասեան Ատրպէյճանը` Նախիջեւանի հետ միասին» :

Եուսուֆ Աքչուրա Օղլու, 29 յունուար 1920-ին, Պոլսոյ համալսարանին մէջ հաւաքի մը ընթացքին, ակնարկելով Հայաստանի Հանրապետութեան, շռնդալից խօսքեր կ’արտասանէր. «Պէտք է ոչնչացնել Հայաստանը, զոր դաշնակիցները կ’ուզեն իբր թումբ կանգնեցնել երկու եղբայր հատուածներուն` Անատոլուի եւ Կովկասի թրքութեան միջեւ…» : Կարծէք թէ, երբեք Հայաստան Աշխարհ մը գոյութիւն չէ ունեցած երկրի երեսին, մօտ 300.000 ք.մ. տարածութեամբ:

Աքչուրա, այլ առիթով մը առանց բառերը ծամծմելու եւ դարձդարձիկ արտայայտութիւններ կատարելու, առիթով մը ահազանգ հնչեցուցած էր, թէ «Փանթուրանակութեան ճանապարհը գրեթէ զերծ է բոլոր խութերէն, որոնց կը բախին օսմանցիութիւնն ու համաիսլամութիւնը: Համաթուրանականութիւնն ուղղուած է առաւելապէս Ռուսաստանի դէմ, որ թէեւ մեծ, բայց անյաղթելի չէ»:

Զարեւանդ իր «Միացեալ անկախ Թուրանիան» գրքին մէջ շատ լաւ ձեւով պիտի մեկնաբանէր, որ փանթուրանիստ Մուսաւաթը կ’ուզէ լրացնել փանթուրանիստ Իթթիհատի գործը… հետեւաբար` Թուրքիոյ թրքացումէն վերջ կարգը եկած էր Կովկասը թրքացնելու :

Թուրքիայի հանրապետութեան հիմնի հեղինակ Մեհմէտ Աքիֆ Էրսոյը, որու հայրը ալպանացի էր, իսկ մայրը պուխարիացի, Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին «Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան գաղտնի սպասարկութեան «Թեշքիլաթը մահսուսէ»-ի կողմէ Պերլին ուղարկուեցաւ, Գերմանիոյ կողմէ գերի բռնուած թուրքերու մասին մանրամասն տեղեկութիւններ հաւաքելու:

Մեհմէտ Աքիֆ, որ իր գրութիւններով նորութիւն բերաւ Թուրքիոյ հանրապետութեան գրականութեան մէջ, թուրքիզմի երազներու իրականացման համար, որպէս արդիւնք, միշտ օրինակ տուած է իտեալ ըլլալու, իտեալ մրջիւնի հետեւեալ հեքիաթը, մրջիւնը կ’որոշէ Մեքքէ երթալ: Անոր կը հարցնեն «Դուն ինչպէ՞ս կը կարողանաս քու թաթերով Մեքքէ հասնիլ»: Մրջիւնը կը պատասխանէ. «Եթէ չհասնիմ հոն, ապա կը մեռնիմ ճանապարհին»: Այսինքն` իւրաքանչիւր թուրք, պէտք է հպարտ ըլլայ, որ կ’երթայ Մեծ Թուրքիա, բնականաբար Մեհմէտ Աքիֆ, հոս նկատի ունի «Մեծն Թուրանիա» ստեղծելու տեսիլքը եւ հնարաւորութիւն ունի մեռնիլ անոր համար, ինչ որ կ’ուզէ մրջիւնի բերնով ըսել: Իսկ ազգայնականութեան համար Աքիֆ կը գրէ, որ «մենք ալ ժամանակին ազգ մըն ենք եղեր, ան ալ ի՞նչ ազգ, աշխարհ եկած ենք ու աշխարհի ժողովուրդին սորվեցուցած ենք, թէ ի՞նչ է ազգայնականութիւնը»:

Համաթրքութեան մարմնացում եւ ցեղապաշտական նկրտումներով տոգորուած Մուսթաֆա Քեմալ, Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Շեւքեթ Սիւրէյեայի` «Թուրք չե՞նք» հարցին «Քաւ լիցի» պատասխան տուած կովկասեան ճակատի օսմանեան զինուորներուն «Երջանիկ է ան, ով կ’ըսէ` թուրք եմ» գոչել տալը շատ ժամանակ չխլեց: Այս ծայրայեղական ճանապարհի ճարտարապետը՝ Քեմալ ապահովեց սոյն փոխակերպման երեք փուլը:

ա. «Ազգային ազատագրական պատերազմ»-ի` (նկատի ունի 1919-1922 թթ. թուրք-յունական պատերազմը, որը թուրքերը համարում են ազգային-ազատագրական /Türk Istiklâl Harbi, Millî Mücadele/-Ա.Գ.) տարիներուն, Անատոլիայի եւ Ռումելիի իսլամ բնակչութեան մեծ տէրութիւններու դէմ միաւորելու համար կրօնական արտայայտութիւններ օգտագործած են: Օրինակ` 1920 մայիս 1-ին «Ազգային մեծ ժողով»-ին դիմելով Մուսթաֆա Քեմալը ըսած է. «Խնդիրը մէկ անգամ եւս չկրկնելու խնդրանքով կ’ուզեմ անդրադառնալ մէկ-երկու կէտի. այստեղ ցանկալի եւ ձեր Բարձրագոյն խորհուրդը կազմած անձինք միայն թուրք, չերքեզ, քիւրտ, լազ չեն, բոլորին բաղադրիչ տարրը իսլամն է, անկեղծ հաւաքածոյ է…»:

բ. «Կրօնական» բնորոշումը կամաց-կամաց իր տեղը կը զիջի «քաղաքական» բնորոշումին: Նախ` 8 փետրուար 1921-ին «Ազգային մեծ ժողով»-ի անուանումին սկիզբը դրուեցաւ «Թուրքիա» բառը: «Թուրք» բառը Մուսթաֆա Քեմալը առաջին անգամ, որպէս «քաղաքական եզր» օգտագործեց 1922 թ. սեպտեմբեր 21-ին «Մեծ յաղթանակ»-ի ընթացքին կատարած յայտարարութեան մէջ: Մուսթաֆա Քեմալը խումբ մը ուսուցիչներու ըսաւ. «Երեք ու կէս տարի առաջ կ’ապրէինք, իբրեւ կրօնական համայնք… Այդ ժամանակէն ի վեր կ’ապրիենք, որպէս թուրք ազգ»:

Այն, թէ թուրք ազգը ինչ տարրերէ բաղկացած է, Մուսթաֆա Քեմալը ներկայացուց 1923 թ. մարտ 16-ին Ատանայի «Թրքական օճախ»-ի արհեստաւորական համայնքի հետ թէյի շուրջ ելոյթի ժամանակ. «Մեր ընկերները իրենց ելոյթներու ժամանակ ըսած են, թէ մեր Ատանայի մէջ առաւելութիւն ունեցող միւս տարրերը` ասոնք-անոնք, հայերը, զաւթած են մեր արհեստի օճախները` դառնալով երկրի տէր ու տիրական: Անկասկած, այս ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ զրպարտութիւն եւ լկտիութիւն: Հայերն այս բարեբեր երկրին մէջ որեւէ իրաւունք չունին: Երկիրը ձերն է` թուրքերունը: Այս երկիրը պատմութեան ընթացքին թուրք է եղած, հիմա թուրք է եւ թուրք ալ մնալու է…»:

Թէեւ այս ցեղապաշտական մօտեցումը աշխատեցան հաւասարակշռել 8 Ապրիլ 1923-ին, Ժողովրդական կուսակցութեան հիմնումը աւետող «9 սկզբունքներու մէջ» տեղ գտած «Թուրքիոյ ժողովուրդի» միջոցով, սակայն 24 Յուլիս 1923-ին Լօզանի հաշտութեան պայմանագրի կնքումէն յետոյ սկսած էին այնպիսի քայլեր առնել, որոնք մտածել կու տային, թէ Ազգային պայքարի մէջ իրենց դաշնակիցներու կարիքը այլեւս չէր մնացած:

Այնուհետեւ, Թուրքիոյ վարչապետ, հետագային նախագահ Իսմեթ Ինէօնիւն 1925 թուականին Անգարայի մէջ «Թրքական օճախներու համագումար»-ի իր ելոյթի ժամանակ յայտարարած է` «Մենք բացայայտ ազգայնամոլներ ենք, մենք ցանկացած գնով պէտք է թրքացնենք անոնց, ովքեր կ’ապրին մեր հայրենիքին մէջ»:

*

Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր եւ առաջին նախագահ, ինքզինք հանրապետական յայտարարող, թուրանիստ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի որդեգրած քաղաքական դիրքորոշումները շատ յստակ էին․ Անատոլուն կամ, աւելի ճիշդ կ’ըլլայ ըսել, այն սահմանները, որոնք գծուած էին նոր հանրապետութիւն մը ստեղծելու, պիտի կոչուէր Թուրքիա:

Մուսթաֆա Քեմալի հռչակաւոր նշանաբանը՝ «Թուրքիան՝ թուրքերու համար» (թրքերէն՝ Türkler için Türkiye), վերածուած էր քաղաքական նպատակի՝ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը բոլոր միւս ազգութիւններէն ազատելու եւ միատարր բնակչութիւն ստեղծելու համար:

Իրականին մէջ «Թուրքիան՝ թուրքերու համար» նշանաբանը համաթրքութեան գաղափարախօսութեան մէկ մասն է: Այն քաղաքական ուղեծիր էր եւ Թուրքիոյ մէջ կ’արտայայտուէր բացէ ի բաց:

30 սեպտեմբեր 1926ին Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի Չանքայայի նախագահական պալատին մէջ Մուսթաֆա Քեմալ Թուրքիոյ մարզական միութեան համաժողովը ներկայացնող պատուիրակութեան ըսաւ. «Այսքան կարեւոր մարզական կեանքը մեզի համար աւելի կարեւոր է, որովհետեւ ցեղային հարց է: Ցեղի բարելաւման եւ հոգեկան հանգստութեան հարց է: Ըմբոստութեան եւ նոյնիսկ քիչ մըն ալ քաղաքակրթութեան հարց է»: Այնուհետեւ՝ 20 հոկտեմբեր 1927ին՝ երիտասարդութեան ուղղուած ելոյթի ժամանակ ըսելով` «Թո՛ւրք երիտասարդ, ուժը, որուն կարիքը ունիս, երակներովդ հոսող արեան մէջ է», ցեղապաշտութեան տուաւ փոխաբերական ձեւ: Յաջորդ տարի համալսարանական երիտասարդներու սկսած «Քաղաքացի՛, թուրքերէն խօսի՛ր» եւ «Թրքական ազգային պետութեան համար թուրք քաղաքացի դաստիարակեցէ՛ք» արշաւներու արդիւնքով գործը թափ ստացաւ:

Միւս կողմէ՝ 1938ին Քեմալ կը յայտարարէր, որ Թուրքիոյ ամէնէն մեծ ու բարդ խնդիրներէն մէկը քիւրտերու հարցն է, որովհետեւ անոր նպատակը, համաթրքութեան հետեւելով անշուշտ, Թուրքիան թրքացնել էր, հետեւաբար այդ շրջանին արգիլուեց «Քիւրտիստան» անունը՝ անոր փոխարէն օգտագործելով «Արեւելք» բառը, փակուեցան բոլոր քրտական հրատարակութիւնները, դպրոցներն ու մշակոյթի օճախները: Արդ, բոլոր կառավարութիւնները` սկսած Աթաթուրքէն մինչեւ այս օրերը, միշտ խնդիր ունեցած են խափանելու քիւրտ ժողովուրդի գոյութեան իրաւունքը: Եւ փոխուած են լոկ բռնութեան եւ ոչնչացման ձեւերն ու մեթոտները:

Քեմալի գաղափարական տեսաբանութեան տրուեցաւ քեմալիզմ (քեմալականութիւն) անուանումը, որ իր առաջ մղած թրքական ազգայնականութեան գաղափարախօսութիւնն է, դեռ կը համարուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան պաշտօնական գաղափարախօսութիւնը: Քեմալականութեան հիմքին մէջ 6 կէտ է դրուած («վեց նետ» — թրքերէն՝ Altı Ok): Առաջին չորս նետերը ձեւակերպուած են 1927ին, իսկ 1931 թուականին ալ անոնց աւելցած են եւս երկուքը: Վեց նետերու վարդապետութիւնը վերջնականապէս ամրագրուած է Թուրքիոյ Սահմանադրութեան մէջ 1937 թուականին:

Թուրքիոյ ցեղապաշտական նկրտումներուն շրջածիրին մէջ կը կայանան նաեւ Լոզանի պայմանագրէն յետոյ Արեւմտեան Հայաստանի կամ, այսպէս կոչուած, Թուրքիոյ հողատարածքին վրայ որդեգրուած նոր համաթրքական ոտնձգութիւնները ոչ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն դէմ: Բոլորիս յայտնի է, որ 1923 թ․ յուլիսի 24ին՝ Լոզանի՝ 8 ամիս տեւած խորհրդաժողովէն ետք, կնքուեցաւ հաշտութեան պայմանագիր: Այս պայմանագիրը եւս չօգնեց հայերուն եւ Թուրքիայի տարածքին ապրող միւս քրիստոնեայ ժողովուրդներուն ապրելու առաւել բարեկեցիկ կեանքով:

Թէեւ Լոզանի պայմանագիրը, որպէս այդպիսին, ուղղուած էր Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան բարձրացման, թրքական ոստիկանութիւնը անտարբեր էր հայերու հանդէպ գործադրուող բռնութիւններու նկատմամբ:

Թուրքիա բնակող հայերուն համար միակ ապահով վայրը կը համարուէր Պոլիսը, որ կը գտնուէր Թուրքիոյ եւրոպական հատուածին մէջ: Հոն հայերը հնարաւոր չափով կրնային հաւաքական կեանք վարել:
Հայկական վեց վիլայեթներու (նահանգ) տարածքի մեծ մասը զինուորական գօտի յայտարարուած էր, եւ հոն ճամփորդելը՝ արգիլուած, իսկ զբօսաշրջիկի կարգավիճակով Թուրքիա մտնող հայերը պէտք է ստորագրութիւն տային, որ իրենց կալուածները կառավարութենէն ետ պիտի չպահանջեն:

Այս շրջանին մէջ Լոզանի պայմանագիրը հասարակ ու մոռցուած թուղթ մըն էր: Ազգային փոքրամասնութիւններու հանդէպ Մուսթաֆա Քեմալի որդեգրած «Թուրքիան՝ թուրքերու համար» քաղաքականութիւնը երկիրը կը տանէր դէպի միատարր բնակչութեան ստեղծման:

1930 թ․ օգոստոսի 31ին թրքական «Միլլիէթ» թերթը վարչապետ Իսմեթ Ինէօնիւի անունով կը յայտարարէր. «Այս երկրին մէջ միայն թուրք ժողովուրդն է, որ ազգային իրաւունքներ ունի, ո՛չ մէկ այլ տարր կրնայ ունենալ այդ իրաւունքները» :

Վերոնշեալ միտքի այլ տարբերակ մըն է Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար ազգայնապաշտ Մահմուտ Էսատ Պոզքուրթի ամենայայտնի խօսքը 1930 թ. սեպտեմբերի 18ին Զմիւռնիոյ (Իզմիր) քաղաքի Էօտեմիշ շրջանի մէջ արտասանած ճառի մէջ. «Իմ կարծիքս է, եւ համոզուած եմ, որ այս երկիրը ինքնին թուրք է: Անոնք, որոնք մաքուր թուրք չեն, այս թրքական հայրենիքին մէջ մէկ իրաւունք ունին, ան ալ` ըլլալ ծառայ, ստրուկ»:

Յայտարարութիւնները ուղեկցուեցան գործնական քայլերով: «Թուրքիան՝ թուրքերու համար» գաղափարախօսութեան առաջին գործնական քայլերն էին յաւելեալ տուրքերու եւ խտրական նորանոր օրէնքները:

Ճնշումներու եւ սահմանափակումներու ենթարկուեցան Թուրքիոյ տարածքին գտնուող հայկական եկեղեցիները եւ դպրոցները, իսկ մշակութային կոթողները աւերուեցան: Զուգընթաց կը շարունակուէին ճնշումները հայերու նկատմամբ:

Այնուհետեւ՝ 28 հոկտեմբեր 1960ին, «Եէնի կիւն» («Նոր օր») թերթը գրեց. «Մենք ոչ ոք գիտենք, որ ինքզինք անուանէ քիւրտ: Թրքական հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիները թուրք են»:
21 մարտ 1962ին թրքական այլ թերթի մը («Եէօն», «Ուղղութիւն») մէջ փանթուրանիստ, «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան հիմնադիր, ծայրայեղ աջ ազգայնականներու առաջնորդ, գնդապետ Ալփարսլան Թիւրքէշ կը գրէր յօդուած մը՝ «Ո՛վ թուրք, գործէ՛» վերնագրով:

Թիւրքէշ, անդրադառնալով, որ «արդէն մերը չեն Ռոմէլիան (այսինքն՝ Պուլկարիան, Յունաստանը եւ հարաւ Սլաւիան), Հունգարիան, Սուրիան, Իրանը, Պաղեստինը, Եգիպտոսը, Թրիփոլին, Թունուզը, Ալճերիան, Խրիմը եւ Կովկասը… գործէ՛, ինչպէս Գորշ Գայլը: Թող վերածնուին երբեմնի ժամանակները… թող Թուրքիան գերիշխէ՛ բոլորին վրայ… Սա վիթխարի Թուրքիան է մինչեւ Թուրանը»․ ահաւասիկ ծաւալապաշտական ցնորքներով տարուած թուրքիզմի ամէնէն ցայտուն օրինակներէն մէկը:

Պէտք է ըսել, որ 1969 թ․ փետրուարին Ալփարսլան Թիւրքէշ պահպանողական հանրապետական գիւղացիական ազգային կուսակցութիւնը վերածեց ազգայնական շարժման աջ արմատական կուսակցութեան (MHP):

Լուսարձակի տակ առնելով «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան դաւանած գաղափարախօսութիւնն ու կառուցուածքը՝ խիստ կարեւոր է յիշեցնել, որ այս կուսակցութիւնը կառուցուած է իտալական ֆաշիզմի եւ գերմանական նացիզմի նմուշներով: Ան ունէր նաեւ ռազմականացուած թեւ, որն այլ խօսքով կարելի է անուանել նաեւ ահաբեկչական: Կուսակցութեան կողքին կը գործէ երիտասարդական ազգայնական «Պոզքուրթ» կազմակերպութիւնը:

«Պոզքուրթ» կամ «Գորշ գայլեր» (թրքերէն՝ Bozkurtlar կամ Bozkurtçular, իսկական անուանումը՝ Ülkücülük — «իտէալականութիւն») ստեղծուած է «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան (MHP) հովանիի ներքեւ, որուն հետ երբեմն կը նոյնականացուի:

«Պոզքուրթ» կազմակերպութիւնը կը համարուի «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան արմատական թեւը, որ հաւատարիմ է համաթրքականութեան գաղափարախօսութեան: «Գորշ գայլ» կազմակերպութիւնը հետագային անուանափոխուեցաւ «Իւլքիւ օճաքլարը»: Իսկ գորշ գայլերը կը սիրեն իրենք զիրենք իւլքիւճիւներ (իտէալականութիւն) անուանել:
«Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան ղեկավարը` Թիւրքեշ, իւլքիւճիւներու յորջորջումով կը կոչուի «պաշպուղ», այսինքն` «առաջնորդ, գլխաւոր, ոչ կանոնաւոր զինուորական խումբերու հրամանատար»:

Իւլքիւճիւները իրենք զիրենք կը կոչէին «ազգային գաղափարապաշտներ»: 1944 թ․ մայիսին էր, որ արտաքին աշխարհը տեղեկացաւ այս շարժումին մասին: Այդ օրը դատական ընթացք սկսաւ թուրք ազգայնականներու եւ փանթուրանականներու (թրքերէնով` «թուրանճի»), այսինքն` «Մեծ Թուրան» իտէալի-գաղափարի համակիրներուն դէմ: Դատուողներուն մէջ էին շարժումի ղեկավար ու ոգեշնչող Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզ եւ Թիւրքեշ: Անոնք կը մեղադրուէին ապօրինի կազմակերպութեան ստեղծման մէջ, որուն նպատակն էր կառավարութիւնը տապալել, ինչպէս նաեւ պետութեան դէմ գրգռութիւն ընելով ցեղապաշտութիւնը տարածել:

Իւլքիւճիւներու շարժումը հիմնուած է «ազգի միասնականութիւնը եւ հայրենիքի ամբողջականութիւնը» պահպանելու համար մղուող պայքարին վրայ․ «Ով որ այս գործը կը խանգարէ կամ այդ շարժման մէջ կասկածելի կը նկատուի, պէտք է անոր դէմ պայքարիլ»:
Ստորեւ կու տանք երիտասարդական բաժինի` իւլքիւճիւներու երդումը։

ԻՏԷԱԼԻՍՏԻՆ ԵՐԴՈՒՄԸ

Աստուծոյ, Քուրանի,
Հայրենիքի, Դրօշակի,
Ազգի, Զէնքի եւ Պաշպուղի
ԵՐԴՈՒՄ ԸԼԼԱՅ։
Նահատակներս, հերոսներս վստահ թող ըլլան,
Որպէս ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏ ԹՈՒՐՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ՝
Համայնավարութեան, դրամատիրութեան, ցեղապաշտութեան
եւ ամէն տեսակ կայսերապաշտութեան (իմպերիալիզմի) դէմ
մեր պայքարը պիտի շարունակուի,
մեր մարտնչումը մինչեւ վերջին զինուոր, վերջին շունչ,
մինչեւ արեան վերջին կաթիլն է:

Մեր մարտերը` ազգային Թուրքիոյ,
Մինչեւ Թուրան է:
Պիտի չվերադառնանք,
Պիտի չվհատինք, պիտի չիյնանք,
Պիտի յաջողինք, պիտի յաջողինք:
Պիտի յաջողինք․․․
«ԱՍՏՈՒԱԾ ԹՈՒՐՔԸ ԹՈՂ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ԵՒ ՀԶՕՐԱՑՆԷ» (թարգմ.` հեղինակին)։

Տեղին է նշել, որ Առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին Էնվեր փաշայի ստեղծած երիտասարդական կազմակերպութիւնը եւս կը կոչուէր «Գորշ գայլեր»: Այժմ գորշ գայլեր կը կոչուին «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան բոլոր անդամները:
Ալփարսլան Թիւրքէշի համաթրքականութեան-համաթուրանականութեան միտքերը արտայայտուած են ուղեցոյց նկատուող եւ գաղափարախօսական վերլուծումներով կատարելագործուած 1975ին հրատարակուած «Էական սկզբունքներ» («Temel Görüşler») աշխատասիրութեան մէջ։ Անոր բովանդակութիւնը կը բաղկանայ 24 ենթագլուխներէ.
1. «Իտէալ» հասկացութիւնը,
2. Իտէալիստութիւն,
3. Իտէալիստութեան էական հիմունքները,
4. Թուրք ցեղը եւ թրքերէնը,
5. Ի՞նչ է թրքութիւնը,
6. Թրքութիւնը եւ թուրք միութիւնը,
7. Թուրք իսլամ իտէալը,
8. Թուրք աւանդութիւնը,
9. Թուրք բարոյականութիւնը,
10. Թուրք ազգայնականութիւնը,
11. Մայր հայրենիք,
12. Ինչո՞ւ ազգայնականութիւն,
13. «Ազգայնականութիւն» հասկացութիւնը իսլամի մէջ,
14. Ազգային մշակութային պայքարը,
15. Ազգային բարոյականութիւնը,
16. Բարոյականութեան մաքառումը,
17. Բարոյականութեան ճգնաժամը,
18. Կարմիր խնձոր իտէալը,
19. Ի՞նչ է «Գորշ գայլը»,
20. Կազմակերպութիւն,
21. Ինը ջահերու համառօտ եւ համադրուած բացատրութիւնը,
22. Իտէալիստին երդումը,
23. Տէտէ Քորքութին խրատը,
24. 12 սեպտեմբեր 1980։
Վերոյիշեալ գիրքին մէջ Թիւրքէշ գրած է. «Երբ այսօր՝ մեր օրերուն, երկրագունդի ամբողջ տարածքին կը մղուի չյայտարարուած, բայց ահաւոր պատերազմ մը տարբեր ազգերու միջեւ, պատերազմի մշակոյթներու միջեւ, կարելի է ազգէ մը բազմաթիւ բերդեր ու ամրոցներ գրաւել, բանակը բազմիցս պարտութեան մատնել, բայց այնքան ժամանակ, որ անոր սիրտն ու հոգին չես գրաւած, այդ ազգը աննուաճելի է: Անժխտելի իրականութիւն է՝ մարդ այն ազգին մաս կը կազմէ, որուն ինքը կը նախընտրէ պատկանիլ: Մշակութային պատերազմի մէջ իւրաքանչիւր ազգ կը ջանայ ուրիշ ազգերու լեզուն, կրօնը, աւանդոյթները, ազգային ու հոգեկան արժէքները ոչնչացնել եւ զանոնք փոխարինել իր մշակութային արժէքներով»:

«Էական սկզբունքներ» գիրքին այլ բաժնի մը մէջ՝ «Արտասահմանի (դուրսի) թուրքեր» («Dış Türkler») գլխուն տակ, կը գրէ. «Թուրք ազգայնականի համար իւրաքանչիւր թուրք կարեւոր է, աշխարհի որ տեղը որ ըլլայ ան: Իւրաքանչիւր թուրք ազգայնականի պարտականութիւնն է մշտապէս պաշտպանել դուրսի թուրքերը»:

Նոյն գիրքի մէկ այլ բաժնի մէջ Թիւրքէշ կը գրէ. «Ստեղծելու համար առողջ, խիզախ ու որակեալ թուրք երիտասարդ սերունդ պէտք է օգտագործել մարզաձեւի հրաշալի միջոցը: …Իւրաքանչիւր թիւրք պատանի, որ կը հրաժարի նոր հասարակութիւն, նոր ազգ եւ նոր պատմութիւն ստեղծելու իր պարտաւորութենէն, պէտք է ըմբռնէ, որ կը դաւաճանէ այս երկրի մայրերուն, անոր զաւակներուն ու թուրք ազգի իտէալին: Թուրք երիտասարդութիւնը՝ որպէս առաջնորդող ուժ, պէտք է թուրք ժողովուրդը իր ետեւէն քաշէ»:
Ալփարսլան Թիւրքէշի այլ աշխատութիւնն է Անգարայի մէջ 1980ին հրատարակուած «Ինը ջահեր» («Dokuz Işık») գիրքը: Այս մէկը Թիւրքէշի ամէնէն կարեւոր աշխատութիւնն է եւ կը համարուի իւլքիւճիւներու ուղեցոյցը: Ան զանազան առիթներով կը յայտարարէ. «Բոլոր սպիտակամորթ մարդիկ ծագած են թուրքերէ» (սա, այսպէս կոչուած, «թրքական աշխարհ» ունենալու մաղթանքն է):
Թիւրքէշ շատ մօտ կապեր հաստատած էր թրքական այլ հանրապետութիւններու եւ թուրք ժողովուրդի հետ, միշտ կը կանգնէր այդ երկիրներուն կամ երկրամասերուն դրօշակներուն ներքեւ եւ կ’արտասանէր նոյն խօսքը. «Այսօրուան Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս մնացած միւս թիւրքերով հետաքրքրուիլը եւ անոնց օգտին անկախութեան ու խաղաղութեան համար ձեռքէ եկածը ի սպաս դնելը ամէն թուրք ազգայնականին շնորհալի մէկ պարտականութիւնն է»:

Ալփարսլան Թիւրքէշի այլ պատգամներէն են.

– «Մարդկութեան՝ աշխարհի ամէնէն պատուաւոր ընտանիքը թուրք ազգն է» («İnsanlık aleminin en şerefli bir ailesi Türk Milletidir»):
– «Ինը ջահ կը նշանակէ թրքական իտէալիզմ» («Dokuz ışık demek, Türk ülküsü demektir»):
– «Ամէն անձ, ամէն ոք մեր թշնամիներուն դիմաց կենդանի քարոզչական միջոց ըլլալու պարտաւոր է» («Her şahıs, her kişi, düşmanlarımıza karşı canlı bir propaganda vasıtası olmak zorundadır»)։
– «Բոլորդ մէկական թուրք դրօշն էք: Դրօշակը չպղծէք, չաղտոտէք, գետին չձգէք» («Hepiniz birer Türk Bayrağı’sınız. Bayrağı lekelemeyin, kirletmeyin, yere düşürmeyin»):
– «Իսլամութիւնը ձեռք առնելով թրքութիւնը մոռնալը դաւաճանութիւն է, ասոր հակառակն ալ՝ նոյնքան յանցանք եւ դաւաճանութիւն» («İslamiyet’i ele alıp Türklüğü inkar etmek ihanettir. Bunun terside aynı derecede gaflet ve ihanettir»):

Թիւրքէշ, իր նախահայրերուն պատգամին հաւատարիմ, որպէսզի թուրքիզմը աւելի զօրացնէ եւ անքակտելի պահէ, կը պատգամէ, որ ԹՐՔՈՒԹԻՒՆԸ մեր մարմինն է, իսլամութիւնը՝ հոգին: Առանց հոգիի մարմինը դիակ է («TÜRKLÜK bedenimiz, İslamiyet ruhumuzdur. Ruhsuz beden ceset olur»):

Թուրքիոյ նախկին նախագահներէն Ճեւտէթ Սունայի (29 մարտ 1966 -28 մարտ 1973) հաւաստիացումը հայկական կոտորածներու մասին առիթով մը կը ներկայանար, երբ, կատղած Թուրքիոյ մէջ քիւրտերու ներկայութենէն, կ’արտայայտուէր, որ հեռանան անոնք, քանի դեռ թուրք ազգը չէ զայրացած, որովհետեւ երբ իրենք կը զայրանան, առիւծներ կը դառնան, թող քիւրտերը իրենց մասին հայերուն հարցնեն:

Թուրքերը, ինչպէս իրենց նախորդները, ոչ միայն ցեղասպանութիւն ծրագրած եւ գործադրած են հայութեան դէմ, այլեւ յափշտակած են հայապատկան հողամասեր, իւրացուցած են հայկական հարստութիւն ու մինչեւ այսօր կը շարունակեն ցեղասպանական նոյն վարքագիծը` փորձելով հայութեան ամէն հետք ջնջել Արեւմտահայաստանի մէջ: Անոնք կը սպառնան հայութեան՝ առանց շեղելու նոյնիսկ գիծ մը համաթրքական գաղափարներէն:

Սակայն այսօր համաշխարհային չափանիշներով նկատելի է, որ թուրք եւ ազերի պետական գործիչներ քաղաքական հասունութիւն կը ցուցաբերեն, մանաւանդ Հայկական հարցի առնչութեամբ: Իրենց նախնիներու յանձնած նուէրին կ’ուզեն լաւ ձեւով տէր կանգնիլ: Արդ, ամէն տեսակի քաղաքական մօտեցում․ յաճախակի հայ-թուրք յարաբերութիւն անուան տակ սադրանքներ, հայերու պարտադրել, որ ճանչնան Թուրքիա «ամբողջական» հողերով, եւրոպական միութեան ներկայանալ որպէս աշխարհիկ (laic), «ասիլ» ժողովուրդ, որ յառաջխաղացք պիտի արձանագրէ համաթրքական երազներու իրականացման ճամբուն վրայ:

Հայկական հողերու` Նախիջեւանի եւ Արցախի մասին իր տեսակէտը արտայայտող՝ Ատրպէյճանի «Ժողովրդային ճակատի» անդամ Կամիտ Խերիչի (Gamid Khérichi) պիտի ակնարկէր, որ Ատրպէյճան, Կիրկիզիա, Վոլկայի շրջանը, Թուրքմենիստան, Եաքութիան, Պաշքիրիան, Ղազախստանը եւ Հարաւային Կովկասը՝ բոլորն ալ թրքական հողամասեր են, եւ իրենք որոշած ենք զանոնք չզիջիլ ոեւէ մէկուն, ով ալ ըլլայ ան : Բնական է, որ իրեն նուիրուած հողերը Խերիչի չէր ուզեր տալ ոչ մէկու:

Թուրքիոյ անցեալի վարչապետ Թուրկութ Էօզալ համաթուրանականութեան ջատագովներէն ոչինչով ետ կը մնար իր նախահայրերէն, հայրերէն ու գործակիցներէն շատերուն հետապնդած «վեհ» գաղափարներով… համաթուրանականութեան հանդէպ «երկիւղածութեամբ» ու «հաւատքով», երբ այլ առիթով մը կը պատասխանէ լիբանանեան «Սաֆիր» թերթի թղթակից Սաատ Մէհեոյի հարցումներուն՝ յայտարարելով. «Մենք կրնանք ուժերու համեմատութիւնը փոխել աշխարհի մէջ, եթէ մեր դաշնակիցները (Միացեալ Նահանգները) գիտակցին մեր դերի կարեւորութեան: Թրքական ծագումով 87 միլիոն հայրենակիցներ կան Խորհրդային Միութեան մէջ: Իրանի բնակչութեան կէսը թուրքեր են, իսկ Չինաստանի մէջ ունինք 15 միլիոն թուրքեր։ Կը տեսնե՞ս, Թուրքիա եթէ ուզէ, իր դաշնակիցներու համաձայնութեամբ շատ բաներ կրնայ շարժել միջազգային մակարդակի վրայ» :

Եւրոպայի թրքական դաշնակցութեան (ֆետերասիոն) նախկին նախագահներէն Հիքմէթ Եիլտըզելի 1993ին առիթով մը կը բացատրէ Եւրոպայի մէջ թուրքերու դաստիարակութեան եւ կրթութեան առնչութեամբ, որ թուրք երեխաները պէտք է դաստիարակուին իսլամով եւ սորվին իրենց (թրքական) պատմութիւնը, որպէսզի կարողանան հակազդել եւրոպական մշակոյթի քրիստոնէական ուսմունքներուն :
11 մայիս 1996ին՝ Պելճիքայի թրքական դաշնակցութեան` «Գորշ գայլերու» միութեան հինգերորդ համագումարին, «Ազգային շարժում» կուսակցութեան ղեկավար Ալփարսլան Թիւրքէշ կ’արտասանէ զգայացունց հետեւեալ խօսքերը. «Մենք` թուրք ազգի զաւակներս, կը ներկայացնենք քաղաքակրթութիւն, որ դարեր շարունակ ծառայած է մարդկութեան: Մեր մէջ կը վառի զօրաւոր ազգ ու պետութիւն ստեղծելու փափագը, ազգ ու պետութիւն, որ աստուածավախ ու բարձր բարոյականութեան տէր են: Այս նպատակին համար մենք անդուլ ու անդադար կ’աշխատինք ու այդպէս ալ կը շարունակենք աշխատիլ: Ոչ մէկ արգելք կարող է մեր առջեւ կենալ: Ոչ մէկ ուժ կայ աշխարհի մէջ, որ կարողանայ մեզի արգիլել մեր սուրբ նպատակին հասնելու: Այդպիսի ուժ երբեք չէ եղած ու երբեք ալ չի կրնար ըլլալ»: Ալփարսլան Թիւրքէշ 1996 թ․ օգոստոսին կ’արտասանէ ազգայնամոլ այլ ճառ մը` օգտագործելով կրօնը՝ կարծէք յիշեցնելով խոճա շէյխ ուլ իսլամ Հասան Ֆեհմին։ Թիւրքէշ կ՚ըսէ, թէ «թուրք մեծ ազգին փայլուն ապագայ կը սպասէ: Մենք կը վերացնենք բոլոր խոչընդոտները եւ հաշուի կը նստինք երկպառակութիւն սերմանողներու ու դաւաճաններու հետ: Մենք կը կատարենք Մեծ Մարգարէին կողմէ մեզի վստահուած այս մեծ առաջադրանքը»:

Ալփարսլան Թիւրքէշ 1996 թ․ օգոստոսին Թուրքիոյ Քայսերի նահանգի մէջ գտնուող Էրճիյէս լերան վրայ ելոյթ ունեցաւ տասնեակ հազարաւոր գորշ գայլերու համար, որոնցմէ շատերը եկած էին Եւրոպայէն: Ան, լիցքաւորուած համաթրքական երազներով, յայտարարեց. «Ինծի համար մեծագոյն երջանկութիւն ու պարծանք է, որ Էրճիյէսի նուաճումի եօթներորդ համագումարին ձեր մէջ ներկայ կը գտնուիմ: Ո՛չ մէկ ուրիշ տեղ թրքական բարոյական արժէքներն ու թրքական առաքինութիւնը այսպէս գեղեցիկ կերպով չեն միաւորուած իսլամի բարձր արժէքներու հետ:

Ուրիշ ոչ մէկ տօնախմբութիւն կայ, որ այս միաւորումը այսպիսի գեղեցիկ կերպով տեսանելի դարձնէ: Այս բանին համոզուած եմ: Այս տօնախմբութեան ոգիով ահա ձեզի բոլորդ սիրով ու յարգանքով կ’ողջունեմ: Օրհնեա՜լ ըլլայ այս եօթներորդ համագումարը:

Ինչպէս գիտէք, օգոստոս ամիսը թուրք ազգի հազարաւոր տարիներու պատմութեան ընթացքին եղած է յաղթանակի ամիս: Թուրք ազգը անթիւ անհամար յաղթանակներ տարած է Խաղաղ ովկիանոսէն մինչեւ Ատլանտեան ովկիանոսի միջեւ ինկած լայնածաւալ տարածքին:

Այս համագումարը մենք կազմակերպած ենք արդէն եօթներորդ յաջորդական տարուան համար Էրճիյէսի Թեքիր բարձրավանդակի վրայ, այսինքն՝ լերան մը, որ այսպէս, ուղղակիօրէն Անատոլուի (Արեւմտեան Հայաստան ‒ Ա. Գ.) սիրտէն վեր կը բարձրանայ: Իզուր չէ, որ այս համագումարը մկրտած ենք Յաղթանակի համագումար անունով: ․․․․ Թուրք մեծ ազգը իր կրօնական ու բարոյական բարձր յատկութիւններով փայլուն յաղթանակներ տարած է, յաղթանակներ, որոնք արդիւնք են անոր ստեղծած քաղաքակրթութեան: Այսօր մենք հաւաքուած ենք այստեղ՝ թրքական այդ մեծ յաղթանակները տօնելու եւ անոնց յիշատակը վառ պահելու:

Կեցցէ՛ մեծ Թուրանը:

Թուրք մեծ ազգին փայլուն ապագայ կը սպասէ: Մենք կը վերացնենք բոլոր խոչընդոտները եւ կ’ոչնչացնենք երկպառակութիւն սերմանողները, անջատողականներն ու դաւադիրները: Մենք կ’իրականացնենք այս մեծ առաջադրանքը, որ մեզի յանձնարարած է Մեծ Մարգարէն: Ողջո՜յն այս հողագունդին վրայ գտնուող բոլոր թուրքերուն: Մենք կը կիսենք Խրիմի մեծ զաւակ Գասպիրալի Իսմայիլ պէյի կարգախօսը՝ «Մէ՛կ լեզու, մէ՛կ գաղափար, մէ՛կ գործ»: Սիրոյ այս կրակը մենք կրած առաջ կը տանինք մեր իտէալի դրօշը: Ահա կը ծագի մեր ազգի երջանկութեան շրջանը:
Մահ Փէ. Քա. Քա.ին:

Երբ մենք իշխանութեան գլուխ գանք, Թուրքիան ամբողջ թուրք աշխարհի շարժիչ ուժը պիտի ըլլայ՝ սկսած Պալքաններէն մինչեւ Միջին Արեւելք: Մենք ամէն ինչ ըրած ու պատրաստած ենք, որպէսզի Թուրքիան վերստին ճիշդ ուղիով ընթանայ: Բաւական է միայն ակնարկ մը ձգէք այս հոյակապ համագումարին, որպէսզի ըմբռնէք, թէ մենք միասնաբար ինչե՜ր չենք կրնար ընել» :

1997ին Հիլուերսի (Հոլանտա) մէջ խօսք կ’առնէ թրքական կրօնական բարձր պաշտօնեայ Ապտուլլահ Սեզկին՝ ներկաներուն յղելով Թուրանի իրականացման պատգամը. «Այժմ, երբ Խորհրդային Միութիւնը փլուզուած է, մինչեւ թրքական աշխարհի միաւորումը, ահա, բան չէ մնացած: Մեծ Թուրանի գաղափարը, որ մէկ տեղ կը հաւաքէ շուրջ 250 միլիոն թուրք բնակչութիւն, մօտալուտ է: Սակայն կան մարդիկ, որոնք կը ձգտին մեր առաջխաղացումը խանգարել: Այդ պատճառով անոնք երկպառակութիւն կը սերմանեն թուրք ազգին մէջ: Այն իրողութիւնը, որ ալեւիներու մասին շատ աւելի նիւթ լոյս տեսած է Ռուսաստանի մէջ, քան Թուրքիոյ, ինքնին շատ բան կ’ըսէ…․ Այս բոլորին յետին նպատակը այն է, որ կանխարգիլուի Մեծ Թուրանի իրականացումը: Սակայն անոնք չեն յաջողիր: Թուրքիոյ մէջ ամէն ոք՝ նախագահէն բռնած մինչեւ ամենաչքաւոր անհատը, լեցուած է միմիայն մէկ գաղափարով` Մեծ Թուրանի ստեղծում, որ կը տարածուի Ադրիական ծովէն մինչեւ Չինական պարիսպը» :

Ժամանակի ընթացքին կը տեսնենք, թէ Թուրքիոյ առաջնակարգ դէմքեր՝ նախագահներէ սկսեալ մինչեւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ, աշխարհի աչքին առջեւ, սկսած միջազգային եւ այլ հարթակներէ, առանց վարանելու յայտարարած են համաթրքական եւ համաթուրանական հին-նոր մեծ երազը:

28 մայիս 1992ին թուրք-նախիջեւանեան սահմանին վրայ՝ Արաքսի ձախ ափին, Թուրքիոյ վարչապետ Սուլէյման Տեմիրել, հաւաքուած հազարաւոր ատրպէյճանցիներուն դիմելով, կը բացագանչէր. «Սիրելի՛ ատրպէյճանցի թուրքեր, սիրելի՛ նախիջեւանցի թուրքեր, մենք այստեղ ենք՝ ձեզի ըսելու, որ դուք մինակ չէք: Արազի վրայով այսօր մենք կը բանանք յոյսի կամուրջը, որ Եգէական ծովէն մինչեւ Չինաստան ճանապարհ բանալու առաջին քայլն է» :

Տեմիրել իր նախագահութեան ընթացքին (1993-2000) եւս նոյնանման յայտարարութեամբ մը սահմանեց այն աշխարհագրութիւնը («Ադրիականէն մինչեւ Չինաստանի մեծ պարիսպը») , ուր Թուրքիան կը տարածուի:

Թուրքիա Եւրոպական միութեան անդամ ըլլալու համար երկրին օրէնքները բարեկարգելու նպատակով իր քիւրտ քաղաքացիներուն շնորհեց իրենց զաւակներուն քրտական անուններով կոչելու օրէնքը (նախապէս արգիլուած): Այստեղ ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնենք համաթրքութեան ծրագրին հետեւող եւ այն իրագործող Թուրքիոյ կառավարութեան որոշումը: Նոր օրէնքին մելանը դեռ չչորցած՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը որոշեց նոր սահմանափակումներ դնել անոնց առջեւ: 24 սեպտեմբեր 2003ին Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ քիւրտերը կրնան քրտական անուններով կոչել իրենց զաւակները, սակայն չպէտք է գործածեն այն տառերը, որոնք թրքերէնին մէջ համահաւասար հնչիւններ չունին: Անգլերէնով տրուած լուրին մէջ նշուած են Q, X եւ W տառերուն պարագաները:

Թուրքիոյ կրթութեան նախարար Հիւսէյն Չելիք 14 ապրիլ 2003ին հրապարակեց հրամանագիր (շրջաբերական) մը՝ ուղղուած Թուրքիոյ բոլոր դպրոցներուն (ներառեալ հայկական), որով աշակերտներուն կը հրահանգէր Հայոց ցեղասպանութիւնը մերժող եւ ուրացող շարադրութիւններ գրել: Թուրք ուսուցիչներ, որոնք հարցականի տակ առին հրամանագիրին պատշաճութիւնը, պաշտօնազրկուեցան: Այս քաղաքականութիւնը, անկասկած, մշակուած էր փանթուրքիստ պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ ոչ տեղական պաշտօնատարներու կողմէ:
Նոյն թուականին Պոլսոյ Եշիլ գիւղ շրջանին մէջ տեղի ունեցած Ս. Խաչ դպրեվանքի յիսնամեակի պարահանդէսին ներկայ գտնուեցաւ Թուրքիոյ կրթութեան նախարարը եւ խօսք առնելով անդրադարձաւ իր ստորագրութեամբ դպրոցներուն ուղարկուած շրջաբերականին եւ անոր յառաջացուցած զայրոյթի ալիքին: Ան վստահեցուց, թէ շրջաբերականին նպատակը Թուրքիա ապրող հայերուն, ինչպէս նաեւ արտասահմանի մէջ Թուրքիոյ նկատմամբ բարեկամութեան զգացումներ տածող հայերուն վնաս հասցնելը չէ: Ան աւելցուց, թէ շրջաբերականին թիրախը այն հայերն են, որոնք, հին խնդիրները մէջտեղ բերելով, կը փորձեն մթնոլորտը պղտորել: Չելիք իր խօսքը փակեց եւ իր ղրկած շրջաբերականը արդարացուց` ըսելով, որ պէտք է հին եւ դաժան օրերը մոռնալ, որովհետեւ հին խնդիրներ հետապնդողները բան պիտի չշահին:

2003 թ․ սեպտեմբերին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողան Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի հետ ունեցած իր հանդիպման ընթացքին վերահաստատեց Հայաստանի հետ սահմանները փակ պահելու Անգարայի դիրքորոշումը եւ ըսաւ, որ Թուրքիա իր բոլոր դրացիներուն հետ պարբերաբար կը լուծէ երկկողմանի հարցերը` ձեւաւորելով բարիդրացիական յարաբերութիւններ, սակայն որովհետեւ Հայաստան չի ճանչնար Թուրքիոյ սահմանները, կարելի չէ այդպիսի յարաբերութիւններ ձեւաւորել Հայաստանի հետ, հետեւաբար կարելի չէ բանալ սահմանները: Էրտողան աւելցուցած է, որ պատմական ցաւալի դէպքերը պատմութեան պէտք է յանձնենք եւ թոյլ տանք, որ պատմաբանները զբաղին այդ հարցերով, իսկ բոլորս նայինք դէպի առողջ ապագան: Բացի այդ՝ Թուրքիոյ վարչապետը, այս հանդիպումը առիթ գտնելով, յանձնարարած է, որ նոյնը ընեն նաեւ Սփիւռքի քաղաքական շրջանակները: Մէկ խօսքով՝ գերեզմանել Հայ դատը:

1 հոկտեմբեր 2003ին Թուրքիոյ նախագահ Ահմէտ Նեճտէթ Սեզէր 2004 տարեշրջանի Թուրքիոյ Ազգային մեծ համաժողովի (TBMM) բացման իր ճառին մէջ, անդրադառնալով Հայաստանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն, ըսաւ. «Թուրքիա նպատակ ունի բարելաւելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, սակայն այդ նպատակին իրագործումը կախեալ է այն հարցէն, թէ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը որքանով կը համապատասխանէ օրէնքի սկզբունքներուն, եւ Հայաստան որքան կը ցանկայ լուծել դրացիներուն հետ իր հարցերը»:

Ըստ Սեզէրի՝ Հայաստան պէտք է օգտագործէ վերջին առիթը` իր անցեալին հետ հաշտուելու համար, եւ հարցը ձգէ պատմաբաններուն: Այդպիսի դրական զարգացում մը գործնական ներդրում կ’ըլլայ ամբողջ Հարաւային Կովկասի կայունութեան եւ բարգաւաճման մէջ :

Միւս կողմէ՝ 19 յունուար 2007ին պոլսահայ երկլեզու «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքը թրքական ազգայնամոլութեան եւ անհանդուրժողականութեան զոհ դարձաւ իր իսկ գլխաւորած թերթին խմբագրատան առջեւ:

Տինքի սպանութենէն անմիջապէս յետոյ հրապարակուեցան լուսանկարներ՝ վկայելով, որ ոճրագործին նկատմամբ հերոսական վերաբերում ցոյց կու տային անոր արգելափակած ոստիկանները: Նոյն օրերուն ֆութպոլի ամբոխը բարձրաձայն կը գոռար «Բոլորս թո՛ւրք ենք»` ի հակազդեցութիւն Տինքի յուղարկաւորութեան սպանութիւնը դատապարտող հարիւր հազարաւորներու բարձրացուցած «Բոլորս հա՛յ ենք, բոլորս Հրանդ Տինք ենք» կարգախօսին։

Հրանդ Տինքի մահուան տարելիցը չբոլորած՝ համացանցի «ԵուԹիւպ» հարթակին վրայ միլիոնաւոր մարդիկ ականատես եղան Տինքի դիակը ներառած՝ թրքական վրէժխնդրութիւնն ընդգծող տեսարաններուն: Երգը ցեղային ատելութիւն եւ վայրագութիւն կը քարոզէ:

Երիզին մէջ կը տեսնուին Հրանդ Տինքին դիակը եւ զայն սպաննած պատանին` կանգնած թրքական դրօշակին առջեւ այն միջոցին, երբ երգին մէջ կ’ըսուի. «Երբ որ հայրենիքը ծախէ, այդ վայրկեանին իսկ կը վերջանայ անոր գործը»: Բնականաբար, հոն կը գովաբանուի հայ խմբագիր Հրանդ Տինքը սպաննած պատանին` Օկիւն Սամասթը:

Թուրք երգիչ Իսմայիլ Թիւրիւթի «Փլան մի՛ շիներ, փլա՛ն» երգին հեղինակը Օզան Արիֆն է: Վերջինս յատկապէս թուրքիզմի եւ թուրանականութեան ջատագով եւ այս գաղափարախօսութիւններուն խօսափողն ու անզուգական մեկնաբանն է:

Այստեղ, բնականաբար, նպատակահարմար կը նկատենք վերոնշեալ երգին բառերը հայերէն թարգմանուած ներկայացնել։ Համաթրքութիւնը պաշտպանողներու եւ ծրագրին հետեւողներու կարծիքն է այս, որ կը տրուի ստորեւ:

ՓԼԱՆ ՄԻ՛ ԸՆԷՔ, ՓԼԱ՛Ն

Փլան (ծրագիր-դաւ) մի՛ ընէք.
Ձեր փլանը չի քալեր Սեւ ծովու ափին :
Պոռնկացումը, սուտը
Արմատ չեն նետեր Սեւ ծովուն ափին:
Ո՛չ ամերիկացին, ո՛չ ռուսը
Թող լարեն իրենց ծուղակները,
Որովհետեւ պառակտումի առուէն
Հոսող ջուրը չի թափիր Սեւ ծովու ափին:
Հրաժարեցէ՛ք զանգեր հնչեցնելէ,
Հայասէր ըլլալէ ,
Մեր ազգը այսպիսի տոլմա կուլ չի տար Սեւ ծովու ափին:
Օր մը այսպէս թող խօսին,
Օր մը այդպէս թող խօսին,
Ի՛նչ ալ ըսեն ֆաթիհաներն ու եասինները ,
Չեն սպառիր Սեւ ծովու ափին:
Պատիւդ, վարկդ խնդրոյ առարկայ երբ դառնան,
Զոհէ՛ կեանքդ, հոգի՛դ:
Ոչ ոք հայրենիքը կը ծախէ Սեւ ծովու ափին:
Երբ որ հայրենիքը կը ծախէ,
Նոյն վայրկեանին անոր գործը կը վերջանայ :
Թրքական եւ իսլամական արեւը
Չի խաւարիր Սեւ ծովու ափին:
Երբ այսպիսի կեցուածքով մեզի մօտենաս ,
Նոյնիսկ եթէ Պուշը հօրեղբայրդ է,
Ձեր փքուն երեւոյթը
Հինգ ղուրուշ չ’արժեր Սեւ ծովու ափին:
Հասկցանք, որ ոչխարի մորթ կը կրէք,
Սակայն մեզի յայտնի է ձեր պոչին ցաւը։
Բայց գիտցէ՛ք, որ ձեր ուժն ու կարողութիւնը
Բաւարար չեն խուճապ ստեղծելու Սեւ ծովու ափին:

Թիւրիւթ, որ երգի հեղինակ Օզան Արիֆի հետ ներկայացաւ դատարան` բացատրելու համար երգին բառերուն իմաստը, ըսաւ. «Նոյնիսկ եթէ քառասուն գլուխ ունենամ, եւ բոլորն ալ կտրեն, երգին տառերէն մէկուն համար իսկ ներողութիւն պիտի չխնդրեմ: Ո՞վ վնասուեցաւ երգին պատճառով»: Թիւրիւթ նաեւ աւելցուց՝ ըսելով, թէ անոնք, որոնք խօսքի ազատութեան հաստատումը կ’ուզեն, պէտք է նաեւ յարգեն իր խօսքի ազատութիւնը եւ դէմ չարտայայտուին իր երգին:

Փաստօրէն, Տինքի սպանութիւնը շարժիչ գործօնի դեր կատարած էր: Որովհետեւ տեղի ունեցած էր թրքական խորքային պետութեան եւ թիւ 301ի գաղափարախօսութեան գործած աւերին ազդեցութեան տակ, իբրեւ ազգայնամոլական շարժումի տարերային խուճապի վերադրսեւորում:

Թուրք ազգայնամոլներու վրդովմունքը եւ զայրոյթը վերջերս զգալի եղան յատկապէս երկու պատճառով: Առաջինը` Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան հարցով հայերէն ներողութիւն խնդրելու համացանցային (internet) արշաւը: Այս հարցը տակաւին կը շարունակէ զբաղեցնել Թուրքիոյ քաղաքական կեանքը:
Երկրորդը` Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սրտերու, դուռներու եւ պատուհաններու վերաբացման քայլերը, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի պատգամը Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս եւ այլ հարցեր:

Ատրպէյճանի նախագահին այն յայտարարութենէն ետք, թէ յուսախաբ է Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները բնականոնացնելու Թուրքիոյ քայլերէն, ծայրայեղ ազգայնական թուրք քաղաքագէտներ եւ յօդուածագիրներ մտահոգութիւն յայտնեցին, որ Պարաք Օպամայի եւ հայ պաշտօնատարներու՝ Թուրքիա այցելութիւնը կրնայ վնասել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատմական յարաբերութեանց: Հետեւաբար ծայրայեղ ազգայնական օրաթերթեր` «Օրթատողու», «Ենիչաղ» եւ այլն, ու հանդէսներ շատ խիստ կերպով քննադատեցին եղածները։ Անոնց յայտարարութիւնները մէկ էր․ «Երբ անցնող քանի մը օրուան զարգացումները նկատի ունենանք, պիտի տեսնենք, թէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ եղբայրութիւնը լուրջ հարուած մը ստացաւ»:

Այս խնդրին շուրջ ամէնէն լուրջ մտահոգութիւնը եկաւ համաթրքութեան ջատագով «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիէն։ Ան իր կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովին ընթացքին յայտնեց. «Հայաստան շրջանային խաղաղութեան մեծագոյն արգելքներէն մէկն է, ներկայիս ատրպէյճանական հողամասերու մէկ հինգերորդը գրաւած է: Աւելի՛ն՝ ան միջազգային բեմին վրայ Թուրքիան ցեղասպանութեամբ յանցաւոր յայտարարելու անշնորհք արշաւ մը կը հետապնդէ: Ձեւացնելով, թէ այդպիսի իրականութիւններ բնաւ գոյութիւն չունին, Միացեալ Նահանգներու նախագահը խորհրդարանին մէջ իր ճառին ընթացքին Թուրքիան հրաւիրեց իր պատմութիւնը դիմակայելու: Ասիկա անարգանքի արարք մըն է, զոր չենք կրնար ընդունիլ»:

Միւս կողմէ՝ կ’արժէ նշել գործնականապէս երեւացող եւ խիստ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող՝ 1 հոկտեմբեր 2010ին Անիի Մայր տաճարի մէջ Թուրքիոյ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած նամազը, որուն շուրջ բարձրացած աղմուկը Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցիի մէջ տեղի ունեցած խեղկատակութեան շարունակութիւնն է` հակառակ յաջորդականութեամբ:
Այն փաստը, որ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը թոյլ տուած էր գորշ գայլերու առաջնորդին իր ոհմակին հետ միասին կազմակերպել այս խեղկատակութիւնը, կը վկայէ, որ տուեալ ձեռնարկը նախապէս համաձայնեցուած էր երկրի կեդրոնական իշխանութիւններու հետ: Աւելին` ակնյայտ կը դառնայ, որ Սուրբ Խաչի մէջ սեպտեմբեր 19ին կազմակերպուած պատարագի եւ 1 հոկտեմբերին տեղի ունեցած նամազի միջեւ գոյութիւն ունի յստակ կապ ու փոխպայմանաւորուածութիւն:

Այս առիթով Թուրքիոյ մէջ հնչող դատողութիւնները, որ իբր թէ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը համաձայն չէ ընդդիմութեան առաջնորդներէն մէկու` Տեւլէթ Պահչելիի նախաձեռնութեան, որ զուտ ներքաղաքական, աւելի ճիշդ՝ նախընտրական նպատակներ կը հետապնդէ, գրոշի արժէք իսկ չունին: Պարզապէս պատարագի արարողութիւնը կազմակերպուած էր հիմնականին մէջ միջազգային հանրութեան համար, իսկ Անիի` նամազի ներկայացումը նախատեսուած էր առաւելապէս հայերու համար:

Առ այդ` նախ անհրաժեշտ էր, որ որեւէ խայծ տրուէր հայերուն, իսկ անոնք հազարներով մասնակցեցան Աղթամարի միջոցառումին: Այնուհետեւ հարկ էր ստեղծել «հակակշիռ»` ի դէմս «թուրք ազգայնականներու», որոնք խիստ զայրացած էին Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ցեղասպանութենէն յետոյ դադրած պատարագի արարողութեան վերսկսումին: Թրքական դիտանկիւնէ բնական է, որ անոնք ալ պէտք է կազմակերպեին իրենց նամազը այն վայրը, որ ամէնէն աւելի կարող է շօշափել հայերու ազգային արժանապատուութիւնը, այսինքն` Անիի Մայր տաճարի մէջ: Մանաւանդ որ Անիի մօտակայքը կանգնեցուած է հայերու կողմէ «կոտորուած» թուրքերուն նուիրուած յուշարձան:

Արդարեւ, նշանակուած տարածքի ու անոր յուշարձաններուն նկատմամբ յաւակնութիւններ ունեցող այս երկու «ծայրայեղական խմբաւորումներու» հանդէպ հաւասարապէս «հանդուրժողական» Թուրքիոյ իշխանութիւնները երկուքին առջեւ ալ կանաչ լոյս կը վառեն: Աւելին` նամազին կը հրաւիրեն նաեւ հարեւան Ատրպէյճանի ծայրայեղականները, որ անոնք ալ աղօթեն Ղարաբաղի մէջ «կոտորուած» ատրպէյճանցիներու համար:

Վերոնշեալ օրերուն Միացեալ Նահանգներու մէջ դասախօսութիւններ տուող Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլուն կը բարբաջէ հայ-թրքական արձանագրութիւնները ուժի մէջ ըլլալու, բանակցային գործընթացը շարունակելու իրենց պատրաստակամութեան մասին: Հակառակ կարծիքի գոյութեան մասին ամենաչնչին ակնարկի պարագային գործի կը դրուի շանթաժը:
Անիի Մայր տաճարին մէջ կազմակերպուած սելճուքեան խառնաժողովը ցոյց կու տայ, որ 1000 տարուան ընթացքին մեր քոչուոր դրացիները մնացած են քրիստոնէական քաղաքակրթութեան նոյն ոխերիմ թշնամիները:

12 հոկտեմբեր 2012ին՝ Կ. Պոլսոյ մէջ կայացած թուրք-ղազախական գործարարական համաժողովի ընթացքին, Ղազախստանի նախագահ Նորսուլթան Նազարպաեւը ամպագորգոռ յայտարարութիւն արեց. «Աւելի քան 200 միլիոն մեր ցեղակիցները կ’ապրին Միջերկրական ծովէն Ալթայ երկարող տարածքին մէջ: Անոնց համախմբման իբրեւ արդիւնք մենք կը դառնայինք աշխարհի հզօր ու ազդեցիկ պետութիւններէն մէկը»:

Այս յայտարարութիւնը բաւական էր շշմեցնելու համար, սակայն Նազարպաեւ աւելի առաջ գնաց. «Մենք կ’ապրինք համայն թուրք ժողովուրդի հայրենիքին մէջ: 1861ին, երբ սպաննուեցաւ վերջին ղազախական խանը, մենք վերածուեցանք նախ Ռուսական կայսրութեան, ապա` Խորհրդային Միութեան գաղութի: Այդ 150 տարիներու ընթացքին ղազախները մեծ ճիգերու գնով պահպանեցին իրենց լեզուն, կրօնն ու սովորոյթները: Բարձրեալի օրհնութեամբ 1991ին մենք հռչակեցինք մեր անկախութիւնը: Մեր նախնիները, երթալով պատմական հայրենիքէն` Թրքական խանութենէն, իրենց հետ տարին թուրք ժողովուրդին անունը: Մինչ այժմ թուրքերը իրենց լաւագոյն ճիկիթներուն (հմուտ եւ խիզախ հեծեալ, առաւելապէս՝ կովկասեան լեռնցիներու մէջ) կ’անուանեն «ղազախ», եւ մենք ճիշդ այդ «ղազախներն ենք»»:

Աւօ Գաթրճեան

«Դրօշակ» թիվ 5,(1666), 2022թ․

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.