Համազգայինի «Քնար» երգչախումբը անզուգական ելոյթով հանդէս եկաւ Մոնթրէալի մէջ

Շաբաթ, 3 Մայիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Théâtre Beaubois հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի «Քնար» երգչախումբի անզուգական ելոյթը, երկար բացակայութենէ ետք, խմբավարութեամբ արուեստագէտ Սարգիս Պարսեմեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Հուրի Մանուկեանի, ինչպէս նաեւ մասնակցութեամբ Rhapsodie քառեակին, գլխաւորութեամբ Նայիրի Փիլոյեանի: Ելոյթին ներկայ էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան մօտ Գանատայի ներկայացուցիչ Լորիկ Սապունճեան, Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամներ Թամար Շահինեան, Մարալ Պէրպէրեան, Ծովիկ Կուտեան եւ Անահիտ Պալեան, քոյր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ երաժշտասէրներու հոծ բազմութիւն մը:

Վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց «Քնար» երգչախումբին մօտ վարչութեան ներկայացուցիչ Անի Գարագաշեան, որ ըսաւ. «Մեծ ուրախութեամբ կու գանք յայտնելու մեր հանրութեան, որ ներկայ համերգով Համազգային Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի «Քնար» երգչախումբը սկիզբը կը դնէ իր երկարամեայ գոյութեան նոր փուլին: Այժմ, նոր ժամանակներու իր այս անդրանիկ ելոյթով, «Քնար» երգչախումբը իր քառասուն անդամներով կը վերցնէ նոր մարտահրաւէր մը՝ դառնալու աւելի կազմակերպ, աւելի մասնագիտական ու աւելի ճոխ երգացանկով խումբ մը՝ երիտասարդ ու տաղանդաւոր խմբավար Սարգիս Պարսեմեանի ճիպոտին ներքեւ: Այսու կոչ կ’ուղղենք մեր երիտասարդ արուեստասէրներուն, որ գան խտացնելու «Քնար»-ի շարքերը, բարձրացնելու անոր ձայնն ու դարձնելու զայն աւելի տիրական ու հնչեղ, եւ կը հրաւիրենք Քեպէգի մեր հասարակութիւնը՝ անվարան զօրավիգ կանգնելու անոր»:

Գարագաշեան անդրադարձաւ տիկին Ռիթա Շամլեանի երկարամեայ վաստակին ու նուիրումին ըսելով. «Այսօր, «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան անունով նաեւ կ’ուզենք մեր խորին երախտագիտութեան զգացումը արտայայտել մեր շատ սիրելի Ռիթա Շամլեանին, որ աւելի քան 30 տարիներ սիրայօժար եւ անվարան հարուածեց դաշնամուրի սեւ ու սպիտակ ստեղները «Քնարի» կողքին: Կ’ուզենք շեշտել, թէ այսօրուան համերգին փորձերը Ռիթա Շամլեանին նուագակցութեամբ սկիզբ առին։ Անոր վաստակը եւ նուիրումը մեզի համար կը մնան անփոխարինելի», ապա ծաղկեփունջ մը փոխանցեց անոր:

Գեղարուեստական յայտագիրը սկիզբ առաւ «Հայաստան»-ի երգեցողութեամբ, որմէ ետք Եկմալեանի մասին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, հայերէն եւ անգլերէն: Առաջին հերթին Rhapsodie քառեակը ելոյթ ունեցաւ Եկմալեանի երաժշտութեամբ, որուն յաջորդեց երգչախումբին «Նոգթիւրն», «Կիլիկիա» եւ «Քելէ, քելէ, քելքով աղջիկ» երգերով ելոյթը:

Յայտագիրը շարունակուեցաւ «Պլպուլն Աւարայրի», «Հով արէք սարեր ջան», «Ճախարակ», «Ով հայոց աշխարհ» եւ «Երեւան, Էրեբունի» երգերով: Կարճ դադարէ մը ետք սկիզբ առաւ յայտագրին երկրորդ բաժինը, որ նուիրուած էր Շառլ Ազնաւուրի: Երգչախումբը նախ մեկնաբանեց «Ils sont tombés» երգը, ապա ցուցադրուեցաւ Ազնաւուրի կեանքին ու վաստակին նուիրուած տեսերիզ մը, անկէ ետք Rhapsodie քառեակը ելոյթ ունեցաւ «Et Pourtant, Les plaisirs démodés», «Trousse-Chemise, Hier encore», «Mourir d’aimer, Désormais» երաժշտութեամբ:

Երգչախումբին ելոյթը շարունակուեցաւ Ազնաւուրի երգերէն փունջով մը՝ «Les Comédiens», «Comme ils disent», «J’me voyais déjà», «La Bohème», «For me Formidable», «Emmenez-moi» եւ «Les Deux Guitares» երգով, որուն ընթացքին բացառիկ համադրումով մը, տեսերիզի միջոցաւ Ազնաւուրի ելոյթին մասնակցեցաւ «Քնար» երգչախումբը:

շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան ատենապետ Ռուբէն Սարգիսեան եւ ծաղկեփունջեր նուիրուեցան դաշնակահար Հուրի Մանուկեանի, խմբավար Սարգիս Պարսեմեանի եւ Rhapsodie քառեակի անդամներուն: Ներկաներուն բուռն ծափողջոյններուն ընդառաջելով խումբը կրկնեց իր վերջին երգը, որով վերջ գտաւ «Քնար» երգչախումբի երկար ընդմիջումէ ետք մոնթրէալահայ հանդիսատեսին մատուցած բացառիկ ելոյթը:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»