Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան 2018-2022 Քառամեակի Բ. Լիակազմ Ժողով

11, 12 եւ 13 հոկտեմբեր 2019-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեանի Ճեմարանին (Մզհեր) մէջ գումարուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան 2018-2022 քառամեակի Բ. լիակազմ ժողովը:

Ժողովի առաջին օրակարգով, Կեդրոնական վարչութիւնը ունկնդրեց շրջաններու գործունէութեան տեղեկագրական զեկուցումները եւ գոհունակութեամբ հաստատեց, որ Համազգայինի կազմակերպական միաւորներու ցանցը հետզհետէ աճ կ՛արձանագրէ, եւ կը բազմանայ երիտասարդ համազգայնականներուն թիւը, յատկապէս Հիւսիսային Ամերիկայի շրջաններուն մէջ: Աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալեն Հիւսիսային Ամերիկայի երեք շրջաններու եւ Միջին Արեւելքի Շրջանային վարչութիւնները: Նոր թափ հաղորդուած է Արեւմտեան Եւրոպայի շրջաններուն, որոնք Կեդրոնական վարչութեան ճիգերով կը համախմբուին ու կը քննեն իրենց գործունէութեան զարգացման ուղիները: Այս աշխատանքին արդիւնքը, կը յուսանք, տեսանելի կը դառնայ մօտիկ ապագային: Ժողովը նաեւ գտաւ, որ Կեդրոնական վարչութեան յատուկ ուշադրութեան շնորհիւ, Արեւելեան Եւրոպայի կարգ մը շրջաններու մէջ Համազգայինի կազմակերպական օղակներ յառաջացնելու հեռանկարը խոստմնալի է: Գալով Հարաւային Ամերիկային, Կեդրոնական վարչութիւնը յատուկ ջանք ի գործ պիտի դնէ այդ ցամաքամասի կազմակերպականօրէն կաղացող շրջաններուն վերակազմաւորման համար` յուսալով, որ խոչընդոտները կը վերանան եւ շրջանները կը վերականգնին:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հովանիին տակ գործող կրթական հաստատութիւններու` Պէյրութի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի, Մարսէյի Ճեմարանի նիւթաբարոյական տեղեկագիրներու քննութիւնը, ինչպէս եւ Սիտնիի Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն Ճեմարանի ներկայ ընթացքը Բ. լիակազմ ժողովի հիմնական օրակարգերէն մէկը եղաւ: Ժողովը սերտեց Համազգայինի կրթական հաստատութիւններուն կրթական, նիւթական եւ վարչական հարցերը եւ անոնց լուծման ուղիները, ընդգծելով այս կառոյցներուն գլխաւոր պարտականութիւնը` բարձրորակ կրթութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան ջամբումը, որ պիտի շարունակէ մնալ Համազգայինի կարեւորագոյն առաքելութիւնը: Այս գլխուն տակ, արծարծուեցաւ յառաջիկայ տարի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի 90-ամեակը եւ Մարսէյի Ճեմարանի 40-ամեակը հանգամանօրէն նշելու կարեւորութիւնը: Վերջապէս, ժողովը բարձր գնահատեց Համազգայինի Պէյրութի «Ռաֆֆի եւ Անելկա  Արսլանեան» նորակառոյց մանկամսուրի գործունէութիւնը, որ սկսած էր սեպտեմբեր 2018-ին, եւ կարճ ժամանակի ընթացքին կարողացաւ ընդունիլ մեծ թիւով երեխաներ:

Անդրադառնալով Համազգայինի եւ Երեւանի պետական համալսարանի գործակցութեամբ իրականացուող հայագիտութեան մագիստրոսական ծրագիրին` շեշտուեցաւ սփիւռքի հայկական վարժարաններուն համար հայերէնի դասաւանդ ապագայ ուսուցիչներու պատրաստութեան կարեւորութիւնը եւ անոր շարունակութեան անհրաժեշտութիւնը: Սոյն ծրագիրի ծիրին մէջ կը շարունակուի նաեւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին հետ գործակցութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի Կեդրոնական վարչութեան երիտասարդական-ուսանողական ծրագիրներուն, ժողովը անգամ մը եւս շեշտեց Համազգայինի տարեկան ուսանողական հաւաքին` Ֆորումին, եւ անկէ ծնունդ առած Հիւսիսային Ամերիկայի «Արթլինքզ» եւ Եւրոպայի «Եութլինքզ» ուսանողական համախմբումներու կարեւորութիւնը: Այս երեք եզակի նախաձեռնութիւնները սկսած են քաշողական դառնալ մասնաւորաբար հայահոծ գաղութներէ հեռու ապրող հայ երիտասարդ խաւերուն, որոնք մշակոյթի ճամբով կը պեղեն իրենց հայու ինքնութիւնը եւ կ՛ամրակայեն իրենց արմատները: Իսկ Համազգայինի շարքերը առաւելագոյնս երիտասարդ պահելու եւ միշտ նոր անդամներ ներգրաւելու նպատակով, Կեդրոնական վարչութիւնը հաստատեց տեղեկատուական արհեստագիտութեան ընձեռած քարոզչական միջոցներն ու ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերը առաւելագոյնս օգտագործելու հրամայականը:

Ժողովը առանձնաբար քննեց Համազգայինի կարեւոր հաստատութիւններէն` «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, տպարանի եւ գրատարածի, ինչպէս նաեւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի անցնող տարուան գործունէութիւնը, գնահատելով տնտեսական տագնապ դիմագրաւող երկրի մը մէջ գործող եւ բազում դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուող այս հաստատութիւնները, որոնք հրատարակչական ոլորտին մէջ տակաւին կը տոկան: Ժողովը եզրակացուց, որ աշխատանքներու բարելաւման եւ կատարելագործման համար անհրաժեշտ է որդեգրել արդիականացման միջոցներ: Ողջունելի է տպագիր հրատարակութիւններուն համար որդեգրուած նոր ոճը:

Անդրադառնալով Համազգայինի պաշտօնաթերթ «Բագին» գրական հանդէսին` ժողովը գոհունակութիւն յայտնեց խմբագիրին եւ խմբագրական խորհուրդին գործադրած ճիգերուն վերաբերեալ, ի խնդիր «Բագին»-ի գեղարուեստական որակի շարունակական պահպանման: Վարչական աշխատանքներու ծիրին մէջ, ժողովը նոյնպէս բարձր գնահատեց խմբագիրի օգնականին իրականացուցած գրասենեկային գործերու վերադասաւորումը, համակարգչային նորագոյն ծրագիրներու օգտագործմամբ կատարած թուայնացումը եւ էջադրման աշխատանքներուն ստանձնումը: Ընդգծուեցաւ նաեւ պարբերաթերթի բաժանորդներու թիւին արձանագրած զգալի աճը, անոնց հետ կապը մշտական դարձնելու եւ բաժանորդագիները ելեկտրոնային ճամբով գանձելու դրութեանց հաստատումը:

Կազմակերպական գրասենեակներու օրակարգով, ժողովը քննեց Պէյրութի, Հայաստանի, եւ Արցախի գրասենեակներու գործունէութիւնը, ողջունելով մասնաւորաբար Արցախի Համազգայինի երիտասարդ գրասենեակին ծաւալած գործունէութիւնը, որ արդէն իսկ տիրական ներկայութիւն է Արցախի մշակութային կեանքին մէջ: Ժողովը քննարկեց Հայաստանի եւ Արցախի մէջ յառաջիկայ տարեշրջանին իրագործելի նախաձեռնութիւններու ցանկը եւ ճշդեց անոնց առաջնահերթութեան կարգը: Անդրադառնալով Հիւսիսային Ամերիկայի Համազգայինի հիմնադրամներու գրասենեակին առած նոր քայլերուն, ժողովը յոյս յայտնեց, որ անոնք սատար կը հանդիսանան ո՛չ միայն Հիւսիսային Ամերիկայի շրջաններու, այլ նաեւ Կեդրոնական վարչութեան գործունէութեան:

«Լալան ու Արան» մանկական խաղերու պատրաստութեան աշխատանքներու յաջողութիւնը գնահատելով` որոշուեցաւ ծաւալել աշխատանքը, նոր թափ տալով մանուկներու գործածութեան համար պատրաստուած առարկաներու եւ խաղերու արտադրութեանց:

Քննուեցաւ «Հ-Բեմ»-ի (Համազգայինի համացանցային երիտասարդական հարթակի) աշխատանքը եւ գնահատուեցաւ ծրագիրը առցանց հրապարակելու եւ երիտասարդութեան հասանելի դարձնելու փաստը: Անգամ մը եւս ընդգծուեցաւ այս նախաձեռնութեան հիմնական կարեւորութիւնը` սփիւռքեան մաշումին ենթակայ նորահաս սերունդները հայ մշակոյթին հաղորդակից պահելու` Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան առաքելութիւնը արդիւնաւէտ կերպով իրագործելու համար:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութ, 14 Հոկտեմբեր 2019

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.