Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հաղորդագրութիւնը

Համազգայինը իր կրթական ու մշակութային առաքելութեամբ եւ աշխարհատարած գործունէութեամբ անմասն չի մնար հայ ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւններէն ու աղէտներէն: 6 Փետրուար 2023-ի վաղ առաւօտեան տեղի ունեցած երկրաշարժը ցնցած է համայն աշխարհը, յատկապէս` շրջանի ժողովուրդն ու Միջին Արեւելքի երկիրները:

Տասնամեակէ մը ի վեր ընթացող Սուրիոյ պատերազմի ահաւոր հետեւանքներուն վրայ աւելցաւ նոր ցաւ մը: Հալէպն ու հալէպահայութիւնը կրկին թիրախ են` այս անգամ բնութեան կողմէ հարուածուելով:

Նիւթական մեծ կորուստներէն առաջ, կան մարդկային զոհեր, որոնց թիւերը օրըստօրէ կ՛աւելնան: Երկրաշարժին պատճառած վնասները սաստկացուցին արդէն գոյութիւն ունեցող տնտեսական եւ ընկերային տագնապները:

Դժնդակ պայմաններու մէջ ապրող Սուրիան եւ սուրիահայութիւնը կը շարունակեն պայքարիլ: Այս բոլորին կողքին, անգամ մը եւս համաշխարհային զօրաշարժի մէջ ենք ազգովին: Արցախի աւելի քան 60 օրերու շրջափակումը եւ արցախցի մեր հայրենակիցներու յամառօրէն պայքարիլը եղած է եւ կը շարունակէ մնալ միշտ մեր մտահոգութեան կիզակէտը, իսկ յաճախ` պայքարի եւ անկոտրում կամքի ներշնչարան:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը իր աշխարհատարած կառոյցներով եւ անդամներով իր բողոքի եւ դատապարտումի ձայնը կը բարձրացնէ Հայաստանը Արցախին կապող միջանցքը փակուելուն առնչութեամբ` վստահ ըլլալով, որ հայ ժողովուրդի վաղեմի թշնամիները, որոնք առիթ չեն փախցներ կատարելու իրենց երազը` ջնջել հայութիւնն ու Հայաստանը, պիտի ձախողին անպայման: Հայ ժողովուրդը կառչած է իր հողին. սփիւռքը թիկունքն է արցախահայութեան եւ հայոց աշխարհին:

Սուրիոյ հայ գաղութին եւ հայրենակիցներուն մեր անվերապահ աջակցութիւնը կը տրամադրենք եւ վստահ ենք, որ մեր հայրենակիցները տոկալով նաեւ այս դժուարութեան` ոտքի պիտի կանգնին եւ դարձեալ պիտի շարունակեն իրենց բնականոն կեանքն ու աշխոյժ գործունէութիւնը: Արհաւիրքը մեծ է եւ վնասները բազմազան, սակայն հայու կամքը պիտի կարենայ յաղթահարել այս բոլորը:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.