Համշէնահայերէն քերականութեան մասին նոր հրատարակութիւն
«Բացի Պոլսոյ բարբառէն եւ արեւմտահայերէնէն, հայերէնի նուազագոյն երեք բարբառներ դեռ կը խօսուին Թուրքիոյ մէջ։
Արթվինի Հոփա եւ Պորչքա գաւառներու 23 գիւղերը եւ անոնցմէ ձուլուած ներքին սփիւռքը կը խօսի համշէներէն։
Անտիյոքի Սամանտաղ գաւառի Վաքըֆլը գիւղը եւ հոնկէ ձուլուած քանի մը հարիւր հոգի կը խօսին Քեսապի (Մուսա Լերան, խմբ. «Եռագոյն»ի) բարբառով։
Նուազ ծանօթ է Չանքըրըյէն դէպի Ամասիա եւ Արթվին երկարող ընդարձակ տարածքի մը վրայ «փոշա» կամ «լոմ» կոչուած քոչւոր ժողովուրդի բարբառը։ Այս երեք լեզուներն ալ կորուստեան շեմին են։ Երեքն ալ իրարու հետ հաղորդակցելու կարելիութիւն չունենալու աստիճան օտարացած են եւ բացի սիրողական մակարդակով քանի մը ուսումնասիրութիւններէ երեքն ալ չեն ստուգուած։ Մեր բարեկամ Հուրիյէ Շահին այս պայմաններու տակ ձեռնարկած է հսկայական գործի մը։ Առանձինն կրցած է պատրաստել համշէնահայերէնի կատարեալ քերականութիւն մը։
Արեւմուտքի մէջ արդի լեզուագիտութիւնը նման բնոյթի աշխատութիւններով ծաղկած է։ Բազմահազար լեզուագէտներ տքնաջան աշխատութիւնով ուսումնասիրած են քիչ ծանօթ խումբերու լեզուները։ Եթէ ապագային Թուրքիոյ մէջ ալ լեզուաբանութիւն կոչեալ գիտութիւն մը ծաղկի, այդ գիտութեան առաջին օրինակները եկած պիտի ըլլան Հուրիյէ Շահինի նմաններուն աշխատութիւնով»։
Սեւան Նշանեան՝ ահա այս տողերով կը բնութագրէ եւ կ՚ողջունէ նորատիպ այն աշխատութիւնը, որ ձօնուած է համշէնահայերէնի քերականութեան եւ հազիւ վերջերս մուտք գործած գրախանութներու մէջ։
Հուրիյէ Շահին իբրեւ մանկավարժ երկար ու տքնաջան աշխատանքով յաջողած է գլուխ հանել այս ուսումնասիրութիւնը, որ իր տեսակին մէջ եզակի է։ Նախ եւ առաջ այդ լեզուն օգտագործող համշէնցիներ բաւական երկար վարանած էին իրենց արտնի լեզուին արժէք մը ներկայացնելու խնդրին մէջ։ Այդ է պատճառը, որ ժամանակի հոլովոյթով նուազած էր լեզուի գործածութիւնը եւ նոր սերունդները ընդհանրապէս հեռացած էին իրենց մայրենիէն։ Միւս կողմէ սակայն գրական գետնի վրայ լեզուն վերջերս կ՚արժանանար որոշ ուշադրութեան։ Այդ է պատճառը, որ «Արաս» հրատարակչատունը հրատարակած էր Մահիր Էօզքանի «Համշէնի հեքեաթներ»ը, իր բնագիրով եւ հայերէն տարբերակով։
Միաժամանակ կը հրատարակուի «Կոր» պարբերականը, որ իր կարգին կը փորձէ ընդլայնել Համշէնի բարբառի գոյատեւումը։ Բոլոր այս յատկութիւններով ողջունելի գործ մըն է, որ լոյս աշխարհ կու գայ շնորհիւ Հուրիյէ Շահինի։
«Ակօս»