Հաղորդագրութիւն Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի

Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին, 5-7 Դեկտեմբեր 2019-ին, Երեւանի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնէն ներս, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական-Ուսանողական 27 միութիւններու մասնակցութեամբ գումարուած եռօրեայ համահայկական խորհրդաժողովը աւարտեց իր աշխատանքները:

Խորհրդաժողովին հիմնական նպատակն էր քննել եւ հաստատել երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու վերամշակուած հայեցակարգը, ռազմավարութիւնն ու գործառոյթները:

Խորհրդաժողովը իր օրակարգերուն վրայ քննարկեց Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ Սփիւռքի երիտասարդութեան առնչուած հարցերը եւ կատարեց հետեւեալ հաստատումները.

Հայաստանի ներկայ իրավիճակը կը յատկանշուի ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ ի յայտ եկող բազմաթիւ զարգացումներով եւ մարտահրաւէրներով: Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Ուսանողական Միութիւնները յանձնառու են՝ հզօր, ժողովրդավար, ընկերվար եւ ազգային արժէքներ կրող հայրենի պետականութեան կերտման գործին:

Այս ծիրէն ներս Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Ուսանողական Միութիւնները շեշտը պիտի դնեն ընկերվարական բնոյթի ծրագիրներուն, ընկերային արդարութեան, բնապահպանական եւ այլ ընկերա-տնտեսական բնոյթի հարցերու վրայ:

Խոր մտահոգութիւն յայտնելով Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին առնչութեամբ, ժողովը հաստատեց, որ այս նպատակներու հետապնդումը ներկայ հակադաշնակցական պայքարի պայմաններուն մէջ առաւել լարումով կ՛ընթանայ: Անցնող շաբաթներուն Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան երկրի քաղաքական դաշտին վրայ իրականացուցած աշխատանքները՝ լաւագոյն ապացոյցներն են այս ուղղութեամբ:

Արցախեան ազատագրական պայքարի յաղթական աւարտը ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի ծիրէն ներս, Հայաստանի եւ հայութեան իտէալներու իրականացման նախապայմանն է: Հ.Յ.Դ. երիտասարդութիւնը իր անվերապահ մասնակցութիւնը կը բերէ այդ պայքարի յառաջընթացի բոլոր ոլորտներէն ներս:

Թրքական պետութեան կողմէ մեր արդար իրաւունքներու հատուցման հարցը պիտի շարունակէ իշխող մնալ հայ երիտասարդութեան օրակարգին վրայ: Պիտի մղենք երիտասարդութիւնը, որպէսզի Արեւմտահայաստանը ոչ միայն մեր պատմական հայրենիքը համարէ, այլեւ գրաւուած հայրենիքը, որուն ազատագրման նկատմամբ հաւատքը պիտի մնայ աներեր: Այս շրջագիծէն ներս կարեւոր վերաբերմունքի պիտի արժանանայ 1920-ին կնքուած Սեւրի դաշնագրին եւ ԱՄՆի նախագահ Ուիլսընի իրաւարարական վճռին հարիւրամեակի նշումը 2020-ին:

Հ.Յ.Դ. երիտասարդական միաւորները յանձնառու են հայակերտման միտուած ճիգերով՝ նպաստելու Սփիւռքի համայնքներու հզօրացման: Երիտասարդութեան կողմէ ի գործ պիտի դրուին ջանքեր, որպէսզի Սփիւռքի վերակենսաւորման օրակարգը դառնայ տիրական: Յատուկ ուշադրութեան արժանի է Միջին Արեւելքի հայ երիտասարդութիւնը, որ տարածաշրջանի դժնդակ պայմաններուն բերումով կը դիմագրաւէ մեծածաւալ մարտահրաւէրներ:

Ջաւախքի հայեցի դիմագիծը պահպանելու համար պարտինք սատարել ջաւախահայութեան անհատական ու հաւաքական իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ՝ օժանդակենք որպէսզի ջաւախահայութեան ընդհանրապէս եւ անոր երիտասարդութեան մասնաւորապէս ծաւալած աշխատանքները նոր թափ ստանան:

Հիմնուելով նախադրեալ ռազմավարական ուղղութիւններուն վրայ՝ խորհրդաժողովը նաեւ հանգամանօրէն անդրադարձաւ ՀՅԴ Երիտասարդական Գրասենեակի կողմէ պատրաստուած դաստիարակչական, «Դէպի Երկիր», ուսանողական, արտաքին յարաբերական եւ քարոզչական ոլորտներու վերաբերող ծրագիրներուն:

Խորհրդաժողովը հաստատեց հետեւեալ կէտերը.

ա.-Շեշտը դնել գաղափարական, քաղաքականացած, կարգապահ եւ քննական միտք ունեցող երիտասարդութիւն պատրաստելու վրայ: Ժողովը յայտնեց իր ընդվզումը Հ.Յ.Դ. Նիկոլ Աղբալեան Ուսանողական Միութեան կարգ մը նախկին անդամներու անկարգապահ եւ կասկածելի ընթացքին համար, որ խոտոր կը համեմատի մեր ամրապինդ կառոյցի գաղափարական հիմքերուն հետ:

բ.-Ստեղծել յաւելեալ առիթներ, որպէսզի Հ.Յ.Դ. երիտասարդութիւնը Հայաստանի, Արցախի, Արեւմտահայաստանի եւ Ջաւախքի մէջ զանազան տեսակի աշխատանքներ, ուխտագնացութիւններ, գործուղումներ, համախմբումներ եւ վարժողական ծրագիրներ իրականացնէ:

գ.-Վերահաստատել Հ.Յ.Դ. Ուսանողական միութիւններուն համալսարանական շրջանակներու մէջ Հ.Յ.Դ. քաղաքական նպատակները ներկայացնողի եւ կուսակցութեան համար մտաւոր ներհոսք ապահովողի կարեւոր դերերը. քաջ գիտակցելով որ յառաջադէմ ուսանողութեան համախմբողի առաքելութիւնը ազգային նպատակներու իրականացումին մէջ էական բաժին ունի:

դ.-Պատրաստել քաղաքական-յարաբերական գործի ատակ մարդուժ եւ կազմաւորել միջազգային ու տեղական քաղաքական-յարաբերական աշխատանքներու մէջ հմտութիւն ունեցող երիտասարդներ‎: Բարձրացնել նաեւ համաշխարհային երիտասարդական հարթակներու վրայ Հայ դատի եւ միջազգային այժմէական հիմնախնդիրներ (մարդկային տարրական իրաւունքներու ոտնակոխում, ընկերային անհաւասարութիւն, կանանց նկատմամբ անիրաւութիւն, կենսլորտի ապականում, բնական հարստութիւններու անհաւասար բաշխում, աղքատութեան դէմ պայքար):

ե.- Ճիշդ օգտագործել զանգուածային լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերը որպէս կարեւոր միջոց Հ.Յ.Դ. երիտասարդականի եւ ուսանողականի նպատակներն ու գործունէութիւնը երիտասարդութեան ներկայացնելու համար: Հ.Յ.Դ. երիտասարդականն ու ուսանողականը ամէն ջանք պէտք է գործադրեն կուսակցութեան որոշումներուն համահունչ արդիական, գրաւիչ, հետեւողական ու ներգործող քարոզչութիւն կատարելու համար:

Երեք օրերու ընթացքին 18 երկիրներէ հայրենիք ժամանած երիտասարդները վերոնշեալ քննարկումներու եւ հաստատումներու կողքին՝ ներկայացուցին իրենց աշխատանքային զեկոյցները, փոխանակեցին իրենց փորձառութիւնները եւ զիրենք միացնող գաղափարական դաստիարակութեամբ ստեղծեցին ընկերական հարազատ մթնոլորտ, որուն ջերմութիւնը իրենց հետ պիտի տանին իրենց երկիրները:

ԵՐԵՒԱՆ՝ 7 ԴԵՄՏԵՄԲԵՐ 2019
Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.