Հալէպի հայկական վարժարանները վերսկսան իրենց ուսումնական ընթացքը

16 Դեկտեմբեր 2024-ին, Հալէպի հայկական վարժարանները կանոնաւոր դասաւանդութեամբ սկսան իրենց ընթացքը։
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէնուհի Զեփիւռ Րէիսեան «Գանձասար»-ին յայտնեց, որ աշակերտները ներկայ են, բացականեր գրեթէ չկան, իսկ ուսուցչական եւ վարչական կազմերը անցած են իրենց աշխատանքին։ Դասաւանդութիւնը սկսած է կանոնաւոր ձեւով։

Հալէպի Կրթասիրաց-Սարգիս Չէմպէրճեան Երկրդ. վարժարանը եւս բացաւ իր դռները։
Վարժարանի տնօրէն Անդրանիկ Պօղոսեան «Գանձասար»-ին յայտնեց, որ աշակերտութիւնն ու ուսուցչական կազմը, ինչպէս նաեւ վարչական պաշտօնեաները ներկայ են, ուսումնական առաջին օրը սկսած են աղօթքով եւ շարունակած դասաւանդութիւնը բնականոն կերպով։
«Մեր զաւակները վերադարձան մեր գիրկը, մեր դպրոցը։ Այս փուլին, կը մաղթենք, որ Սուրիան խաղաղի եւ ժողովուրդը ձեռք-ձեռքի, բոլորիս մասնակցութեամբ լծուի երկրի վերականգնումի աշխատանքին», եզրափակեց Պօղոսեան։

Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, Երկուշաբթի, 16 Դեկտեմբեր 2024-ին Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական վարժարանի մանկապարտէզ, նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու դասաւանդութիւնները բնականոն ընթացքով սկսան։ Ուսուցիչները գրկաբաց դիմաւորեցին աշակերտները։

Երկուշաբթի, 16 Դեկտեմբեր 2024_ի առաւօտեան Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանը վերստին բացաւ դռները եւ դիմաւորեց իր սիրելի աշակերտները վարժարանի շրջափակէն ներս, ներկայութեամբ՝ հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին։
Տնօրէնուհի Նայիրի Քէօշկէրեան_ Բանոյեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց, որուն ընդմէջէն անդրադարձաւ թէ բոլորս տագնապալի օրեր եւ ժամեր անցընելէ ետք, Աստուծոյ նախախնամութեամբ դարձեալ վերադարձանք մեր սիրելի վարժարանը՝ շարունակելու մեր ուսումնական ընթացքը, ինչպէս նաեւ պատուիրեց աշակերտները, որ լաւապէս պատրաստեն իրենց դասերը, որպէսզի հետագային դառնան պատուաբեր հայորդիներ, ապա մաղթեց բոլորին ապահով, անփորձանք, խաղաղ եւ երջանիկ օրեր։

 

Comments are closed.