Հալէպահայութեան համար
Հալէպահայութիւնը հերթական անգամ կ՛ապրի ճգնաժամային օրեր: Շրջանի կացութիւն յղի է անկանխատեսելի զարգացումներով եւ ուղղակի ազդեցութեան տակն է շրջանային զարգացումներուն, որուն դերակատարները Միջին Արեւելքի մէջ կը հետապնդեն բաւական յաւակնոտ քարտէսային փոփոխութեան ծրագիրներ: Այս իրադրութեանց ընդհանուր հոլովոյթին մէջ տակաւին կանուխ է ամբողջական պատկերացում կազմել գալիքի մասին եւ յատկապէս կարելի չէ կանխատեսել թէ ի՞նչ արդիւնքի կրնայ յանգիլ յատկապէս Սուրիոյ կացութիւնը: Ապագայի այս անորոշութիւնը ամէնամտահոգիչն է:
Հետեւաբար, վերադառնալով հայկական օրակարգին, հիմնականը այս հանգրուանին հալէպահայութեան եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեան անվտանգութիւնն է եւ անոր գոյերթի շարունակութիւնը: Այս դիտանկիւնէն անշուշտ համայնքի ղեկավարութիւնն է, որ կրնայ ճիշդ ուղղութիւն տալ այս գործօնին, ինչպէս որ այս ծանր պարտականութիւնը արժանավայել կերպով կատարեց Սուրիոյ տագնապի ամբողջ ընթացքին, միաժամանակ ամրագրելով վճռակամութեան եւ տոկունութեան կարեւոր փաստ մը եւ արժանացաւ հայաշխարհի զօրակցութեան: Վերջին շրջանին համայնքի հաւաքական կեանքի ապրած աշխուժութիւնը բաւարար ցուցանիշ է այս հաստատումին:
Թեմի առաջնորդ Մակար Սրբազանի կոչը կը մնայ հիմնական ուղենիշ եւ այդ կոչի մէջ տեղ գտած վերնագիրներուն մէջ պէտք է դիտարկել հալէպահայութեան այսօրուան իրավիճակը եւ անկէ բխող ակնկալելիքները: Հետեւաբար, հեռուէն կատարուող մեկնաբանութիւնները, ոչ մէկ ձեւով այս հանգրուանին կը նպաստեն տագնապի լուծման, որովհետեւ իրադարձութիւններուն մօտէն հետեւողը եւ հողին վրայ գտնուողը կրնայ գործնական ու իրապաշտ որոշումներով համայնքին տիրութիւն կատարել: Ինչպէս անցնող տարիներուն, ներկայիս նաեւ հայաշխարհը իր զօրակցութեան պատրաստակամութեամբ՝ անհրաժեշտ է, որ վառ պահէ համայնքի մօտ նոյն այդ հաստատակամութիւնը եւ դժուարութիւններու յաղթայարման ու շրջանցման առաքելութիւնը:
Մաղթենք, որ այս սեւ ամպն ալ արագ վերանայ հալէպահայութեան երկնակամարէն եւ ան շարունակէ իր պատմական դերակատարութիւնը:
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Comments are closed.