Կրնան մեր մուտքը արգիլել Հայաստան, բայց չեն կրնար արգիլել Հայաստանը կրել մեր սրտերուն մէջ, որովհետեւ Հայաստանը մեր մէ՛ջն է. Մ. Փափազեան

Ստորեւ կը ներկայացնենք Յունուար 21-ին Մոնթրէալի մէջ կայացած ՀՅԴ-ի 132-րդ ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի խօսքը.

Յարգելի՛ ընկերներ, միշտ հաճելի է հանդիպիլ ձեզի այստեղ, չնայած հանգամանքներուն: Կ’ըսեմ՝ չնայած հանգամանքներուն, քանի աւելի քան երկու տարիէ ի վեր, 44-օրեայ պատերազմէն ետք, հայաշխարհը կ’ապրի մղձաւանջ. պատերազմի մղձաւանջը, պարտութեան մղձաւանջը, յանձնումի մղձաւանջը, Արցախի մէկ մասի զիջումին մղձաւանջը, Հայաստանի թուլացման մղձաւանջը, Հայաստանի եւ սփիւռքի բաժանումին մղձաւանջը, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բացումի հեռանկարին մղձաւանջը։

Երկու տարուան ընթացքին, 2018-2020 թուականներուն, Հայաստանի կառավարութիւնը կորսնցուց այն, ինչ ձեռք բերած էր 1990-ականներու Արցախի մարտիկներուն կողմէ քրտինքով, արիւնով եւ հսկայական զոհաբերութիւններու գնով, եւ հետագային պահպանուած՝ նոյնպէս մեծ զոհաբերութեամբ մեր քաջարի զինուորներուն:

Երկու տարուան ընթացքին ան յաջողեցաւ վատթարացնել յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ, սակայն ան կը ցանկայ բարելաւել յարաբերութիւնները Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ, Թուրքիոյ կողմէ մշակուած փոխըմբռնումի յուշագիրի ստորագրումի գնով, որ կը նախատեսէ երեք հիմնական պայմաններ.

Ա.- Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը:

Բ.- Ատրպէյճանի տարածքի ամբողջականութեան ճանաչում (Արցախը կցուած):

Գ.- Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը (բռնագրաւուած հայկական տարածքներով)։

Եթէ Նիկոլ Փաշինեան ընդունի, ապա Հայաստան եւ Թուրքիա դիւանագիտական, քաղաքական եւ առեւտրային համագործակցութեան համաձայնագրեր պիտի ստորագրեն։ Իսկ առաւելագոյնը երեք տարուան կարճ ժամանակահատուածի ընթացքին Հայաստանի տնտեսութեան զգալի մասը Թուրքիոյ ենթակայ պիտի ըլլայ՝ թրքամէտ կարգ մը ընկերութիւններու միջոցաւ։

Հայաստանը շատ փոքր երկիր է։ Տնտեսապէս գերիշխելը անոր ակնյայտ նպատակ է թուրք կառավարութեան կողմէ։ Այսօրուան աշխարհին մէջ, ան որ կը գերիշխէ տնտեսութեան, կը գերիշխէ նաեւ քաղաքական դաշտին։

Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի համար չափազանց անբարենպաստ պայմաններու մէջ է, որ մենք այսօր կը նշենք ՀՅԴ-ի 132-րդ տարեդարձը: Զայրոյթով լի են այս անգամ մեր հոգիները.

Մենք զայրացած ենք Նիկոլ Փաշինեանէն, որովհետեւ երբ ան եկաւ իշխանութեան, Հայաստանը մտաւ պատերազմի մէջ, մինչդեռ այս պատերազմը երբեք պէտք չէր տեղի ունենար։

Փաշինեան շատ լաւ գիտէր, որ Ատրպէյճան երկար տարիներէ ի վեր կը զինուէր եւ պատերազմի կը պատրաստուէր։

Ան գիտէր, որ Ռուսաստանի երկու տարի մարտահրաւէր նետելով՝ 2018-2020 թուականներուն, Ռուսաստանը պիտի հրաժարի Հայաստանէն։ Եւ այն, ինչ կ’ակնկալուէր տեղի ունենալ՝ իրականութիւն դարձաւ:

Մենք զայրացած ենք, քանի Հայաստանի մէջ իշխանութեան եկող կառավարութեան միակ մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ երկրին եւ բնակչութեան անվտանգութեան ապահովումը, Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը։

Այնուամենայնիւ, ի սկզբանէ պարզ էր, որ փորձելով Հայաստանի մէջ ստեղծել հակառուսական վարչակարգ, ի՛նչ ալ որ ըլլան մեր կարծիքները Ռուսաստանի մասին, պատասխանատուութիւնը հանդէպ մեր հայրենիքի անվտանգութեան՝ պէտք է յանգեցնէ դաշինքի յարգումին այն միակ իշխանութեան հետ, որ ի վիճակի է ապահովելու զայն։ Կը կրկնեմ, ի՛նչ ալ մտածենք Ռուսաստանի մասին։ Եթէ նոր իշխանութիւնը նպատակ ունի չեղարկել դաշինքները, ան պէտք է հաստատապէս երաշխաւորէ, որ այլընտրանքը աւելի լաւն է իր ժողովուրդին համար:

Բայց ո՞րն է այլընտրանքը Հայաստանի համար, որ արեւմուտքէն սահմանակից է Թուրքիոյ, արեւելքէն՝ Ատրպէյճանի, իսկ հիւսիսէն՝ Վրաստանի, որ ռազմավարական դաշինքով կապուած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ։

Մենք զայրացած ենք, քանի պատերազմը հրահրելէ ետք, Հայաստանի ղեկավարը չէ ստանձնած իր պարտականութիւնները։

Ի՛նքն էր ղեկավարը պատերազմին, ի՛նքն էր, որ շատ քիչ թիւով արհեստավարժ բանակ ուղարկեց պատերազմի, ի՛նքն էր, որ պատերազմի ճակատ ուղարկեց զինուորական ծառայութիւն կատարող 18 տարեկան ժամկէտային զինուորը։ Ի՛նքն էր, որ ուղարկեց առանց ռումբերու ինքնաթիռներ, ի՛նք մերժեց, որ մեր ընկերները, որոնք ազատագրած էին Շուշին, պաշտպանեն Շուշին։

Իսկ Ատրպէյճանի կողմէ Շուշիի գրաւումը եղաւ պատերազմի շրջադարձային կէտը։

Ան չէր զգուշացուցած միջազգային հանրութիւնը, ան պատերազմի ամբողջ ընթացքին յուսադրող էր՝ հաւաստիացնելով, որ իրավիճակը Հայաստանի օգտին է։

Մենք զայրացած ենք, քանի Փաշինեան Հայաստանի ժողովուրդը բաժնած է սեւերու եւ սպիտակներու, ժողովուրդի եւ ընտրանիներու, ներսի հայերու եւ դուրսէն եկածներու։

Մենք զայրացած ենք, քանի ան վարած է սփիւռքը պառակտելու քաղաքականութիւն՝ լիազօրելով եւ միջոցներ տրամադրելով այնպիսի կազմակերպութիւններու, որոնց ղեկավարները ոչ մէկ օրինականութիւն կը վայելեն սփիւռքի ղեկը իրենց ձեռքը առնելու։

Սփիւռքի գերագոյն յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի վտանգաւոր դերը դատապարտելի է, եւ մենք կը դատապարտենք զայն։ Մենք բոլորս նկատեցինք Հայաստան-սփիւռք հանդիպումի ձախողութիւնը, զոր ան կազմակերպած էր քանի մը շաբաթ առաջ, Երեւանի մէջ։ Նկատառելի էր բացակայութիւնը պատմական սփիւռքի կազմակերպութիւններու եւ անձնաւորութիւններու, որոնք երկար տարիներ ապացուցած են իրենց նուիրուածութիւնը. երկու կաթողիկոսներու պոյքոթը, որոնք հրաժարած են իշխանութեան կողմէ լարուած թակարդին մէջ իյնալ: Այս բոլորը ապացոյցներ են Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ կազմակերպուած կերպով ճեղք ստեղծելու ճիգերուն:

Մենք զայրացած ենք, քանի Հայաստանի իշխանութիւններու այս քաղաքականութեան հետեւանքով թուլցած են Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները:

Ո՞րն է Հայաստանի միակ հարստութիւնը, սիրելի՛ ընկերներ. Հայաստանը ծով չունի, Հայաստանը բնական հարստութիւններ չունի, բայց Հայաստանը բախտաւոր է, որ ունի սփիւռք։ Իսկ սփիւռքը Հայաստանի ծովն է։ Սփիւռքը Հայաստանի հարստութիւնն է։

Տասնամեակներ շարունակ սփիւռքը զօրաշարժի ենթարկուած է յօգուտ Հայաստանի եւ Արցախի, սփիւռքը զօրաշարժի ենթարկուած է իր բոլոր միջոցներով, սփիւռքը իր ողջ ուժով կռուած է Հայաստանի համար։

Բայց այս պարագային ալ Փաշինեան սփիւռք չ’ուզեր։

Սփիւռք կ’ուզէ, եթէ ան իր հսկողութեան տակ ըլլայ։

Ան հնազանդ սփիւռք կ’ուզէ։

Մենք զայրացած ենք, որովհետեւ անհեթեթութեան գագաթնակէտը մենք զգացինք, ես այդ զգացի, երբ Յուլիս 13-ին Հայաստան հասնելով, ինծի թոյլ չտուին մուտք գործել Հայաստան, զիս վտարեցին եւ համարեցին անցանկալի անձ։

Այդ պահուն ես մտածեցի 1992 թուականի Յունիսի 29-ին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանի դէմ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ ձեռնարկուած վտարումին մասին:

Մտածեցի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուի յայտարարութիւններուն մասին, որ Յուլիսի 3-ին՝ 10 օր առաջ, ըսած էր, որ սփիւռքը խոչընդոտ է հայ-թրքական յարաբերութիւններու իրականացման գործին մէջ։

Մտածեցի քանի մը օր առաջ Էրտողանի եւ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցին մասին։ Ես յիշեցի այն գիրքին մասին, զոր գրած էի Էրտողանի վարչակարգին մասին։

Եւ ես մտածեցի հայ ժողովուրդին անբախտութեան մասին, որ իր առաջնորդը այս փոքր անձնաւորութիւնն է, որուն մտահոգութիւնը բացարձակապէս Հայաստանի եւ հայ ազգի ամրապնդումը չէ: Հայաստան իմ մուտքը արգիլելը ակնյայտօրէն հիմնուած է ոչ թէ իրաւական հիմքերու, այլ քաղաքական տարաձայնութիւններու վրայ։ Նիկոլ Փաշինեան, որ իշխանութեան եկաւ ժողովրդավարութեան եւ ազատութիւններու դրօշը ծածանելով, խախտեց եւ դեռ կը շարունակէ խախտել ժողովրդավարութեան եւ ազատութիւններու տարրական սկզբունքները։

Մենք զայրացած ենք, քանի այն ժամանակ, երբ Ատրպէյճան 40 օրէ ի վեր Արցախի դէմ կիրառած է մարդասպան շրջափակում, Հայաստանի վարչապետը ակնյայտօրէն ձգած է Արցախը իր ճակատագրին։

Այսպիսով, այո՛, սիրելի՛ ընկերներ, մենք որոշած ենք պայքարը շարունակել յօգուտ Հայաստանի եւ Արցախի, Հայաստանի՛ սիրոյն. քանի մեզի կրնան արգիլել վերադառնալ Հայաստան, բայց չեն կրնար արգիլել Հայաստանը կրել մեր սրտերուն մէջ, որովհետեւ Հայաստանը մեր մէ՛ջն է։

Մենք զայրացած ենք, քանի Հայաստանի իշխանութիւնները Հայաստանի մէջ ճնշումի քաղաքականութիւն կը վարեն մեր ընկերներուն դէմ՝ խուզարկութիւններով, ձերբակալութիւններով եւ բանտարկութեամբ։

ՀՅԴ-ն կը շարունակէ իր պայքարը Հայաստանի, Հայաստանի ժողովուրդի, Արցախի եւ սփիւռքի ժողովուրդին համար: Եւ մենք մեր ողջ ուժով կ’ընդդիմանանք Արցախը Ատրպէյճանին զիջելու Փաշինեանի արտայայտած ցանկութեան։

Որովհետեւ Արցախը հայկական է։

Մենք երկար տարիներ վանկարկած ենք. «Ղարաբաղը մերն է»:

Որովհետեւ Ղարաբաղի 120,000 հայերը չեն կրնար պատկերացնել իրենց ապագան Ատրպէյճանի մէջ։ Ատրպէյճան, որ ջարդած է արցախահայութիւնը, խոշտանգած ու պատանդ առած զանոնք. Ղարաբաղի հայերը կը յիշեն այդ բոլորը եւ վերջերս մէկ բռունցք դարձած են՝ ո՛չ ըսելու իրենց հողերը թշնամիին զիջելու Փաշինեանի ցանկութեան։

Աշխարհի մէջ կա՞յ արդեօք հայ մը, որ համաձայն է Փաշինեանին հետ՝ հրաժարելու Արցախէն։

Եւ մենք նաեւ մեր ողջ ուժով կը հակադրուինք Հայաստանի վարչապետի կամքին, որ թոյլ կու տայ Թուրքիոյ՝ գերիշխելու Հայաստանի եւ հայ ազգի վրայ։ Որովհետեւ, մի՛ սխալիք, Թուրքիա Հայաստանի հետ խաղաղութիւն չ’ուզեր, Թուրքիա կը ցանկայ շարունակել հայ ժողովուրդը ոչնչացնելու իր նախագիծը:

Աշխարհի մէջ կա՞յ հայ մը, որ համաձայն է Հայաստանի մէջ Թուրքիոյ գերակշռութեան։

Եւ մենք, վերջապէս, մեր ողջ ուժով կը հակադրուինք նաեւ Հայաստանի հարաւը գտնւող միջանցքի նախագիծին, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ, փանթուրանականութեան տանող ճանապարհին։ Փան-թուրանականութիւնը, որ Թուրքիոյ վարդապետութիւնն էր, այս վարդապետութիւնը, որ ղեկավարած էր ցեղասպանութեան կազմակերպումը 1915 թուականին:

Աշխարհի մէջ կա՞յ հայ մը, որ կը ցանկայ խթանել փան-թուրանականութիւնը:

Յարգելի՛ ընկերներ, դեռ ոչինչ կորած է։

Այս այն ուղերձն է, որ ես կ’ուզեմ ձեզի յղել այս երեկոյ. ոչի՛նչ կորած է։

Մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որպէսզի Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը ոտքի ելլեն, վերականգնեն իրենց արժանապատուութիւնն ու ուժը։

Այո՛, մենք զայրացած ենք, սակայն եկէք միասին յուսահատութեան այս զայրոյթը վերածենք յոյսի զայրոյթի: Յոյսը պահենք։

Եկէք զօրաշարժի մէջ մնանք։ ՀՅԴ-ն, ճի՛շդ է, կը հակադրուի Արցախի եւ Հայաստանի այս ծրագրաւորուած աւարտին:

Մենք դեռ չենք յաջողած համոզել Հայաստանի ժողովուրդը, բայց մենք պիտի յաջողինք։

Մենք դեռ չենք յաջողած զօրաշարժի ենթարկել բոլոր ուժերը՝ ընդդիմանալու Նիկոլ Փաշինեանի քաղաքականութեան, որ կ’առաջնորդէ դէպի հայ ազգի կորուստը։

Բայց մենք պիտի յաջողինք։

Սիրելի՛ բարեկամներ, սիրելի՛ ընկերներ, Դաշնակցութիւնը իրաւունք չունի հրաժարելու պայքարէն, դաշնակցական ընկերները իրաւունք չունին հիասթափուելու։ Մենք առաքելութիւն ունինք, մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որպէսզի կազմակերպենք մեր ժողովուրդի վերկանգնումը եւ մենք պիտի յաջողինք:

Ամբողջ աշխարհով մէկ, մէկ բռունցք դարձած, պէտք է շարունակենք պայքարը Հայաստանի ժողովուրդի, Արցախի ժողովուրդի, Հայաստանի եւ Արցախի համար։

Այո՛, ես կ’ուզեմ ձեզի ըսել՝ մինչեւ վերջ.

Կեցցէ՛ Հայաստանը.

Կեցցէ՛ հայկական Արցախը,

Կեցցէ՛ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի միասնականութիւնը։

 

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.