Կրնա՞ս Մայրենիդ Կորսնցնել

Մարուշ Երամեան
Հարցումը կրնայ շատ հռետորական թուիլ, մանաւանդ Միջին Արեւելքի գաղութներու հայերուս համար: Փաստօրէն սակայն բոլորս ալ ականատես կ’ըլլանք իր մայրենին կորսնցնող-կորսնցուցած սերունդներու, արեւմտեան կողմն աշխարհի: Այդ ցաւը դարմանելու համար Սփիւռքի հին եւ կարեւոր Միութիւններէն մին նոյնիսկ հայերէնը լատինատառով սորվեցնելու ծայրայեղ միջոցին դիմած է:
Բայց հարցումը կը մնայ՝ կրնա՞ս մայրենիդ կորսնցնել, մանաւանդ երբ որպէս սաղմ լսեր ես այդ լեզուով աղօթող մօրդ ձայնը:
Այնպէս կ’երեւի, թէ այլ ազգեր եւս նոյն վտանգին տակ են, որովհետեւ գերմանուհի Սոֆի Հարտա կը գրէ այս մասին բաւական մանրամասն կերպով, եւ հարց կու տայ.
-Երկար տարիներ հեռու ապրելով հայրենիքէն, կրնանք «մոռնալ» մեր մայրենին:
-Բայց այս երեւոյթը յստակ գործընթաց մը չէ:
– Թէ ինչո՞ւ, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս կը կորսնցնենք մեր մայրենի լեզուն, բարդ եւ հակա-բնազդային իրողութիւն մըն է:
-Պայման չէ որ երկար ատեն հեռացած ըլլանք մեր երկրէն. կը բաւէ որ կապ ունենանք այլ լեզուի մը հետ:
-Երբ կը սկսինք նոր լեզու մը սորվիլ, մայրենին եւ նորը կը սկսին մրցիլ իրարու հետ, կ’ըսէ Մոնիքա  Շմիթ, Էսսէքսի համալսարանի լեզուաբաններէն մին:
-Մինչեւ 12 տարեկան, փոքրերուն ուղեղը շատ ճկուն է եւ յարմարող եւ մինչեւ այդ տարիքը փոքրիկները դիւրաւ կրնան մոռնալ իրենց մայրենին, եթէ հեռանան հայրենիքէն:
-Նոյնը  չէ մեծերու պարագային, որոնք հազիւ թէ մոռնան իրենց մայրենին, բացի ծայրայեղ պաարագաներու մէջ:
Գերմանացիներ, որոնք Համաշխարհային Բ. պատերազմին հեռացած են երկրէն, մոռացութեան տուած են լեզուն. «Կարծես Գերմանիան դաւաճանեց ինծի. հիմա Ամերիկան է իմ երկիրս եւ անգլերէնը՝ իմ լեզուս»:
Հետաքրքրական է սակայն, որ ճիշդ հակառակը տեղի ունեցած է Համաշխարհային Ա. պատերազմին, Ջարդի օրերուն, գաղթական հայերուն համար. անոնք ոչ միայն չեն մոռցած, այլեւ աւելի մեծ կիրքով փարած են իրենց լեզուին, զայն մոռնալու վախէն սարսափած:
-Նոյն լեզուն խօսող երկրացիներուն հետ յարաբերութիւնը կրնայ հարցերը բարդացնել, որովհետեւ քիչ մղօններ կան մէկ լեզուով հաղորդակցելու, երբ բոլորն ալ երկու լեզուները գիտեն: Արդիւնքը՝ խառնածին լեզու մը:
-Մէկ լեզուէն միւսը անցնիլը անշուշտ մոռնալ չի նշանակեր:
-Շատերու համար մայրենին սերտօրէն առնչուած է մեր ներքին, խորունկ ինքնութեան, յուշերուն եւ անձի գիտակցութեան, ինչպէս հայերուն, գոնէ նախկին սերունդի հայերուն համար:
Մայրենի լեզուն ընդհանրապէս բոլորին համար ալ սերտօրէն առնչուած է ներքին, խորունկ ինքնութեան, անհատական յուշերու եւ անձին գիտակցութեան, իսկ հայերուն, մասնաւորաբար սփիւռքահայերուն համար, որոնք կորսնցուցած են հողը, լեզուի եւ ինքնութեան կապը շատ աւելի էական եւ զօրաւոր կը դառնայ:
Այսօր սակայն, գոնէ կարգ մը գաղութներու մէջ, «ներքին, խորունկ ինքնութիւն»ը եթէ ոչ անհասկնալի, ապա անտեղի եւ անօգուտ բան մըն է, մանաւանդ բան մը, որ ըստ իրենց, բնաւ չի կապուիր լեզուին:
Բայց եթէ չի կապուիր լեզուին, ո՞ւր է ուրեմն այն վայրը, ուր ինքնութիւնը ինքզինք կը մտածէ, հետեւաբար նաեւ կ’արտայայտէ. մանաւա՛նդ կ’արտայայտէ:
Ասիկա հարցադրում մըն է, որ եթէ մտածուած է, բայց ձեւաբանուած չէ, հետեւաբար ամէն անգամ որ կը հնչէ, լսողները նոր կը սկսին մտածել անոր մասին:
Սակայն երրորդ բաղադրիչ մը եւս կայ այս խնդիրին մէջ՝ կենսաձեւը. որովհետեւ այս երեքը՝ ինքնութիւն-լեզու-կենսաձեւ, տեղ մը առնչուած են իրարու, անտեսանելի բայց սերտ կապերով, որոնք երբ անջատուին, թերեւս շփոթ յառաջացնեն, բան մը որ իր կարգին կ’արգիլէ լեզուին տիրապետումը:
Բայց յուսադրիչ է իմանալը, որ, լեզուաբանի մը դիտանկիւնով եւ հաստատումով, «լեզուն գէշ գիտնալու» հարց չի կրնար ըլլալ:
Ջարդերուն ամենէն թէժ օրերուն, կարգ մը հայեր, միսիոնարներուն օգնութեամբ կրցած էին ազատիլ եւ Ամերիկա հասնիլ. անոնցմէ որոշ թիւ մը անմիջապէս հեռացած էր հայութենէն, շատ արագ որդեգրած էր տեղական լեզուն եւ կենսաձեւը այնքան, որ անոնց զաւակները շատ ուշ, յաճախ ծնողին (մանաւանդ հօր) մահէն ետք միայն իմացած են իրենց հայ ըլլալը:
Շատ խօսուած է իսլամացած հայերու, թուրքերու եւ քիւրտերու հետ ստիպողաբար ամուսնացած եւ, եթէ ոչ ինքնութիւնը, ապա լեզուն մոռցած աղջիկներու եւ կիներու մասին. սակայն Ամերիկայի տարածքին ինքնակամ կերպով հայութենէն հեռացած հայերու մասին գրեթէ ոչինչ գիտենք:
Յստակ է, որ այս հայերուն համար, լեզուն անխզելիօրէն կը կապուի յիշատակներուն, եւ որովհետեւ այդ յիշատակները վերապրելու համար ՇԱՏ դժխեմ են, զանոնք դուրս կը դնեն իրենց էութենէն, եւ անզգալաբար – որովհետեւ կապուած են իրարու – լեզուն եւս դուրս կու գայ եւ մոռացութեան կը տրուի:
Ցայտուն օրինակ մըն է ամերիկահայ նշանաւոր բանաստեղծ-արձակագիր Փիթըր Պալաքեանը, որ խօսելով իր բանաստեղծի սկիզբներուն մասին, կը պատմէ.
«Այս պատմութիւնը չէր խօսուած իմ ընտանիքիս մէջ (ակնարկելով Ջարդին եւ Տեղահանութեան). պահուած էր ծածկոցի տակ. իրականութեան մէջ ասիկա լռուած պատմութիւն մըն էր: Մօրենական մեծ մայրս, որ ինծի համար հոգեւոր առաջնորդ մը եղած է, մահուան  ճամբաներէն վերապրած մը եղած է: Կորսնցուցեր է իր ամբողջ ընտանիքը, բացի փոքրիկ երկու դուստրերէն: Սերած է կերպասի եւ մետաքսի վաճառականութեամբ զբաղող ընտանիքէ մը, Օսմանական պետութեան հարաւ-արեւելքէն՝ Տիարպէքիրէն, այսօր պատմական Հայաստանի մէջ»:
«Մեծ մօրս պատմութիւնը իմացած եմ փշրանքներով, որոնք գլխուս մէջ կարծես կը պարէին երբ փոքր էի եւ չէի հասկնար թէ ի՛նչ ընեմ անոնցմով: Պարզապէս պահ տուած եմ այդ բոլոր մանրամասնութիւնները, եւ հասուննալէ ետք, երբ սկսայ մտածել կեանքի, պատմութեան, մշակոյթի եւ ընտանիքի մասին, այդ մանրամասնութիւնները խուժեցին միտքիս եւ ազդեցին լեզուիս եւ քերթողութեանս վրայ: Քերթուածներուս մէջ մեծ մայրս սկսաւ յայտնուիլ որպէս տիպար, ձայն եւ ուրուական …»:
Անշուշտ գիտենք, որ Փիթըր Պալաքեան, եղբօրորդին նշանաւոր Գրիգոր Ծ. Վրդ. Պալաքեանի, հեղինակը «Հայ Գողգոթան» երկհատոր յուշերուն … հայերէն չի գիտեր, չէ սորված, իր ընտանիքին մէջ չէ խօսուած այդ լեզուով. բայց ինք, իր երկու նոյնքան նշանաւոր հօրաքոյրներուն՝ Նոնա Պալաքեանի եւ Աննա Պալաքեանի հետ (երկուքն ալ դասախօս եղած են Նիւ Եորքի համալսարանին մէջ), երբե՛ք չ’ուրանար իր հայկական ծնունդը, ընդհակառակաը, հայկական արմատները յաճախ կ’երեւին իր քերթողութեան մէջ:
Լեզուի հարցը կը շարունակէ մնալ թէժ, իր գլխաւոր երկու բաժիններով.
-Մայրենի լեզուին կարեւորութիւնը անհատին կեանքին մէջ.
-Լեզուին պայմանական չըլլալը անհատին ինքնութիւնը սահմանելու մէջ:
Բայց ի վերջոյ մայրենի լեզուին տիրապետելու եւ զայն առօրեայի լեզուն դարձնելու հարցը – գոնէ ընտանիքին մէջ – կը մնայ ընտրութեան հարց:
Մխիթարականը այն է, որ այսօր շատ այլ ազգեր եւս, ստիպողաբար կամ ընտրութեամբ հեռացած իրենց հայրենիքէն, կը դիմագրաւեն ճիշդ այն հարցերը, որոնք մեզի, մանաւանդ սփոիւռքահայերուս համար դարձած են հարց:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.