ԿՈՉ Արտասահմանի Լիբանանահայերուն. Արձանագրուեցէ՛ք Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Համար
Լիբանանի կառավարութեան որոշումով յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 6 մայիս 2018-ին:
Յարատեւ եւ երկար աշխատանքէ ետք, առաջին անգամ ըլլալով որոշում կայացած է, որ արտասահման ապրող բոլոր լիբանանցիները պիտի կարենան իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարել իրենց բնակութեան վայրերուն մէջ կամ ամէնէն մօտակայ շրջաններուն մէջ եւ քուէարկել յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն:
Առ այդ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարարութեան որոշումով մինչեւ 20 նոյեմբեր պիտի կատարուի ելեկտրոնային արձանագրութիւն եւ այդ ճամբով ապահովուի արտերկրի լիբանանցիներու իրաւունքը քուէարկութեան օրը:
Կարեւորութեամբ կը նշենք, որ համամասնական ընտրական նոր օրէնքը լայն առիթ կը ստեղծէ բարելաւելու համար Լիբանանի հայութեան իրաւ ու ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը:
Լիբանանի թէ արտասահմանի իւրաքանչիւր հայու քուէն հիմնական է յառաջիկայ ընտրութիւններուն մեր յաջողութիւններուն` համայնքային իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր:
Լիբանանի հայութեան ուժը, ո՛ւժն է համայն հայութեան:
Ինչպէս անցեալին, այսօր եւս ժամանակն է ցոյց տալու այս ուժը:
Մինչեւ 20 նոյեմբեր ժամանակ ունինք:
Շտապեցէ՛ք եւ արձանագրուեցէ՛ք:
https://diasporavote.mfa.gov.lb/
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ