ԿՈՉ՝ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ

Սիրելի գանատահայեր,

Ապրիլ ամիսը մեզ կը միաւորէ յիշելու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ վերանորոգելու մեր հաւաքական յանձնառութիւնը՝ շարունակելու արդարութեան պահանջը։

Այս յիշողութիւնը միայն անցեալի մասին չէ։ Այսօր ալ մեր ժողովուրդը կը շարունակէ դիմագրաւել անարդարութիւն եւ բռնութիւն, ինչպէս ցոյց տուաւ Արցախի հայութեան բռնի տեղահանումը։ Այս ոճիրը եւս կը վկայէ, որ մեր պայքարը դեռ աւարտած չէ, եւ որ լռութիւնը միայն կը խրախուսէ նման անիրաւութիւններու կրկնութիւնը։

Մենք՝ իբրեւ համայնք, պարտաւոր ենք աւելի բարձր եւ աւելի միասնական ձայնով պաշտպանել մեր ազգային իրաւունքները։ Մեր ուժը մեր միասնութեան մէջ է, եւ մեր նահատակներուն յիշատակը մեզ կը կոչէ ոչ միայն յիշելու, այլ նաեւ պահանջելու եւ գործելու։

Այս յանձնառութեամբ կը հրաւիրենք ձեզ մասնակցելու ձեր բնակած քաղաքներուն մէջ կազմակերպուած Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումի ձեռնարկներուն՝ միասին վերահաստատելու համար մեր հաւաքական կամքը։

Արդարութիւնը կը պահանջուի, ոչ թէ կը սպասուի։ Կը յիշենք, կը պահանջենք, եւ կը շարունակենք պայքարը։

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ