Կիրօ Մանոյեան. «Ասիկա Հարց Մըն Է, Որ Ական Է Պետութեան Տակ»
Երէկ արցախեան շարժման 31-րդ տարեդարձի օրն էր: Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը արցախեան շարժման տարեդարձին առիթով յայտարարութիւն տարածած էր, որուն մէջ շնորհաւորանքէն ետք նշած էր. «Ներքաղաքական ու աշխարհաքաղաքական բարդ վերիվայրումներու պատճառով իշխանութեան եկած մարդիկ շարունակ ուժգին հարուածներ կը հասցնեն Հայաստանի եւ Արցախի պետականութեան հիմքերուն»:
«Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան նշեց. «Զինք ալ կարելի է հասկնալ, Ռ. Քոչարեանը այս շարժումին ակունքներուն կանգնած մարդ է, եւ հիմա բանտն է, իր կարծիքով` ամէն ինչ քաղաքական նպատակներով կը կատարուի, ինչ որ իմաստով հասկնալի է, վստահաբար առանց կիսելու անոր տեսակէտը»:
«Ամիսներ առաջ մենք յայտարարութեամբ հանդէս եկած ենք, դրամի բաժինով մեղադրանքը հանած, միւս մասը կրնայ մեկնաբանուիլ իբրեւ քաղաքական նպատակներով կատարուող քայլ: Քաղաքական մթնոլորտ ստեղծուած է. իրականութեան մէջ հարց է, թէ այս ձեւով խնդիրին մօտենալը որքանո՛վ պիտի ծառայէ նպատակին, եթէ իսկապէս նպատակը Մարտի 1-ի գործը բացայայտելն է: Մենք Մարտի 1-ի բացայայտման մեծ կարեւորութիւն կու տանք… Մեր խնդիրը Քոչարեանի պաշտպանութիւնը չէ, մեր խնդիրը այն է, որ արդարադատութիւն ըլլայ եւ չըլլայ այնպիսի գործընթաց, որ մեր երկիրը խայտառակ ըլլայ…», ընդգծեց Կիրօ Մանոյեան:
Մանոյեան աւելցուց. «Հիմա մարդիկ կան, որ կ՛ըսեն` ձգանը քաշողը չէ, որ անպայման պատասխանատու է, այլ հրամանը արձակողը, եթէ այդ հրամանը արձակողը գտնուի, աւելի արդիւնաւէտ է, քան ըսել, որ սահմանադրական կարգը տապալուած է, որովհետեւ եթէ սահմանադրական կարգը տապալուած է, կը նշանակէ, որ 23 փետրուար 2008-էն ետք մինչեւ այսօր ինչ որ եղած է մեր պետութեան մէջ, ներառեալ վերջին քաղաքական գործընթացները, բոլորը Սահմանադրութեան դէմ են. ո՞ւր կանգ առաւ սահմանադրական կարգի տապալումը. Քոչարեանի պաշտօնավարման ժամկէտի աւարտո՞վ. ասիկա հարց մըն է, որ ական է պետութեան հիմքերուն տակ: Նպատակը եթէ Մարտի 1-ի բացայայտումն է, բացայայտեցէ՛ք…»: