Կիպրոսի Խորհրդարանը Ընդունած Է Ազրպէյճանը Դատապարտող Բանաձեւ

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէն և ՀՅԴ Հայ Դատի Կիպրոսի Յանձնախումբը, նկատի ունենալով Լաչինի միջանցքի փակումը և Հայաստանի նկատմամբ ազրպէյճանական շարունակական սադրանքները, գործակցելով կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչին հետ, ինչպէս նաեւ Արցախի բարեկամներու շրջանակին հետ, խորհրդարանի քննարկման ներկայացուցած է Ազրպէյճանը դատապարտող բանաձեւ։

Ներկայացուած բանաձեւը 6 Ապրիլին քննարկուած է խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին եւ միաձայնութեամբ ընդունուած։ Բանաձեւը Ազրպէյճանի դատապարտման զուգահեռ, վերջինս կը յորդորէ անմիջապէս բանալ միջանցքը։

ՀՅԴ Հայ Դատի Կիպրոսի Յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Կիպրոսի խորհրդարանական կուսակցութիւններուն եւ կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը՝ շարունակելու Հայաստանի ու Արցախի միջազգային շահերու պաշտպանութեան առնչուող աշխատանքները։

Յանձնախումբը հաւատացած է, որ համազգային ջանքերու միաւորմամբ եւ միջազգային հանրութեան տարբեր շրջանակներու աջակցութեան ապահովմամբ կարելի կը դառնայ յաղթահարել թուրք-ազրպէյճանական ծաւալապաշտական նկրտումներն ու աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրները։

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

7 Ապրիլ 2023

Comments are closed.