Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
- (0)

Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, «Կիլիկիա» վերլուծական հարթակի հերթական առցանց նիստը կայացաւ ուրբաթ, 6 յունիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Ժողովը նախ լսեց զեկուցում Պեռնի մէջ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման նուիրուած համագումարին մասին: Խօսուեցաւ Զուիցերիոյ մէջ Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան համար առնուած տարբեր նախաձեռնութիւններու մասին. յատկապէս ընդգծուեցաւ խորհրդարանական յանձնախումբի կազմութիւնը, որ երկխօսութեան կոչ կ՛ուղղէ Արցախի ու Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն: Այս շրջածիրին մէջ վերահաստատուեցաւ Արցախի պետական հաստատութիւններու գործունէութիւնը շարունակելու իրաւական նշանակութեան կարեւորութիւնը:
Ժողովի քննարկման յաջորդ օրակարգի կէտը կը վերաբերէր վեհափառ հայրապետին Յունաստան տուած հովուապետական-պաշտօնական այցելութեան եւ այդ առիթով Յունաստանի վարչապետին ու պաշտպանութեան նախարարին հետ կայացած հանդիպումներուն, որոնք առիթ եղած են արծարծելու տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը: Վարչապետը եւ նախարարը յատուկ շեշտով անդրադարձած են տարբեր ուղղութիւններով Թուրքիոյ ներկայացուցած վտանգներուն:
Ժողովականները խոր մտահոգութիւն արձանագրեցին Հայաստանի մէջ բարձրաստիճան եկեղեցականներու նկատմամբ պետութեան իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հրապարակած հարցերուն պատճառով ստեղծուած մթնոլորտին մասին: Անընդունելի նկատուեցաւ հարցերու այս ձեւով բարձրացումն ու արծարծումը, որոնք չեն առաջնորդեր լուծումներու, այլ կը ստեղծեն ներհասարակական լարուածութիւն:
«Կիլիկիա» վերլուծական հարթակը նաեւ արձանագրեց, որ հրատարակուած է հարթակի նախաձեռնութեամբ նախորդ տարի կազմակերպուած գիտաժողովի հաւաքածոն, որ կը վերաբերի Ազրպէյճանի կողմէ գործադրուած Արցախի ցեղասպանութեան: Մասնագիտական նիւթերը ուղեցոյց են Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր իրաւաքաղաքական աշխատանքներուն համար: