Կեղծիքի Բացայայտում. Իբր Թէ Պաքուի Հայերը Պատգամ Յղած Են Կաթողիկոսին

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Քանի մը ատրպէյճանական կայքեր յայտնեցին, որ Ատրպէյճանի մէջ հայերը անցեալ Հոկտեմբերին` Արցախեան պատերազմի ընթացքին, պատգամ յղած են «Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, աշխարհի հայերուն եւ Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերուն»:

Ատրպէյճանական կայքերէն մէկը՝ Report News Agency-ն, պնդած էր, որ Ատրպէյճանի մէջ «տասնեակ հազարաւոր հայերու խումբ մը ստորագրած է այդ պատգամը»: Միայն այս մէկ նախադասութենէն կարելի է եզրակացնել, որ այս տեղեկատուութիւնը կատարեալ սուտ է, որովհետեւ Պաքուի մէջ «տասնեակ հազարաւոր հայեր» չկան: 1988ին եւ 1990ին ատրպէյճանական ամբոխին կողմէ Սումգայիթի, Պաքուի եւ Ատրպէյճանի այլ վայրերու մէջ հայերու դաժան ջարդերէն ետք, ողջ մնացած գրեթէ բոլոր հայերը փախան այդ երկրէն՝ իրենց կեանքը փրկելու համար: Ատրպէյճանի մէջ մնացած քանի մը հայերը անոնք են, որոնք ամուսնացած են ատրպէյճանցիներու հետ: Անընդհատ ապրելով վախի մէջ՝ անոնք կ՛օգտագործեն ատրպէյճանական անուններ՝ իրենց իսկական ինքնութիւնը քօղարկելու համար:

Ես երկու անգամ փորձեցի պարզել, թէ այս նամակը իսկակա՞ն է արդեօք, կամ՝ կեղծ: Նախ, դիմեցի ատրպէյճանական կայքերէն մէկուն, որ յղում ըրած էր այդ նամակին՝ խնդրելով նամակին լուսապատճէնը: Կ՛ուզէի տեսնել, թէ քանի՞ հոգի ստորագրած է զայն, եւ՝ անոնց անունները: Ատրպէյճանական կայքը, որ, ամենայն հաւանականութեամբ, նիւթապէս կը հովանաւորուի Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ, պատասխանեց, թէ իրենք ի վիճակի չեն «մանրակրկիտ քննութիւն իրականացնելու»: Միակ տեղը, ուր յայտնուած է կեղծ նամակին ամբողջական գրութիւնը, եղած է Armenia.az ատրպէյճանական կայքը, որ շարունակաբար կը տեղադրէ հարիւրաւոր հակահայկական յօդուածներ՝ հայերէնով եւ ռուսերէնով: Այս յօդուածները կը գրեն ատրպէյճանցիներ, որոնք նախապէս ապրած են Հայաստան եւ լաւապէս կը տիրապետեն հայերէնի:

Նամակը ճշդելու յաջորդ փորձս Հայաստանի մէջ ենթադրեալ ստացողի՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական բաժինին հետ էր: Կաթողիկոսութիւնը տեղեակ չէր իսկ նման նամակ մը ստացած ըլլալէն՝ նշելով, որ ատիկա հաւանաբար Պաքուի սովորական յերիւրանքներէն մէկն է:

Ընթերցողները զուարճացնելու համար, հոս ներկայացուած են հատուածներ նշեալ հայկական կեղծ նամակէն՝ տեղադրուած 9 Հոկտեմբեր 2020ին, ատրպէյճանական Armenia.az կայքին վրայ:

«Այսօր Ատրպէյճանի մէջ կ՛ապրին տասնեակ հազարաւոր հայեր: Այս երկրին մէջ բոլոր մարդոց նկատմամբ, անկախ կրօնքէն կամ ցեղէն, նոյն ձեւով կը վերաբերին: Ամէն ոք այս երկրին մէջ կ՛օգտուի՝ Ատրպէյճանի սահմանադրութեամբ քաղաքացիներուն ներկայացուած նոյն իրաւունքներէն»: Նամակի այս առաջին երկու նախադասութիւններուն մէջ կայ երկու ակնյայտ սուտ. «Ատրպէյճանի մէջ կ՛ապրին տասնեակ հազարաւոր հայեր», եւ անոնց հետ «կը վերաբերին այնպէս», ինչպէս կը վերաբերին Ատրպէյճանի միւս բոլոր քաղաքացիներուն հետ:

Ենթադրեալ հայ նամակագիրները իբրեւ թէ դիմած են Գարեգին Բ. կաթողիկոսին՝ օգտագործելու համար իր «հեղինակութիւնը եւ ուժը՝ Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանի բռնագրաւման քաղաքականութեան դադրեցման եւ բռնագրաւուած ատրպէյճանական հողերը իրենց տէրերուն վերադարձնելու ուղղութեամբ… Աջակցութիւն ցոյց տալու անարդար արիւնահեղութիւնը կանխելու հարցով»: Ո՛չ մէկ իսկական հայ այսպիսի յայտարարութիւն կ՛ընէր, բացի եթէ անոր կեանքին վտանգ սպառնայ:

Այնուհետեւ, նամակին մէջ կը դիմեն «աշխարհի հայերուն եւ հայկական զանազան լոպիներուն՝ իրենց աջակցութիւնը կեդրոնացնելու համար նամակին վրայ, որպէսզի մարդիկ ապրին խաղաղ պայմաններու մէջ»՝ պնդելով, որ Ատրպէյճանի Գեանջա (Գանձակ) քաղաքին մէջ Գարինա Գրիգորեան անունով հայուհի մը ծանր վիրաւորուած է հայկական ռմբակոծութեան ընթացքին։ Դժուա՛ր է հաւատալ, թէ նման հայ կին մը բնակի Գանձակի մէջ: Մէկ բան հաստա՛տ է. Ատրպէյճանի մէջ ոչ մէկ հայ կ՛ունենայ այդքան ակնյայտ հայկական անուն: Հայկական անուններով անձեր, որոնք կ՛ապրէին Ատրպէյճան, կա՛մ սպաննուած են, կա՛մ փախած են երկրէն մօտաւորապէս 30 տարի առաջ:

Նամակին մէջ կը շարունակուի այն պնդումը, որ Ատրպէյճան «հակա-ահաբեկչական գործողութիւններ կը կատարէ միայն իր տարածքին մէջ, բռնագրաւումէ ազատագրել ուզելով իր պատմական հողերը»: Ատրպէյճանի համար կեղծաւորութեան գագաթնակէտն է պնդել, որ ինք կը պայքարի ահաբեկչութեան դէմ, անցեալ տարուան պատերազմին ընթացքին քանի մը հազար սուրիացի իսլամական ահաբեկիչներ Արցախի դէմ կռուելու համար բերելէն ետք:

Ապա նամակը կոչով կը դիմէր «Ղարաբաղի (Արցախի) հայերուն», այն կեղծ պնդումով, թէ «30 տարի առաջ դուք երջանիկ էիք Ատրպէյճանի հողերուն վրայ, ուր հիմա կ՛ապրիք: Ձեր նիւթական բարեկեցութիւնը բարձր էր, ձեր բոլոր իրաւունքները պաշտպանուած էին, որովհետեւ Ատրպէյճանը մեր նկատմամբ միշտ վերաբերած է իբրեւ իր քաղաքացիները: Իսկ այժմ Հայաստանի ստուերային ղեկավարութիւնը ձեզ վերածած է սեփական խաղերու զոհի: Մենք շատ կ՛ափսոսանք ասոր համար: Դուք նոյնպէս ունիք մարդու նման ապրելու իրաւունք եւ հնարաւորութիւն, բայց Հայաստանը ձեզ զրկած է այդ բոլորէն: Ուշքի եկէք՝ քանի դեռ ուշ չէ, եւ հրաժարեցէ՛ք այդ խաղին մէջ գործիք դառնալէ: Ատրպէյճանը կը պաշտպանէ ձեր բոլոր իրաւունքները, որոնց շարքին` նաեւ ձեր ապահովութիւնը: Մենք կը հանդիսանանք ասոր վառ օրինակը»:

Այս նամակին բովանդակութիւնը աւելի շատ կատակերգութեան կը նմանի, քան` հաւաստի պատգամի: Անոնք, որոնք յօրինած են այս նամակը, այնքան մոլորած են, որ կը կարծեն, թէ հայերը պիտի հաւատան այսպիսի ակնյայտ սուտերու:

Նամակը վերջապէս կոչով դիմած է հայ մայրերուն՝ ըսելով. «Մի՛ փակէք աչքերը Ատրպէյճանի հողերուն վրայ ինկած ձեր զաւակներու մահուան ի տես, որովհետեւ դուք զանոնք աշխարհ չբերիք, որ դառնան այս կամ այն ուժերու խաղերուն զոհերը»: Շատ յուզիչ է, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը, դիմակաւորուելով իբրեւ Պաքուի հայեր՝ այդքան հոգ կը տանէր հայ մայրերու եւ անոնց զաւակներու բարեկեցութեան…

Այս կոչին մէջ միակ լաւ բանը այն է, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը մեծ գումարներ կը վատնէ՝ այսպիսի անօգուտ նամակներ եւ կայքեր պատրաստելու համար, վճարելով ատրպէյճանցիներու, որոնք այլապէս գործազուրկ կ՛ըլլային: Ոչ մէկ հայ կը հաւատայ այս կեղծ լուրերու ո՛չ իսկ մէկ բառին: Լուրեր, որոնք կը յայտնուին Armenia.az (az՝ Ատրպէյճան) կայքին վրայ: Կ՛առաջարկեմ, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը ստեղծէ նաեւ հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի կայաններ՝ հայերէն հաղորդումներ հեռարձակելու համար՝ վատնելով աւելի եւս գումարներ, զորս իրենց ղեկավարները դեռ չեն թալանած…

Չեմ կարծեր, որ ասիկա Պաքուի հայերուն կողմէ եղած իսկական դիմում մըն է:

Այնուամենայնիւ, նոյնիսկ եթէ չնչին ճշմարտութիւն մը կայ յայտարարուած նամակին մէջ, ապա այդ կը նշանակէ, որ Ատրպէյճան որդեգրած է Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը՝ իր հայ եւ այլ փոքրամասնութիւններուն ստիպելով քարոզչական կեղծ յայտարարութիւններ տարածել՝ ծածկելու համար մարդկային իրաւունքներու իր կոպիտ խախտումները:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.