Կեանքէն հեռացաւ վաստակաւոր երաժիշտ եւ խմբավար Խորէն Մէյխանէճեանը

Ապրիլ 30-ին Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է երաժիշտ, խմբավար եւ յօրինող Խորէն Մէյխանէճեանը, որ անփոխարինելի վաստակ ներդրած է Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր երաժշտութեան բնագաւառէն ներս։

Ծնած է Հալէպ, Սուրիա, 1937-ին։ Ընտանիքին հետ Հայաստան տեղափոխուած է 1946-ին: 1956-1960 թուականներուն յաճախած է Սուրբ Էջմիածինի Հոգեւոր ճեմարանը։ Էջմիածնի հոգեւոր ճեմարանին մէջ իր դասընթացքներու աւարտէն ետք, Խորէն Մէյխանէճեան ընդունուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը, ուր աշակերտած է Թաթուլ Ալթունեանի: 1965 թուականին ստացած է երաժշտական ղեկավարութեան եւ խմբերգային երգեցողութեան մագիստրոսի աստիճանը: 1961-էն սկսեալ, երկրորդ խմբավարը եղած է Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբին, զոր կը ղեկավարէր Յովհաննէս Չեքիճեանը։

Խորէն Մէյխանէճեան իր գործունէութեան երեք տարի նուիրած է Խորէնեան պատարագի երգչախմբային եւ երգեհոնի նուագակցութեան յօրինման: 1984 թուականին Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի Սրբատառ կոնդակով պաշտօնապէս վաւերացուած է Խորէնեան Պատարագը եւ գործածութեան մէջ դրուած՝ հայ եկեղեցիներու մէջ։